Թերթիս Հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոգեկոչման առթիւ հազարաւոր մարդիկ ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի եւս հաւաքուեցան իր սպաննուած վայրը։ Այս տարուայ յիշատակման բանախօսն էր բեմադրիչ Էմին Ալփեր։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Էմին Ալփերի ելոյթը։
«Բարեւ սիրելի բարեկամներ,
Այսօր ճիշդ 16 տարի եղաւ։ Մեր սիրտերը կրկին յուսահատ են, կրկին գիտնալով որ արդարութիւնը չէ հաստատուած եւ ոճրագործներ աճեցնող խաւարը չէ անհետացած, թերեւս նոյնիսկ թանձարացած է՝ հո՛ս համախմբուեցանք, այն մայթին վրայ ուր անոր մարմինը երկնցաւ անձայնօրէն յաւիտենական քունի։
Հրանդ Տինքի սպանութեան վրայէն 16 տարիներ անցան։ Օսմանպէյի մայթերուն վրայ տապալող մեր բարեկամին վէրքը դեռ կ’արիւնի։ Արիւնը, իրարու դէմ դարձած ոտքերուն միջեւ բարակօրէն հոսելով իրեն ճամբայ մը կը բնտռէ։ Արօրեայ վազվզուկներով սպաուած մարդկանց խճողումին մէջ, իր ետեւէն ողբացող զայրացած բարեկամներուն քովէն, արդարութիւն պահանջողներուն կրնակ դարձած դատարաններուն դռներուն ստորեւ, ամէն գիշեր հանգստօրէն տուն վերադարձող չարակամութիւն եւ նախանձ լեցուն մարդկանց առջեւէն հոսելով, Քամբ Արմէնին աւերակներուն մէջէն դէպի իր ծննադավայրին, դէպի Մալաթիա, դէպի Անատոլեան հողեր ճամբայ մը կը փնտռէ։
Արեան այս բարակ հոսանքը իր ճամբան պիտի գտնէ՛։ Հրանդին արիւնը պիտի միանայ՝ այն նաւակին մէջի արիւնով որ կը տանէր Մուսթաֆա Սուփհի եւ ընկերները, այն կոտրուած ակնոցին վրայի արիւնով որ կը պատկանէր Սապահաթթին Ալիին, այն արիւնով որ Մուսա Անդէրին սպիտակ մազերէն ի վար կը հոսէր, 1915-ին Անատոլուի ամէն կողմէն կը հոսէր, 38-ին Տէրսիմի լեռներէն կը հոսէր, 55-ին Պոլսոյ մէջ խանութներուն կոտրուած ապակիներէն կը հոսէր, Մառաշ ու Սեբաստիայէն կը հոսէր։
Անոնք որոնք կը տեսնեն այս ճամբաները ինքնաբերաբար կ՚ըսեն. «Որքա՜ն արիւն հոսէր է»։ Մինչդեռ անոնց թիւը որքա՜ն քիչ էր։ Քիչ էին թիւով սակայն առատ էր արիւնահոսութիւնը։ Որովհետեւ այս հողերուն վրայ չարչարուելու համար միշտ բաւարար է փոքրաթիւ ըլլալ։ Ան որ փոքրաթիւ էր, միայն այս պատճառաւ անոր վրան մղուեցաւ մեծամասնութեան զայրոյթը։ Փոքրամասնութիւնները յայտարարեցին մեծամասնութեան ըսելով թէ «բազմաթիւ ու հզօր ըլլալով իրաւունք ունիս կը կարծես սակայն դուն չես կրցած քեզի նմանացնել զիս, որքան ատեն որ ես կը գոյատեւեմ, քու տիրապետութիւնդ երբեք լիակատար եւ անթերի պիտի չըլլայ»։ Ահաւասիկ այս պատճառով է որ մեծամասնութիւնը կ’ատէ փոքրամասնութիւնը։ Կը ջանայ զայն անտեսանելի դարձնել, անձայնացնել, աքսորել, փախցնել, լիովին ոչնչացնել։
Իրեն գլուխը եկած փորձանքներուն համար պատասխանատու համարուիլ մեծամասնութեան դժգոհութիւն պատճառեց։ Քանի որ մեծամասնութեան սխալիլը անկարելի էր, ուրեմն այս բոլոր փորձանքներուն պատճառը միշտ պէտք էր ըլլար փոքրամասնութիւն մը։ Փոքրամասնութիւն ըսել, սպառնալիք ըսել էր։ Անոնք բացարձակապէս կամ գաղտնապէս թշնամիներուն գործընկերներն էին։ Անոնք պոչաւոր էին, անոնց սարքած մատաղը չէր ուտուեր, անոնցմէ հիւանդութիւններ կը տարածուէր, մեր երախաները անոնք կը յափշտակէին, մեր երկիրը արտասահման կը գանգատէին, մեր հողերուն վրայ աչք դրած էին, մեզի կը բաժնէին, լրտես էին, դաւաճան էին եւ մեր թշնամիներուն հետ աշխատակից էին։
