ԱՐՄԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(Հետք)
Արցախի շրջափակման 41-րդ օրն է։ 120,000 մարդ կը կրէ տնտեսական, սոցիալական, հոգեբանական ու կենցաղային բազմաթիւ զրկանքներ։ 120,000-էն 4-ը՝ Թամարա Գրիգորեանը, Տաթեւ Ազիզեանը, Վիքթորիա Պետրոսեանն ու Արման Մարտիրոսեանը, կը ներկայացնեն շրջափակուած Արցախի մէկ օրը։
07։30, Ստեփանակերտ։ Թամարա Գրիգորեանը վերմակի տակէն զգուշօրէն կը հանէ ոտքը, սենեակի ջերմաստիճանը կը ստուգէ ու ոտքը հետ կը քաշէ հապճեպով։ Երկրորդ փորձին վեր կը կենայ, արագ շարժումներով բրդեայ բաճկոնը կը հագնի ու վառարանին կը մօտենայ։ Գիշերուայ ընթացքին փայտերն ածխացած են։ Թամարան ձեռքը կը վերցնէ սուրճի տարան, դգալը կ՚ընկի անուշաբոյր զանգուածի մէջ, կը նայի դգալի պարունակութեան ու կէսը յետ կը դատարկէ տարայի մէջ. խնայել է պէտք։
«Առաւօտեան ամենակարեւոր առաջին գործս վառարանը թէժացնելն է։ Տաք բոցկլտացող վառարանը ապահովութեան զգացում կու տայ… Յետոյ սուրճ կ՚եփեմ (պարենային խնդիրներու պատճառով կը փորձեմ խնայել սուրճը, բայց այդ կ՚արտայայտուի միայն աւելի թոյլ սուրճ պատրաստելով, լրիւ հրաժարուիլ չեմ պատկերացներ)։ Կը բանամ համակարգիչը ու աշխատանքային օրս սկսած է։ Մինչեւ Արցախի շրջափակումը, երբ մտքովս չէր ալ անցներ, թէ իմ ամենօրեայ գործողութիւնները որքան կարեւոր դեր ունի աւտոմեքենաներու վառելիքը, ամէն առաւօտ թաքսի կը պատուէի՝ աշխատանքի հասնելու համար։ Հիմա խաթարուած է կազատար խողովակի աշխատանքը, թաքսի գտնելը բարդ է, տնէն կ՚աշխատիմ։
Սուրճս դեռ չաւարտած՝ կը ստուգեմ էլեկտրականութեան անջատման կրաֆիկը իւրաքանչիւր շրջանի։ Իմ աշխատանքը Արցախի տարբեր շրջաններուն աշխատող ուսուցիչներու հետ է. լոյսի անջատման կրաֆիկը անհրաժեշտ է՝ անոնց հետ առցանց հանդիպումներս ծրագրելու համար։
Յետոյ հանդիպումներու հրաւէրներ կ՚ուղարկեմ եւ կը ստուգեմ էլեկտրոնային փոստս։ Կը ժպտիմ։ Բոլոր նամակներուն՝ ըլլայ գործնական, թէ անձնական, անպայման քաջալերող, ուժ տուող տողեր են, օգնելու պատրաստակամութիւն։ Կը ջերմանամ այդ տողերէն, համակարգիչս գրկած յարմար կը տեղաւորուիմ վառարանի մօտ ու կը սկսիմ աշխատիլ Արցախի տարբեր համայնքային ծրագրերու ուղղութեամբ, որ կ՚իրականացնեն մեր ուսուցիչները։ Որոշ ծրագրեր անհրաժեշտ է ձեւափոխել՝ առկայ իրավիճակը հաշուի առնելով, որոշներն ալ յետաձգել պէտք է, բայց բոլոր ծրագրերը կ՚իրականանան։
