Ամենայն խստութեամբ կը շարունակուի Լաչինի միջանցքը փակելով արցախահայութիւնը շրջափակման մէջ պահելու Ատրպէյճանի վայրագ ռազմավարութիւն։ Հայկական սփիւռքն ալ կը փորձէ իր ապրած երկիրներէ ներս իշխանութիւններու մօտ ահազանգ հնչեցնել գոյացած ճգնաժամի մասին։ Այս առումով Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ անդրադարձաւ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն Լաչինի միջանցքի` Պաքուի կողմէ առաւել քան մէկ ամիսէ ի վեր շարունակուող արգելափակման եւ շարք մը հարցումներ ուղղեց Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուին։ Փայլան Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին ուղղեց հետեւեալ հարցումները.
ա) Ի՞նչ կ՛ընէք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորացող մարդասիրական ճգնաժամի լուծման համար։
բ) Ի՞նչ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններու կը ձեռնարկէք Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի բացման համար։
գ) Տեղեա՞կ էք, որ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը կը փակէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութեան պատուհանը։
դ) Ինչո՞ւ Թուրքիա, որ կը հպարտանայ՝ ըսելով, թէ կը միջամտէ աշխարհի բազմաթիւ մարդասիրական ճգնաժամերու, եւ իր աչքը չի թարթեր արգելափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերուն օգնելու համար։