Մեծամասնութիւնը փափաքեցաւ ոչնչանցնել փոքրամասնութիւնը, որովհետեւ ան անպաշտպան էր։ Մարդկութեան համար նախընտրելի է իր բոլոր նախանձը, ատելիութիւնն ու զայրոյթը ուղղել ամենէն անպաշտպան առարկային, քան թէ իր բուն նպատակին։ Անպաշտպանները չարչարել շահելի էր որովհետեւ ոճրագործերուն համար պատժուելու հաւանականութիւնը շատ տկար էր։ Մարդ էակը իր տնօրէնին հանդէպ, իրեն տիրապետող իշխանութեան հանդէպ, իրեն ճնշող զօրաւորին հանդէպ, կեանքի դժուարութիւններուն եւ աղէտներուն հանդէպ որքան անձայն, ճակատագրապաշտ եւ վախկոտ կը վարուի, այնքան ալ կը խստանայ փոքրամասնութեան դէմ։ Որովհետեւ գաղտնաբար գիտէ թէ անպաշտպան փոքրամասնութեան մը դէմ գործուած բռնութիւն մը անպատիժ պիտի մնայ։ Եւ ձեռնհասներ...։ Անոնք ալ մեծամասնութիւնը կատղեցուցին երեւակայական թշնամիներու հանդէպ, որպէսզի հասարակութեան զայրոյթը իրենց դէմ չուղղուի։ Ձեռնհասներ կազմակերպեցին, տնօրինեցին, աջակցեցան ու ոճրագործերուն երդում ըրին թէ իրենց յանցանքը անպատիժ պիտի մնայ։
Այս պատմութիւնը միայն մեր հողերուն չէր պատկաներ, այլ համայն մարդկութեան։ Կոտորածներ, ողբերգութիւններ, աքսորներ, ջարդեր եւ ցեղասպանութիւններ աշխարհի գրեթէ բոլոր հողամասերուն վրայ, ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ կրկնուեցաւ ու կրկնուեցաւ։ Մեծամասնութիւնը ատեց փոքրամասնութեան։ Բայց մեծագոյն ատելութիւնն ցոյց տուաւ անոնց որոնք կը խօսէին ի յանուն փոքրամասնութիւններուն, կը պաշտպանէին ապրիլ իբրեւ հաւասար ու ազատ քաղաքացիներ, ոչ թէ անհպելիներ, իրենց դէմ կատարուած բոլոր յանցանքները անվախօրէն կը պատմէին իրենց ոճրագործներուն երեսը։ Ահաւասիկ Հրանդ Տինքն ալ այս պատմութեան անզսպելի տիպարներէն մէկն էր։ Կարելի չէր որ իրեն հանդուրժէին, որովհետեւ ան առանց խռովելու անկեղծութեամբ կը խօսէր, առանց թշնամանալու թշնամութիւնը կ’ատէր, առանց կռուելու կը յաջողէր անզիջող մնալ, քաջասիրտ էր քանզի ուրիշ ձեւ մը չէր գիտեր, առանց պոռալու կը ցնցէր, ան կը դողացնէր իր դպչած ամէն մէկ սիրտը։ Ան ո՛չ թէ միայն հայերու համար կը պայքարէր, այլ բորոր ճնշուածներու, բոլոր անլսելի դարձածներու համար պայքարող ընկերվարական մըն էր։ Գրիգոր Զոհրապին շարաւիղն էր ան։ Կարելի չէր որ հանդուժէին այս ձայնին։ Եւ մեծամասնութեան ըմբռնողականութեան անունով յանցանք գործողներ 16 տարի առաջ զայն հո՛ս սպաննեցին։