Ջեռուցման խնդիրներու պատճառաւ դադարեցուած է Արցախի բոլոր 117 դպրոցներու աշխատանքը, իսկ այդ կը նշանակէ, որ 20,000-ի մօտ երախայ զրկուած է կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն։ Մեր ուսուցիչները այս պահին խնդիր ունին հասկանալու, թէ ինչպէս պէտք է աշխատին աշակերտներու հետ։ Բոլորս համակարծիք ենք, որ հարկադիր պարապումի շրջանին չենք կրնար անոնց մինակ թողնել։ Եթէ ֆորմալ կրթութիւն չենք կարողանար կազմակերպել, գոնէ օրուայ տաք ժամերուն դպրոցի բակին կամ որեւէ արեւօտ վայրին ոչ ֆորմալ հանդիպումներ կը կազմակերպենք, ինտելեկտուալ խաղերու, ֆիլմի դիտումներու, քննարկումներու միջոցաւ կը զբաղեցնենք աշակերտները։
Մեր ուսուցիչները արդէն տարբեր համայնքներուն ծրագիրներ ունին, բայց անոնք շատ յաճախ եղանակի բարեհաճութենէն կախուած են։ Անընդհատ կը քննարկենք, թէ ինչ միջոցներով, ինչ եղանակով ու ձեւաչափով կարող ենք շրջանցել խոչընդոտները։ Կլանուած աշխատանքը իմ փրկօղակն է, երբ կ՚աշխատիմ, կը մոռնամ բոլոր անհանգստութիւններս ու մեր անելանելի թուացող իրականութեան լաւատեսօրէն կը նայիմ»։
11։30, Տաթեւ Ազիզեանը կը որոշէ երախային զբօսանքի տանիլ, միեւնոյն է՝ յառաջիկայ ժամերուն տունը չի ջեռուցուելու։ Բայց նախորդ շաբաթուայ հարբուխի ու մրսածութեան մասին յիշելով՝ կը գրկէ երախային, կը հաւաքէ անոր սիրելի գրքերը ու անկողին կը մտնէ։ Պահարանէն ծածկոց կը հանէ ու կը փռէ վերմակի վրայ։ Թող տաք ըլլայ։
«Դուրսը մռայլ է, մարդկանց դէմքին անորոշութիւն կայ, զայրոյթ, սարսափ, մենք չենք գիտեր՝ վաղը կամ երկու տարի անց ինչ կ՚ըլլայ։ Առաւօտեան տունէն դուրս գալէ առաջ կ՚ուզեմ որեւէ հանգստացնող խմել, նոր դուրս գալ, որովհետեւ դժուար է, անասելի դժուար է տեսնել այս ամէնը ու հոգեկան հաւասարակշռութիւնը պահել։
Շրջափակման առաջին օրերուն գնումներ ըրին աւելի փորձառու մարդիկ, ես, օրինակ, կը կարծէի, որ 2-3 օրէն կը բացուի ճանապարհը, հետեւաբար կարիք չկայ աւելորդ շատ բան գնելու։ Հիմա խանութներու մէջ դատարկութիւն է, ձուի ու կաթնամթերքի համար պէտք է ժամերով հերթ կանգնել։ Պատկերացուցէք՝ մինուս ջերմաստիճանին կերթաս հերթ կը կանգես երկար։ Ազգականուհիս ձուի հերթին 260-րդն էր, հէնց 259-ին էր հերթը հասած, ձուն վերջացած էր։ Կը հասկնա՞ք՝ տասը ձու գնելու համար 6 ժամ կը կանգնես, դուն կը թողնես աշխատանքդ, երախայիդ, հերթ կը կանգնես, ընդ որում՝ չգիտես՝ քեզ կը հասնի, թէ՞ չէ։ Այդ հերթերը կը նսեմացնեն մարդկանց արժանապատուութիւնը, 21-րդ դարուն սննդի համար կանգնիլ, սպասել, յուսալ, սա ստորացուցիչ է… Կաթնամթերքի հերթը առաւօտ 6-ին կը սկսի։ Ես չեմ երթար կաթնամթերք, չնայած մանկահասակ երախայ ունիմ։ Պանքոմաթներուն ալ անասելի հերթեր կան։ Նախորդ անգամ այդ հերթին հիւանդացայ, իսկ դեղատներուն դեղ չկար, մէկ շաբաթ հիւանդ էի, լաւ էր, որ տունը մի չորացած կիտրոն գտնուեցաւ։
