ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ոճիրի գործուած 19 Յունուար 2007 թուականէն այս կողմ կը պահէ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի վրայ իր կարեւոր տեղը։ Ոճիրէն տարի մը անց մեկնարկող ոգեկոչման միջոցառումները բացի համավարակի պարտադրած երկու տարիներու արգելափակումէն, մինչեւ օրս կը շարունակուին բազմահազար մասնակցութիւնով։ Այս տարի ալ երկրի տարբեր քաղաքներէն լսումներ կը հասնին Հրանդ Տինքին եւ անոր պաղքարին ձօնուած մամլոյ յայատարարութիւններու կամ դահլիճային միջոցառումներու։
Նոյնիսկ կարելի է ըսել որ փակ սրահներու մէջ կազմակերպուած ասուլիսներու շարքը օրեր առաջուց սկսած են եւ կը շարունակուին 19 Յունուարին յաջորդող օրերուն եւս։ Գիտենք որ ոգեկոչման այս բնոյթի կազմակերպութիւնները սահմանուած չէ Թուրքիայով եւ Մոնրէալէն Պերլին, Փարիզէն Լոս Անճէլս կամ Երեւան աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ յիշատակման ծրագիրներ կ՚իրականանան։
Ոչ առաջինն է, ոչ ալ վերջինը
Հրանդ Տինք Թուրքիոյ մէջ իր գրածներուն պատճառաւ սպաննուած առաջին լրագրողն չէր։ Երկրի այս տեսակի յանցագործութիւններու պատմութիւնը բաւականին հարուստ է։ Մամուլի ուղղած այդ յարձակումներու միակ ենթակաները լրագրողները կամ սիւնակագիրները չեն եղած։ Անցեալին սպանուած են նաեւ իբրեւ թիրախ ցոյց տրուած թերթերու գրաշարները, տպարանի աշխատողները, ցրուիչները եւ նոյնիսկ ընթերցողները։ Մեր երիտասարդութեան տարիներէն կը յիշենք ցեղապաշտ խմբակներու Իսթանպուլի Համալսարանի շրջակայքը, յատկապէս ալ «Քիւլլիւք» սրճարանի մօտակայքը փողոցէն անցնող մարդիկ լոկ իրենց ձեռքին տակ պահած թերթին պատճառաւ խոշտանգելու երեւոյթները։ Այսօր իսկ այդ տեսակի երեւոյթներուն հանդիպիլ կարելի է ազգայնականներու մեծամասնութիւն կազմած թաղերէ ներս։ Փոխուածը միայն թերթերու անուններն են։ Անցեալին «Եէնի Օրթամ», «Փոլիթիքա» կամ «Տեմոքրաթ» թերթերու փոխարէն այսօր «Եէնի Եաշամ», «Էվրենսել» կամ «Պիրկիւն»ի նման թերթերու ընթեցողներն են որ յարձակումներու կ՚ենթարկուին։ Յիշենք որ անցեալին, օրուայ վարչապետի մատնացոյց ընելով հրկիզուած էր «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթի խմբագրութիւնը։
Ազգայնամոլ կամ ազգասէր
Անկախ մամուլի ուղղուած այս յարձակումներու հեղինակները իրենք զիրենք կը ներկայացնեն ազգասէր ըլլալով։ Աւելի վաղ անցեալին Սերթէլ ամոլին հրատարակած «Թան» թերթի դէմ կատարուած յարձակումի հեղինակներէն ոմանք տարիներ վերջ հասարակութեան կը ներկայանային ձախակողմեան ըլլալով։
Հանրապետական շրջանի բոլոր ալեկոծուած հատուածներուն կը տեսնենք թերթի մը կամ հեռուստակայանի մը յարձակումի ենթարկման, թալանման եւ բռնօրէն առգրաւման օրինակներուն։ Մարդիկ ինչո՞ւ համար այսքան փորձանքաբեր աշխատանք մը կ՚որդեգրեն, պատասխանը պարզ է, իրենց միտքն ու ձայնը լսելու դարձնելու համար։
