Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ձեռնարկեց իր գահակալութեան շրջանի դէպի Ս. Երուսաղէմ անդրանիկ պաշտօնական այցելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան սոյն այցելութիւնը համընկնեցաւ Հին Տոմարով Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան օրերուն։
Նոյն առթիւ Սուրբ Երուսաղէմ կ՚այցելեն նաեւ Իսթանպուլէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ ուխտաւորներ։
Մեր Հոգեւոր Պետը, 17 Յունուար 2023, Երեքշաբթի առաւօտ Իսթանպուլի Օդակայանէն մեկնեցաւ Սուրբ Երուսաղէմ, ուղեկցութեամբ՝ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Սոյն այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան շքախումբի մաս կը կազմեն Պատրիարքարանի Հրատարակութեան Բաժնի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը Թէլ Ավիվի Պէն Կուրիոն օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ Դիւանապետ՝ Հոգշ. Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ։
Ժամը 13.30-ին Երուսաղէմի պատմական Եաֆայի դրան առջեւ հաւաքուած էր հոգեւորականներու, ուխտաւորներու եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը։ Թափորին կը գլխաւորէր Ս. Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեան։
Սոյն դիմաւորման հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Ս. Երկրի յարանուանութեանց ներկայացուցիչները՝ Ասորի եպիսկոպոսը, Ղպտի Եկեղեցւոյ միաբաններ, Լատին եկեղեցւոյ Կիւսթոտը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապեութեան Լիազօր Դեսպանը։ Հանդիսութեան կը մասնակցէր նաեւ Ս. Երկրի Հայ սկաուտներու խումբը։
Եաֆայի դրան առջեւ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Հոգեւորականներու թափօրը, սկաուտներու նուագի եւ ժողովուրդի ծափողջոյններով մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդեց Հայոց Վանք, ուր սկսաւ Հրաշափառի արարողութիւնը։
Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի մուտքին երեք սարկաւագներ խունկով ընդառաջ ելան Նորին Ամենապատուութեան եւ սկսաւ հոգեւորականաց դասու եւ դպիրներու երգեցողութիւնը։
Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսաւորապէս մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր կանոնական ուխտի աղօթք կատարեց Ս. Գլխադրի Մատրան մէջ։
Ապա դասի մէջ կատարուեցաւ կանոնական աղօթասացութիւն։
Աւարտին՝ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան ուղերձ արտասանեց, որու ընթացքին իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն պարագային համար, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը ուխտի կու գար Երուսաղէմ եւ Ս. Ծննդեան այս օրերուն կը զօրակցէր Ս. Աթոռի զինուորեալ միաբանութեան։
18 Յունուար 2023, Չորեքշաբթի սկսաւ Ս. Ծննդեան հանդիսութիւնները՝ դէպի Բեթղեհէմ երթով։ Նոյն առթիւ, Ս. Ծննդեան սրբավայրին մէջ տաղաւարի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը կը մատուցանէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։