Մարդկային պատմութիւնը այսպէս սկսաւ ու շարունակեց սակայն այսպէս վերջանալու պարտաւոր չէ։ Այս պատմութիւնը կրնանք փոխել եւ փոխելու պարտաւոր ենք։ Եթէ արդարութիւն կը ցանկանք, Հրանդը սպանողներուն, միայն ոճրագործերուն չէ սպառնացողներուն ալ, միայն սպառնացողներուն չէ թիրախ ցցնողներուն, կատղեցնողներուն ալ, թշնամութեան եւ ատելութեան հունտեր ցանողներուն ալ պատժուիլը կ՚ուզենք։ Միայն Հրանդին արիւնը չէ որ մեր մէջ կը հոսի, այլ այս հողերուն վրայ ջարդուած հազարաւոր մարդկանց արեան համար պարտաւոր ենք այս պատմութիւնը փոխելու։ Այս պատմութիւնը վերստին գրելու համար միանալու, մեծամասնութեան եւ կառավարութեան բռնութեան դէմ միասնաբար, եղբայրաբար պայքարելու պարտաւոր ենք։ Անպաշտպան պիտի չըլլանք՝ երբ իր ամուսնոյն կամ սիրահարին կողմէ արիւնախանձութեամբ սպաննուած կինը մինակ չէ, երբ վարկաբեկուող ու անմեղօրէն դատապարտուող սուրիացին կամ քիւրտը մինակ չէ, երբ ջարդուած հայը, խտրութեան ենթարկուող գնչուն մինակ չէ, երբ իրենց կեանքը ազատօրէն վայելել փափաքող «LGBTİ» շարժումին անդամները մինակ չեն։ Մեզմէ որեւէ մէկուն հանդէպ գործադրուելիք բռնութեան հաշիւը հարցնելու պատրաստ ենք։
Մարդկային պատմութիւնը փոխուելու պարտաւոր է եւ մենք զայն պիտի փոխենք։ Նախ միանալով ու համագործակցելով, յետոյ մեր խօսքը մեծամասնութեան ուղղելով։ Պիտի ձայնենք անոր. «Դուն առանց մեզմով ուրախ չես, այլ մեզմով ուրախ ես»։ Մենք քեզի համար ատելի օտարներ չենք, մենք քու հարստութիւնդ ենք։ Ատելութիւնդ միայն մեզի չէ որ կը փճացնէ, այլ դուն ալ կը ոչնչանաս։ Այս դրութիւնը որուն մէջ զօրաւորը կը ճնշէ տկարին, մարդկային պատիւը ոտնի տակ կ՚առնուի, խտարականութիւն եւ զատորոշութիւն կը տիրապետէ։ Մենք չէ որ հաստատած ենք բայց միասնաբար մենք կրնանք զայն տակնուվրայ ընել։ Դիմացինդ թշնամի չէ, բարեկամ է։ Ամէն առաւօտ երբ արթննաս դիմացդ եղբայրդ պիտի տեսնես։ Անկէ ուժ առնելով, ցաւերով, արիւնով, վախ ու սարսափով, անարդարութեամբ սլանող ձեռնհասերուն, իրենց իշխանութիւնները պահելու համար անկեղծ մարդիկը իրարու դէմ առ դէմ կատղեցնողներուն «Կեցի՛ր» պիտի ըսես։ Միասնաբար ապրիլ ու թշնամութիւնը այս հողերուն տակը թաղել անկարելի չէ։
Օսմանպէյի մայթերէն Հոզադ, Հոզադէն Սասուն, Սասունէն Վան, Տիգրանակերտ երկարող արիւնոտ ճամբաները մինչեւ հորիզոն կը հասնին։ Օր մը յուշարձաններ պիտի կանգնեցնենք խաչմերուկներուն։ Ամէն մէկ զոհին պատմութիւնը պիտի սորվինք ու սուգը պիտի յարգենք։ Մարդկութեան պատմութիւնը այսպէս պիտի փոխենք։ Որովհետեւ մենք Հրանդին ընկերներն ենք եւ անոր երդում մը ըրինք։ Մեր երդումն է միասնաբար, հաւասար ու ազատ կեանք մը վայելել։ Հո՛ս ենք անգամ մը եւս յիշելու համար այն երդումը։ Հո՛ս ենք միաբերան գոչելու համար՝ «Ազգամոլութեան դէմ եղբայրս ես Հրանդ»։ Վաղը ինչպէ՞ս միաբերան «կին, ալեւի, քիւրտ, համասեռ, սեռափոխ» պիտի ըլլանք, այսօր ալ հպարտութեամբ, հաստատամտութեամբ եւ պատիւով «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Հայ ենք» պոռալու համար հո՛ս ենք։ Մատիտը պատմութիւնը արձանագրող մարդասպաններուն ձեռքէն առնելու, միասնաբար եղբայրութեան պատմութիւն մը գրելու համար հո՛ս ենք։
Ուրեմն անգամ մը եւս եւ միաբերան՝ «Ազգամոլութեան դէմ եղբայրս ես Հրանդ»։
19 Յունուարի Համար շարադրուած պատգամներէն մէկն ալ կը հասնէր Հրանդի ընկերներէն Պիրճան
