ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողբերգութիւն

Մեծ ու­րա­խու­թիւն էր, երբ ին­ծի առա­ջար­կո­ւեցաւ խա­չեղ­բայրու­թեան պար­տա­կանու­թիւնը։ Սե­րունդնե­րու հո­լովոյ­թով ըն­տա­նեկան բա­րեկա­մու­թիւն ու­նէի իր հետ։ Մեր մեծ հայ­րե­րը մեծ մայ­րե­րը իբ­րեւ հա­մաերկրա­ցիներ աք­սո­րի դա­ժան տա­րինե­րէն ետք Պոլ­սոյ մէջ ալ շա­րու­նա­կած էին այդ հա­րազատ մտեր­մութիւ­նը հիւ­սել։ Իմ ու իր մայ­րե­րը բա­րեկամ­ներ էին։ Երա­նու­թեամբ կը յի­շեմ մեր ման­կութեան տա­րինե­րուն Թաք­սի­մի զբօ­սայ­գին ման գա­լու պա­հերը։ Այդ օրե­րէն մնա­ցած լու­սանկար մը թան­կա­գին յի­շատակ մը ըլ­լա­լով կը մնայ մեր ըն­տա­նեկան ալ­պո­մին մէջ։

Ապա կը յի­շեմ անոր ու­սա­նողու­թեան տա­րինե­րը։

Կա­տարե­ցինք այդ պսա­կադ­րութիւ­նը եւ այդ օր կ՚ար­ժէր տես­նել իր եւ իմ մօր նաեւ հայ­րե­րու հպար­տութեամբ խառն ու­րա­խու­թիւնը։ Ապա այդ ու­րա­խու­թիւննե­րը կրկնո­ւեցան եր­կու մկրտու­թիւննե­րով։

Մօ­տաւո­րապէս երե­սուն տա­րուայ տար­բե­րու­թեամբ եր­կու ան­գամ կա­մաւոր մաս­նակցե­ցաւ Ար­ցա­խի պա­տերազ­մին։ Առա­ջինը Ար­ցա­խի ազա­տագ­րումն էր, իսկ երկրոր­դը պաշտպա­նու­թիւնը։

Երկրորդ կռի­ւէն տուն վե­րադար­ձաւ վի­րաւո­րուած։ Ափ­սո­սան­քով կը պատ­մէր պա­տերազ­մի դա­ժանու­թիւնը։ «Նախ­կի­նին մեր ու թշնա­մու ձեռ­քին նոյն քա­լաշ­նի­քոֆ­ներն էին։ Հա­ւատա­ցած էինք յաղ­թա­նակին ու յաղ­թե­ցինք։ Այս երկրոր­դին մեր ձեռ­քին դար­ձեալ քա­լաշ­նի­քոֆ­նե­րը կար, որ թշնա­մուն անօ­դաչու թռչող սար­քե­րու դէմ ան­զօր մնաց»։

Այսպէս պատ­մած էր իր յու­շե­րը։ Նաեւ ափ­սո­սան­քով յի­շած թէ այս երկրորդ պա­տերազ­մին տա­րիքի բեր­մամբ զինք հե­ռու պա­հած էին ճա­կատի ռազ­մա­կան գի­ծէն։ Բայց չար հա­րուա­ծը հոն ալ գտած էր զինք ու պա­տերազ­մէն դուրս մղած։

Մինչ այդ ինչպէս վեր­ջին տա­րինե­րուն հան­դի­պեցանք զա­նազան օրի­նակ­նե­րով իր գոր­ծերն ալ ձա­խողե­ցան։

Ճիշդ է որ պսա­կադ­րութեան պա­հուն պսա­կիչ քա­հանա­յի դի­մաց կը խոս­տա­նանք հի­ւան­դութեան կամ ձա­խողու­թեան պա­հուն պա­հել տան ներ­դաշնա­կու­թիւնը։ Սա­կայն նման խոս­տումը յար­գե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է երկկող­մա­նի հա­ւատար­մութիւ­ն այդ երդման հան­դէպ։

Ապ­րե­ցաւ մար­դու կեան­քի ամե­նադա­ժան զգա­ցու­մը՝ լքո­ւածու­թիւնը։

Մեր­ժո­ւածու­թեան այդ հո­գեբա­նու­թեան մէջ փոր­ձեց բո­լորէն հե­ռու մե­կու­սա­ցու­մի մը մէջ վե­րագտնել խա­ղաղու­թիւնը։

Կան բա­ներ որոնք բնազ­դա­յին են։ Մե­կու­սա­ցած վայ­րին մէջ եւս ու­նե­ցաւ բա­րեկամ­ներ, եւ վա­յելեց անոնց մտե­րմու­թիւնը։ Սա­կայն այս մտեր­մութիւ­նը եր­բեք չէր կա­րող փո­խարի­նել հա­րազատ­նե­րու բա­ցակա­յու­թեան։

Այդ ցաւ ու մոր­մո­քի մէջ պատ­մեց մատ­նո­ւած հի­ւան­դութեան մա­սին։ Վե­րադար­ձած էր մեծ քա­ղաք։ Եւ այդ քա­ղաքի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ սկսած էր դար­մանման գոր­ծընթա­ցը։ Չէր ու­զած որ այ­ցե­լենք զինք, քա­նի որ են­թարկո­ւած յա­տուկ դար­մա­նու­մը կ՚ար­գի­լէր այ­ցե­լու­թիւններն ալ։ Վստա­հեցուց որ լաւ կը խնա­մուի եւ ապա խոս­տա­ցաւ յա­ճախ զան­գա­հարել եւ իր առող­ջութեան մա­սին տե­ղեկու­թիւն տալ։ Ափ­սոս որ այդ մեր վեր­ջին զրոյցն էր։ Քա­նի մը օր անց ար­դէն վատ­թա­րացած էր առող­ջութիւ­նը եւ զինք փո­խադ­րած էին խտա­ցեալ դար­մա­նու­մի բա­ժին։ Այս ան­գամ բո­լորո­վին զրկո­ւած էինք իր­մէ լուր ստա­նալէ։ Այս տո­ղերը կը գրենք իր մա­հուան գոյ­ժը ստա­նալէ վայրկեան­ներ անց։

Շատ սի­րելի սա­նիկիս կո­րուստով կը վեր­յի­շեմ իր ու իմ ըն­տա­նիքի այն սի­րելի դէմ­քե­րը, որոնք վա­ղուց հե­ռացած են մեզ­մէ, թո­ղելով միայն քաղցր յի­շատակ­ներ։ Ահա հի­մա ինք եւս կու գայ աւել­նա­լու այդ յի­շատակ­նե­րու շա­րանին վրայ, մեզ թո­ղելով որ­բա­ցած ըլ­լա­լու հո­գեբա­նու­թեան։

Յի­շատա­կը ան­թա­ռամ պի­տի մնայ մեր մօտ ու պի­տի մաղ­թենք որ հո­ղը թե­թեւ մնայ իր տա­ռապած մարմնին ու մա­նաւանդ ալ հոգ­ւոյն վերեւ։