Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Երուսաղէմ այցելութեան օրերուն, Հին Տոմարով Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 18 Յունուար 2023, կէս գիշերի հանդիսութեամբ։
Նոյն գիշեր, Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին մէջ կատարուեցաւ տաղաւարի գիշերային եւ առաւօտեան Ժամերգութիւններ։
Կէս գիշերին, Ս. Ծննդեան այր իջան Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը եւ Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ միաբանութիւնը եւ այնտեղ անգամ մը եւս սկսաւ երգուիլ հրեշտակներու օրհներգութիւնը. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն…»։
Ապա Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը Ս. Ծննդեան այրէն կարդաց իր պատգամը, ընդգծելով Քրիստոսի խաղաղութեան իշխան ըլլալու հանգամանքը, շեշտեց նաեւ սիրոյ եւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը։
Երգուեցան Ս. Ծննդեան շարականներ։
Ս. Այրի մէջ կատարուած արարողութեան մասնակցեցան նաեւ յանուն Պաղեստինի Նախագահի՝ Վարչապետ Մուհամմէտ Իշթիյյէ եւ Բեթղեհէմի Քաղաքապետ Հաննա Հանանիա։
Փառք ի բարձունսի արարողութեան աւարտին, ներկայ պետական անձինք շնորհաւորեցին զոյգ պատրիարքները եւ բարեմաղթանքներ կատարեցին Հայոց Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։
Յետ ճաշու ժամերգութեան, ժամը 02.00-ին, Ս. Ծննդեան Տաճարի Հայոց Ս. Սեղանին վրայ պատարագեց աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։
Իսկ ժամը 04.00-ին Ս. Ծննդեան սրբավայրին վրայ Ժառանգաւորաց Վարժարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Ս. Պատարագ մատոյց։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, առիթ համարելով իր Ս. Երուսաղէմ կեցութիւնը, 19 Յունուար 2023, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ քաղաքի Թուրքիոյ Աւագ Հիւպատոս Ահմէտ Ռըզա Տէմիրէրի։
Աւագ Հիւպատոս Տէմիրէր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հիւրին։
Ջերմ ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը ստորագրեց Աւագ Հիւպատոսարանի պատուոյ տոմարը եւ ի յիշատակ այս այցելութեան, մեծայարգ Աւագ Հիւպատոսին նուիրեց Անի քաղաքի սրբանկարներու մասին Վէտաթ Աքչայէօզի պատրաստած եւ Հայճարի հրատարակած նորատիպ հատորը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Հին Տոմարով Ս.Ծննդեան արարողութեան մասնակցելէ ետք, քաղաքէս եւ զանազան երկիրներէ ուխտաւորներու հետ մեկնեցաւ Գալիլիոյ շրջանը՝ այցելելու համար Սուրբ Գրական վայրեր։
Հանգիստ ճամբորդութենէ ետք, ուխտաւորներ ժամը 09.30-ին հասան Թափօր Լեռ, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս իր երեք առաքեալներուն ներկայութեան պայծառակերպուած էր, ինչպէս արձանագրուած է Ս. Աւետարաններուն մէջ։ Տաճարի Ս. Մովսէս Մարգարէի մատրան մէջ երգուեցան Ս. Պատարագի ճաշու բաժինէն հոգեւոր երգեր, ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Աւետարանական բաժինը, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։
Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ իրեն հետեւող հոգեւորականներէ եւ 46 ուխտաւորնեէ բաղկացող խումբը այցելեցին Սուրբ երկրի Նազարէթ ու Կանայ շրջանները, նաւու պտոյտ Գալիլիոյ Լճի վրայ, այցելեցին Երանեաց Լեռ ուր Յիսուս արտասանած էր Լերան քարոզը։
Երուսաղէմի մէջ տաղաւարի հանդիսութեանց չափ իւրայատուկ է Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան խորհրդանիշ ջրօրհնէքը, որ կը կատարուի Յորդանան գետի ափին։
Այս տարի ջրօրհնէքի հանդիսութիւնը աւելի փառաւոր դարձաւ Ս. Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր հետ միասին Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ։
Ժամը 11.30-ին, երկու Պատրիարքներ, ընկերակցութեամբ՝ Ս. Երուսաղէմի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեցին աշխարհի ամենահին քաղաք՝ Երիքով եւ հանդիպում ունեցան կուսակալ՝ Մաճիտ Ալ-Ֆիտանիի հետ։
Հանդիպումէն յետոյ զոյգ Սրբազան Պատրիարքներու գլխաւորած պատուիրակութեան միացան նաեւ ողջ Միաբանութիւնը, Ժառանգաւոր սաներ եւ ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւնը, որոնք ուղղուեցան դէպի Յորդանան գետ, ուր ձեռամբ Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կատարուեցաւ Ջրօրհնեաց արարողութիւնը։ Այս տարուան խաչ-քաւորն էր ժառանգաւոր սաներէն Մուշեղ Սարգսեան։
Մինչ այդ Յորդանանի Հայոց Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանի գլխաւորութեամբ Յորդանանահայեր, գետի դիմացի ափէն մասնակցեցան արարողութեան։
Երեկոյեան, Նորին Ամենապատուութիւնը գլխաւորելով ուխտաւորներու խումբը, այցելեց Փորձութեան Լերան մերձակայքը։
Իսկ կէս գիշերէն ետք, Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ ժամերգութիւն կատարուեցաւ։ Ժամօրհնողն էր Հոգշ. Տ. Կոմիտաս վրդ. Շէրպէթճեան։ Ժամը 03.30-ին Քրիստոսի Լոյս Գերեզմանին վրայ իր ուխտի Ս. Պատարագը մատոյց Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Պոլսահայ ուխտաւորներու խումբը մասնակցեցաւ սոյն արարողութեանց եւ Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 23 Յունուար 2023, Երկուշաբթի, յետ միջօրէին անպաշտօն այցելութիւն տուաւ Ս. Յարութեան Տաճար, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանի կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, նորոգուած էր Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը, իսկ վերջերս ձեռնարկուած՝ Ս. Յարութեան տաճարի սալայատակի նորոգութեան ու նոյն ժամանակ գետնի հնաբանական ուսումնասիրութեան։