Եորուլմազի գրիչով։
Հրանդի ընկերները՝ ողջո՜յն բոլորիդ։
Վերջին երկու տարի է որ կը բացակայիմ Հրանդը յիշատակած այս հրապարակէն։ Բայց գիտեմ թէ ամէն տարի նոյն յամառ կեցուածքով, նոյն յոյսով այստեղ, այս հրապարակին վրայ արդարութիւն վանկարկողներուն մէջ իմ նման ազատազրկուած Հրանդի բոլոր ընկերներուն ձայներն ալ կը հնչեն։ Հրանդի ընկերներէն ոեւէ մէկուն գտնուած վայրը մեր ձայնն ալ իր հետ է։
16 տարի է որ Հրանդը յիշատակելու պահուն կը պատմենք թէ ան բոլոր ժողովուրդներու հաւասար, ազատ, արդար ժողովրդավարական եւ խաղաղապաշտ համակեցութեան ջատագովն էր։
Այս տեղէն, այս հրապարակէն հաւասար, ազատ, արդար, ժողովրդավար եւ խաղաղասէր աշխարհի մը հաւատալուն համար գերավարուած Հրանդի բոլոր ընկերները կը բարեւեմ, կ՚ողջունեմ։ Օսմանին, Սելահատտինին, Չիղտեմին, բանտախցիկի ընկերներուս Փերվինին եւ Մերյեմին ու տակաւին անունը յիշելու դժուարացած անհամարներուն կը յայտնեմ թէ մօտ ապագային այս նոյն վայրի վրայ միասնաբար պիտի ոգեկոչենք Հրանդը եւ պիտի գոչենք «Այստեղ ենք աղբարիկ»։ Այստեղ ենք, թէ երեկ, թէ այսօր եւ թէ վաղը։
Չիղտեմ Մաթերի ուղերձը
Սիրելի Հրանդ Տինք,
Այս անգամ ինծի վիճակած է երկրի բոլոր արգելանոցներէն, բանտախցիկներէն քեզ յիշատակող մարդկանց ձայնը փոխանցելու պարտականութիւնը։
Հրանդ Տինքի սիրելի ընտանիքը, սիրելի ընկերները…։ «Սեպատ» շէնքի առջեւ 16-րդ անգամ յամառօրէն մէկտեղուած ենք։ Խնդրեմ ենթադրեցէք որ կամքէ անկախ բացակայողներս ալ այս պահուն ձեզի հետ ենք։
«Սեպատ» շէնքի առջեւ հաւաքուած այս զանգուածով միայն Հրանդ Տինքի յիշատակը չէ որ կը յարգենք, այլ երկրի հարիւրամեայ լռութիւնը կը փառատենք։ Գիտենք որ լռութիւնը յանցագործութեան մեղսակցութիւն կը նշանակէ։ Գրիգոր Զոհրապէն Կոմիտաս Վարդապետ, 24 Ապրիլ 1915-ին իրենց տուներէն ձերբակալուած կամ ամբողջ երկրի տարածքին ցեղասպանութեան ենթարկուած հայերուն, Թրաքիոյ վայրագութիւններէն Տէրսիմի ցեղասպանութեան, ունեւորութեան տուրքէն 6-7 Սեպտեմբերի կատաղութեան, 27 Մայիսի, 12 Մարտ, 12 Սեպտեմբերի անօրինութիւններէն Տիյարպեքիրի արգելանոցի տանջանքներէն Մամաքի զինտաններուն, Շաբաթօրեայ Մայրերէն Ռոպոսկիի զոհերուն եւ «Կէզի» զբօսայգիի դիմադրութեան…։
Սիրելի Ռաքէլ Տինքի պատմական հաստատումով «Մեզ վշտակից հարազատներու վերածող» չարագործութեան դէմ ահա դարձեալ միասին ենք։
Անհամար զոհուած մտաւորականներու յիշատակին պարտադրած պատասխանատուութիւնը շալկած եկած ենք հոս։ Ի՞նչ լաւ է որ ոչ միայն վշտով ու կսկիծով, այլ յոյսով ալ եկած ենք։ 19 Յունուար 2007-էն այս կողմ նոր սերունդներ ալ միացած են մեզի։ Առանց Հրանդ Տինքը անձամբ ճանչնալու անոր գրածները կարդացած, խօսքերը լսած եւ իւրացուցած երիտասարդներու հսկայ զանգուած մը։ Քանի մը տարի առաջ սիրելի Ֆիլիզ Ալի այդ զանգուածին նայելով ըսած էր՝ «Ահա հոս է յոյսը»։
Անցեալի հետ առերեսուելու, բոլորին արդար պահանջը դիմագրաւելու յոյսով հոս ենք։ Ոչ մէկ տեղ կ՚երթանք։ Յամառօրէն հոս ենք աղբարիկ։