Օրդ չես կարող սովորականի պէս ծրագրաւորել։ Ես երեք տեղ կ՚աշխատիմ, ու որպէսզի օրս չտապալուի՝ էլեկտրաէներգիայի անջատման կրաֆիկը ձեռքիս կը տեղաշարժուիմ։ Երբեմն անսպասելի անջատումներ կ՚ըլլան կամ նախատեսուածէն մէկ ժամ շուտ կամ ուշ հովհարային անջատումները տեղի կ՚ունենան։ Այսինքն՝ հնարաւոր չէ չփլանուած ազատ ժամանակ ունենաս, այդ իրավիճակներու համար պայուսակումս միշտ գիրք ունիմ։
Շրջափակումը առաւել դժուար է փոքրիկ երախաներու ծնողներու համար։ Երախան խանութ կը մտնէ, դատարկ է խանութը, ճնշող տպաւորութիւն կը թողնէ այդ տեսարանը։ Կամ մութ փողոցներով կ՚ուղեկցես երախայիդ որեւէ տեղ, ու կը տեսնես, որ երախան կարծես վախեցած ըլլայ։ Դժուար է նաեւ, որ ծնողը պիտի կրթական հաստատութիւններուն փոխարինէ, ես պիտի տառեր սովորեցնեմ երախայիս, միաժամանակ պիտի աշխատիմ, փորձեմ երախայիս փոփոխուած առօրեային մի փոքր նորմալութեան զգացում տալ, անջատումներու կրաֆիկին հետեւիլ, ուժեղ մնալ։ Բազմազաւակ ընտանիքներու կեանքն ալ իսկական մարտահրաւէր է, ես նաեւ անճար մեծահասակներու համար կը տխրիմ։ Այն մարդկանց համար, որոնք փող չեն ունեցած, գնումներ չեն ըրած նախապէս։ Որոշ մարդկանց տանը բառի բուն իմաստով սնունդ չկայ, կտրոնով մթերք ստանալը անոնց իրավիճակը թէկուզ չնչին, բայց կը մեղմէ»։
14։00, Ստեփանակերտ։ Վիքթորիա Պետրոսեանը երախաներուն կը կանչէ ճաշի։ Սեղանին կը դնէ ջրամանը, 4 բաժակ եւ մակարոնով լիքը 4 ափսէ։ Մակարոններու արանքէն կը ծիկրակեն գազարի մանր կտորները։ Վիքթորիան տան վերջին գազարով արդէն երրորդ անգամ է ճաշերուն գոյն կու տայ ու երախաներուն ցոյց կու տայ, իբրեւ բանջարեղէն կու տեն։
«Չորսով ենք սեղանի շուրջ՝ ամուսինս, երկու երախաներս, ես։ Երախաները տանն են, քանի որ կրթական հաստատութիւնները շրջափակման պատճառով չեն գործեր։ Երկու ամսական բալիկս քնած է հաստ վերմակի տակ։
Պէտք է խոստովանիմ, որ բաւականին պակասող բաներ կան։ Ճիշդ է, ճանապարհի փակուելէն անմիջապէս ետք մենք գնում ըրած էինք (դէ, մանկահասակ երախաներ ունինք, պէտք էր անոնց մասին մտածել, պահուստով գնումներ ընել), բայց հիմա ամէն ինչ գրեթէ վերջացած է։ Աննշան քանակութեամբ բանջարեղէն կայ, իսկ միրգ չունինք վաղուց։ Իմ երախաները կը սիրեն բանջարեղէնով ապուրներ, դդում, պրոքոլի, ծաղկակաղամբ, բազուկ, տաքդեղ… Քանի որ այդ ամէնը հիմա չ՚ունինք, ստիպուած անոր փոխարէն ձաւարեղէն ու մակարոնեղէն կ՚եփեմ, կը փորձեմ ճաշերուն գոյն հաղորդել, բարեբախտաբար, կանաչի ունենք։ Ամէն ինչին կանաչի կ՚աւելացնեմ կամ գազար կը կտրատեմ մանր… Չնայած՝ վերջին գազարն այսօր օգտագործեցի։ Ճաշէն ետք նախկինում միրգ կամ տնական խմորեղէն կը մատուցէի երախաներուն, բայց քանի որ հիմա ձուի, կաթնամթերքի, շաքարաւազի, ալիւրի պակաս ունինք, զրկուած են երախաները, միայն նորածինս է, որ ոչնչի կարիք չունի, մայրական կաթ կ՚ուտէ։