Արդարեւ Հրանդ Տինքն ալ թրքերէնով լոյս տեսնող հայ թերթ մը հրատարակելու մղողը նոյն գործօնն է։ Թուրք քաղաքական միտքը իր ձեռքին ունեցած մամուլի միջոցաւ անխնայ կը հալածէր ու կը նախատէր հայու ինքնութիւնը։ Հրանդը «Ակօս»ը հրատարակելով յայտարարեց որ դաշտը այդքան ալ դատարկ չէ։ Անցեալին ան հանդիպած ենք շատ խիզախ դիմադրութիւններու։ Այս պահուն կը յիշենք Զաւէն Պիպէրեանի «Նոր Օր» թերթի սիւնակներէն աղաղակող «Ալ կը բաւէ» խորագրեալ յօդուածը։ Ինչ որ այդ յօդուածի աղաղակը լսած էին միայն հայերէն ընթեցողները եւ ոստիկանութեան յատուկ ծառայութեան գործակալները։ Հետեւանքը եղած էր Պիպէրեանի կրկին անգամ ձերբակալութիւնը եւ ապա երկիրը լքելու հարկադրութիւնը։
Թրքերէնով հայ թերթ
Հրանդ Տինքի թրքերէնով հաղ թերթ մը հրատարակելու որոշումին ետին ձայնը երկրի հասարակութեան լսելի դարձնելու մարմաջը կար։ Աւանդական հայերէն թերթերը թէ անընթեռնելի էին երկրի լայն հասարակութեան համար եւ թէ անոնք յետցեղասպութեան հոգեբանութեան մէջ շատ աւելի զուսպ արտայայտուելու սկզբունքը իւրացուցած էին։ Իրենց համար շատ աւելի կենսական էր Մեսրոպատառ մամուլի իր գոյութիւնը պահելը։ անոնք քաջ գիտէին թէ գործող կառավարութեան որոշումները քննադատել կը նշանակէ նաեւ պետութեան դէմ ճակատիլ։ Այս տրամադրութիւնով սահմանուած թերթերէն կարելի չէ աւելին ակնկալել։
Դիմադրութեան յաղթանակը
53 տարուայ ապրումներուն մէջ միշտ անարդարութեան դէմ ձայն բարձրացուցած Հրանդի ընտանեկան եւ մտերիմ շրջանակի մէջ վայելցուցած էին «խենթ» ածականը։ Ան չէր կրնար իր ժողովուրդին հանդէպ կատարուած անարգանքներու դիմաց լռութիւն պահել։ 1996-ի գարնան «Ակօս»ի հրատարակութենէն ետք այս նոր թերթի արծարծած նիւթերը սկսան զբաղեցնել նաեւ ընթերցողներու լայն զանգուած ունեցող թերթերու սիւնակները։
Հրանդ իր թերթի սիւնակներուն մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանի առգրաւման դիմաց։ Ան այս առթիւ օրակարգի բերած էր նաեւ Թուզլայի Քամբ Արմէն ճամբարի պատմութիւնը եւ հասարակութեան ներկայացուցած «1936-ի յայտարարագիր» անունով ծանօթ խնդիրը։
Թերթի այդ գրութիւնները պատճառ եղան որ վարժարանի ծնողները եւ վարչութիւնը դիմեն աննախադէպ միջոցի մը։ Անոնք խուժեցին դպրոցին պարտէզը եւ մօտ երկու շաբաթ գրաւման տակ պահեցին արգելք ըլլալով շէնքի կահոյքին դուրս բերման։ Այդ օրերուն լրագրողներ եւ զանազան հեռուստակայաններ յաճախ այցելեցին դպրոցի բակը եւ կատարուած անիրաւութիւնը տեսանելի դարձուցին ամբողջ երկրին։ Ուսման տարեշրջանի կիսամեայ արձակուրդի օրերուն պատահած այս դէպքի գործիչները փորձեցին բոլոր հայկական դպրոցներէ ներս ուսումը խանգարելու։ Ըստ ծրագրուածի դպրոցները արձակուրդի աւարտին պիտի բանային իրենց դռները, ուսուցչաց կազմը պատրաստ պիտի ըլլար իր պաշտօնին վերեւ, բայց աշակերտութիւնը պիտի մերժէր դպրոց երթալ յայտարարելով թէ կը զօրակցին Պոմոնթի Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտութեան։ Այս զարգացման լսելի դառնալէն վերջ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը յայտարարեց որ Մխիթարեան եւս պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Այս լուրը հասած պահուն Հրանդ Տինք եւս դպրոցի պարտէզն էր եւ կը յիշեմ այն մեծ ոգեւորութիւնը, որ ապրած էինք միասնաբար։ Իսկոյն դասարաններ փոխադրուեցան պարտէզ շպրտուած նստարանները, գրատախտակները, գրասեղանները եւ դպրոցը պատրաստ եղաւ յաջորդ օր աշակերտներ ընդունելու։