Նախկինում երբեք «դատարկ» մակարոն չէի դներ սեղանին, ծայրայեղ դէպքերուն, երբ ժամանակ չկար կամ կը շտապէինք, կարող է հնդկաձաւարը մածունով ուտէին։ Հիմա այլ է։ Ամէն ինչ փոխուած է շրջափակման պատճառով։ Մեր տունը ամենէն շատ բրինձ կը սիրեն։ Ապուրներուն բրինձ կ՚աւելացնէի առաջ, հիմա երբեմն ալ հնդկաձաւար կ՚աւելացնեմ, որպէսզի խնայողաբար օգտագործեմ բրինձը։ Կտրոնները երեկ չէ առաջին օրը ստացած ենք։ Նշուած է, որ մէկ անձին մէկ ամսուայ կտրուածքով կէս քիլօկրամ մակարոնեղէն, կէս քիլօկրամ ձաւարեղէն, 1 լիթր ձէթ կը հասնի։ Մենք դեռ չենք հասցուցած ամսուայ մթերքը վերցնել, բայց իմ կարծիքով՝ այս պահուն դա հարցի լուծում է, ամէն դէպքին, միջոցները հաւասարաչափ կը բաշխուին։ Ստեփանակերտին թէեւ խանութները ապրանք կը ստանան, բայց մարդ կայ, որ փոքր կամ հիւանդ երախայ ունի, ամուսինը աշխատանքի է, չի կարողանար գնալ հերթ կանգնիլ։
Նախքան շրջափակումը, օրուայ այս ժամուն երախաներս պարի ու սպորտի կը յաճախէին, բայց կազամատակարարման, էլեկտրաէներգիայի, սննդի խնդիրներու պատճառաւ տունը մնացած են։ Երախաները զրկուած են կրթութենէն ալ, խմբակներէն ալ։ Եղանակային պայմաններն ալ այնքան անբարենպաստ են, որ բակ տանել չեմ կարողանար։ Անընդհատ կը շեղեմ երախաներուն իրականութենէն, աղջիկս կը հարցնէ՝ ինչու այսօր ես պարի չգացի, չեմ ըսեր, որ վատ է վիճակը, յոյս կու տամ, կ՚ըսեմ՝ այս ալ կանցնի, այս ալ կը յաղթահարենք։ Հոգեպէս կայուն ու լաւատես մնալն առաջնային է, պէտք է ամուր կանգնենք մեր հողի վրայ, ես յանդգնած եմ այս պայմաններուն երրորդ երախային ունենալ, կը հաւատամ, որ լաւ կ՚ըլլայ ամէն ինչ»։
17։00, Ասկերանի շրջան, գիւղ Նորագիւղ։ Արման Մարտիրոսեանը աշխատանքէն ետք առանց վայրկեան կորցնելու տուն կը շտապէ։ Տուն հասնելուն պէս 15 րոպէ կը խաղայ դստեր հետ, դրական լիցքեր կը ստանայ ու կ՚անցնի կարեւոր գործի. ընտանիքի գիշերուայ վառելիքը նախապատրաստել պէտք է։
«Մինչեւ աշխատանքէն կը վերադառնամ, կինս կը հասցնէ երախայի խնամքը կազմակերպել։ Իսկ 18։00-էն գիշերային ռեժիմի կ՚անցնինք։ Կախուած էլեկտրաէներգիայի անջատման կրաֆիկէն՝ երբեմն կ՚ընթրենք մոմի լոյսի տակ։ Բայց չենք նեղուիր, կը յարմարունք այդ կրաֆիկին։ Ընթրիքէն ետք կը հաւաքուինք վառարանի մօտ, մինչեւ 19։00 կը խաղանք երախայի հետ, այդ ժամերը մեզ համար ուրախ ժամեր են, կը մոռնանք շրջափակումը։ Յետոյ ես կը վառեմ ննջարանի վառարանը, սենեակը կը տաքնայ, իսկ 20։00-ին մեր փոքրիկի քնի ժամն է։ Մինչեւ քնելը, կը վայելենք անոր ծիծաղը, քայլելու փորձերը, ամէն մի գղգղանքը։