Նման դիմադրութեան փորձ մըն ալ ապրեցանք Հրանդ Տինքի մահէն ետք։ Այս անգամ ալ վերահասու եղանք թէ քանդիչ սարքեր սկսած են փլել Քամբ Արմէնի շէնքերը։ Հրանդի մահէն ետք կազմուած «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի գործիչները իսկոյն փութացին Թուզլայի ճամբարը եւ յաջողեցան կասեցնել փլուզումը։ Անոնք եւս գրաւեցին տարածքը եւ այս անօրինութիւնը «Ակօս»ի հրատարակութիւններով տեսանելի դարձաւ ամբողջ երկրի համար։ Այդ պահէն ետք Քամբ Արմէնի տարածքը գրաւող երիտասարդութիւնը վայելեցին համատարած զօրակցութիւն մը։ Կը յիշեմ այն խորիմաստ պահը, երբ Թուզլայի նաւաշինութեան գործարանի բանուորներ աշխատանքէ ազատուելէ ետք հաւաքաբար այցելեցին գրաւեալ տարածքը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելէ, բացի այդ պահուն հաւաքած գումարը տրամադրեցին երիտասարդներուն, անհրաժեշտ կենսական ծախսերու դիմագրաւման համար։
Ապա երկու անգամ քաղաքի կեդրոնական հատուածի մէջ «Նոր Զարթօնք»ի տղաքը կազմակերպեցին երթեր, որոնք վայելեցին զօրակցողներու մեծ մասնակցութիւնը։
Այս բոլորէն ետք քաղաքական կուսակցութիւններու Թուզլայի մասնաճիւղներու միասնական ջանքերով ապահովուեցաւ փլուզման կասեցումը։
Այս երկու օրինակներն ալ աննախադէպ էին հայ իրողութեան մէջ, որոնք կատարուեցան շնորհիւ «Ակօս»ի հրատարակութիւններուն արժանացած արձագանգին։
Վտանգաւոր անկեղծութիւն
Հրանդ Տինք Թուրքիոյ պետական համակարգի դիմաց լուրջ սպառնալիք մը դարձած էր իր անկեղծութեան շնորհիւ։ Ան բացի «Ակօս»ի հրատարակութիւններէ, սկսած էր յաճախ ներկայանալ հեռուստահաղորդումներու ընթացքին։ Զանազան հաղորդավարներ Հրանդը կը հրաւիրէին հայկական խնդրի մասին վիճելու պետութեան պաշտօնական պատմութիւնը իւրացուցած ակադեմականներու հետ։
Հրանդ իր խօսքով կը տպաւորէր ոչ միայն իր զրուցակիցը, այլ բազմամիլիոն հեռուստադիտողները։ Զգուշօրէն կ՚ընտրէր բառերը եւ կը խուսափէր զրուցակիցը խրտչեցնելէ։ Կը պատմէր իր ժողովուրդի Գողգոթան, օրինակ բերելով սեփական ընտանիքի պատմութիւնը։ Հեռուստադիտողը Հրանդի անձին մէջ կը տեսնէր իսկական մարդը իր բոլոր զգացականութեամբ։ Համոզիչ էր Հրանդը եւ այս ալ անոր կը շնորհէր զանգուածային համակրանք։
Դաւադրութեան դէմ խօսքին ուժը
Երբ հրաւէր ստացած էր Գարատենիզ Թեքնինք համալսարանի ուսանողներէն Տրապիզոնի մէջ ելոյթ ունենալու համար, բարեկամներ զգուշացուցած էին զինք։ Դաւադրութիւն մը կրնար պատահել։ «Եթէ հրաւիրած են պէտք է երթամ» ըսած էր Հրանդ ու վերջակէտ դրած իրեն ուղղուած զգուշացումներուն։ Վերադարձին իրմէ լսած եմ թէ համալսարան մտնելէ անմիջապէս ետք նկատած է կարգ մը խմբակներու իրեն դէմ բողոքի միջավայր մը պատրաստելու ծրագիրը։
«Ես սովորական կերպով սկսայ պարզել իմ միտքերը, ինչպէս կ՚ընեմ այս տեսակի բոլոր հանդիպումներուն։ Աւարտին պատմեցի հայրենի երկրի կարօտով Սեբաստիա, իր ծննդավայրը այցելած ու ապա հոն մահացած կնոջ պատմութիւնը։ Խօսքս աւարտեցի –Այո, մենք հայերս աչք ունինք այս հողերու վրայ։ Աչք ունինք որովհետեւ մեր արմատները հոս են։ Աչք ունինք, բայց մի վախնակ ոչ թէ շալկել տանելու համար, այլ գալ ու այս հողերուն տակ թաղուելու համար-։ Այս խօսքերէն վերջ դահլիճը այնպէս որոտընթոց ծափահարութիւնով մը ցնցուեցաւ որ ոչ ոք պիտի համարձակէր դաւադրական բնոյթի խօսք մը արտասանելու»։
Հրանդի այդ ելոյթը աւելի վերջ «Ջուրը գտաւ իր հունը» խորագիրով ծանօթ դարձաւ շատերուն համար։
Հրանդի համոզելու կարողութեան ակնարկող շատեր ոճիրէն ետք կը պնդէին թէ եթէ ոճրագործը նախապէս քանի մը նախադասութիւն փոխանցած ըլլար իր զոհին հետ, չէր կրնար այդ չար արարքը գործել։
Անցեալէն դէպի այսօր
Հրանդի սպանութենէն 16 տարի անց, երբ յետադարձ ակնարկ մը սեւեռենք, պիտի տեսնենք թէ մտաւորականութեան ուղղուած կոտորածը նոյն թափով կը շարունակուի։ Թուրք Բժիշկներու Կաճառի նախագահ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը երկուուկէս տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ իր մասնագիտութեան շրջանակներէ ներս կարծիք յայտնելուն պատճառաւ։ Ընկերաբան Փնար Սելեք երեք անգամ անպարտ հռչակուելէ ետք կրկին անգամ ձերբակալման պահանջի հետ դէմյանդիման կը գտնուի։ Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ Օսման Քաւալա ի դէմ ԵՄԻԱ-ի վճիռներուն կը շարունակեն ճաղերու ետին ազատազրկուած մնալ։ Հրանդէն ետք սպաննուեցաւ Տիյարպեքիրի Փաստաբաններու կաճառի նախագահ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Թահիր Էլչի։ Այդ ոճիրն ալ արխիւներու թղթապանակներուն մէջ տեղադրուեցաւ իբրեւ հեղինակը անյայտ սպանութիւն։
Պետութեան խորունկ
պատմութիւնը
Հրանդ Տինքի սպաննութեան կարեւորագոյն անդրադարձներէն մէկն ալ տեղի ունեցաւ մահմետականացուած հայերու մօտ։ Համարեա 100 տարուայ ուրացումէ մը ետք նախնիներուն հայ ինքնութեան գիտակցող բազմաթիւ անձեր սկսան վերադառնալ դէպի իրենց նախնեաց ինքնութեան։ Այս առումով բազմաթիւ դիմումներ կատարուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարան, հայ առաքելական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ մկրտուելու պահանջով։ Ցաւօք նշենք թէ Պատրիարքարանը անոնց մեծամասնութիւնը մերժեց խուսափելու համար պետական շանթահարումէ։ Այդ իմաստով կատարուած իւրաքանչիւր դիմում սարսափ կը պատճառէր հոգաւորականաց դասուն, չըլլայ որ իրենց ուղղուի «միսեոնարութեան» մեղադրանք։
Այդպէս ըլլալով հանդերձ Հրանդի մահէն ետք կեանքի կոչուած հայրենակցական միութիւնները կը փորձեն գոհացնել իրենց համաքաղաքացիներու այս տեսակի պահանջները։