Առաջին հայեացքին գիւղի կեանքը չէ փոխուած։ Բայց սահմանափակուած է մեր տեղաշարժը՚ առաջ յաճախակի հիւր կ՚երթայինք, հիւր կ՚ընդունէինք։ Քանի որ գիտենք, որ դեղորայք չկայ, դեղատներուն մէջ կը բացակայեն առաջնային ու երկրորդային անհրաժեշտութեան պարագաները, ամէն ինչ կ՚ընենք, որ երախան չհիւանդանայ։ Մեր երախային պաշտպանելէն բացի՝ կ՚աշխատինք կոլապսի չենթարկել առողջապահական համակարգը։
Ես գիտէի, որ օր մը շրջափակում կ՚ըլլայ, սնունդ ալ ունինք, փայտ ալ։ Երախայի տակդիրներու հարցն ալ լուծած էի։ Մեր բախտը բերած է, գիւղն ենք, փայտի վառարանով կը յաղթահարենք կազամատակարարման ու էլեկտրաէներգիայի խափանման հետեւանքները։ Իսկ մեր ընկերները ու բարեկամները, ովքեր Ստեփանակերտը կ՚ապին, աւելի դժուար վիճակին են։ Ստեփանակերտի մէջ մարդիկ նախ անցան կազի վառարաններու, իսկ հիմա կը փորձեն փայտի վառարան դնել, այդ հարցն ալ բարդ է, թիթեղ չկայ, որ վառարան սարքեն արագ, բայց եթէ նոյնիսկ վառարան ըլլայ, փայտ տուն հասցնելն ալ բարդ է առաջադրանք եղանակային այս պայմաններու ու վառելիքի բացակայութեան պատճառաւ։
Մեծահասակները կրնան ռացիոնալ բացատրութիւններով հանգիստ սպասել իրավիճակի հանգուցալուծմանը, երախաներու վիճակը տխուր է։ Նոր Տարուան հիւր գացած էինք, 4 երախայ կար տունը, բոլորը տխուր էին, կնոջս ըսին, որ Ձմեռ Պապիկը նուէր չէ բերած, ճանապարհը փակ է… Շրջափակման պատճառով մեծ քանակի աշխատատեղեր կրճատուած են, խանութներ, պահեստներ, կազալցակայաններ, բենզալցակայաններ, լեռնահանքային համալիրի փակման պատճառով 1000 հոգուց աւել մարդ աշխատանքը կորցնելու եզրին է։ Տղամարդկանց համար մեծ սթրես է այդ, տղամարդիկ սովոր չեն տանը հանգիստ նստիլ, երբ գիտեն, որ ընտանիքում խնդիրներ ու կարիքներ կան։
Ընդհանուր առմամբ հիմա մենք կարծես մի քանի հազար քիլօմեթրի մէջ բանտարկուած ըլլանք։ Մարդիկ փլանային վիրահատութիւններու չեն կրնալ երթալ, մարդիկ հանգստի չեն մէկնիր, անգամ զբօսանք կազմակերպել անկարելի է երբեմն։ Լաւ լուրն այն է, որ չնայած բացասականը շատ է ու հոգեպէս կ՚ընկճէ, բայց կը տեսնենք, որ զսպելով դիւրագրգիռ հոգեվիճակը՝ մարդիկ կը փորձեն սրտացաւ ու համախմբուած մնալ։ Չեմ կրնար ըսել, որ բացարձակ համախմբուած ենք, բայց այս պահուն անոր հիմքը կայ, ու շրջափակումը կ՚ամրապնդէ համախմբուածութիւնը»։