ԷՅՅՈՒՊ ԿԻՒՎԵՆ
1915 թուականը հայերու կոտորածի գագաթնային տարեթիւն է, բայց այդ վայրագութեան հետքերը մինչեւ այսօր տեսանելի կը մնան։ Վիշտով լեցուն յուշերը ամենայն կենդանութեամբ մինչեւ օրս կը փոխանցուին։ Թէեւ միայն ձեւական նշանակութիւն ունեցող ներողութեան նախադասութիւնները մերթ ընդ մերթ կը լսուին, բայց լուրջ առերեսում մը ցարդ չէ իրականացած։
1923-էն այս կողմ քրիստոնեաներու ինչքերը կարծես Աստուածային ընծայ մը ըլլայ, անխնայ կերպով կը թալանուին։ Այդ վայրագ թալանի վառ վկայութիւններէն մէկն է երբեմնի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ ախոռ ըլլալով գործածութիւնը։ 10 արտավարնոց նախկին գերեզմանատան հողին հաւասարացնելով վրան շէնքեր կառուցելն ալ մի այլ օրինակ է։
Նոյնպէս քրիստոնեաներով բնակեցուած տուները անխնայ կերպով աւերուած են։ Այս տեսակ օրինակներուն բացի Մարտինի Տէրիք գաւառէ, տարածքաշրջանի զանազան վայրերու մէջ հանդիպիլ կարելի է։
Այս գրութիւնով կը փորձեմ ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել երբեմնի հայապատկան մատուռը, որ անցեալին գործածուած էր իբրեւ կառավարութեան շէնք եւ ապա բանտ ըլլալով։ Իսկ այժմ պատրաստութիւններ կը տարուին մատուռը սրճարանի վերածելու համար։
Հայերը այս աւանի թէ տնտեսական եւ թէ ընկերային զարգացման մէջ շատ կարեւոր ներդրում ունեցած են։ Այդ ներդրումին հիմնական տարրը ուսումն էր։ Անոնք մեծ կարեւորութիւն տուած էին ուսման, որու հետեւանքով կառուցած էին զանազան դպրոցներ։ Այդ դպրոցներու ջամբաց ուսումէն օգտուած են նաեւ մահմետական ընտանիքներու երախաները։ Այդ դաստիարակութեան վառ վկայութիւնը կրնանք համարել Տէրիքի մէջ իբրեւ քաղաքապետ 1947-1951 թուականներուն պաշտօնավարած Համիտ Քայան, որ կատարեալ կերպով կը տիրապետէր հայերէն եւ ֆարանսերէն լեզուներուն։ Ես անձամբ ականատեսը եղած եմ անոր այս լեզուներու հանդէպ խոր իմացութեան։ Այդ իմացութիւնը կը պարտէր այսօր սրճարանի վերածուիլ ուզող մատուռի կողքի դպրոցին։
Ցարդ կատարուած հետազօտութիւններով հաստատած ենք որ նախքան 1915 Տէրիքի մէջ գործած են հինգ հայկական դպրոցներ։ Անոնցմէ երկուքը նախակրթարաններ էին, երկուքը մանկապարտէզներ եւ մէկն ալ, բացի հայերէնէ օսմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն դասաւանդուած բարձրագոյն վարժարան։
Այդ դրոպներէն մէկն ալ վերածուած է կառավարութեան շէնքի։ Այդ շէնքը աւելի ետք գործածուեցաւ նախ որպէս բանտ եւ ապա հասարակական կրթութեան կեդրոն։
Տէրիքի մէջ այսօր «Քիւչիւքփընարի կեդրոնական մզկիթ» անունով ծանօթ մզկիթը երբեմնի Տէրիքի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին է։ Այդ եկեղեցին համալիր մըն էր , որ կը բաղկանար երեք հատուածներէ։ Այդ հատուածներէն մէկը եռայարկ դպրոցն էր։ Դպրոցը ունէր նաեւ գիշերօթիկ աշակերտներ եւ յարկերէն մէկը անոնց ննջարաններն էին։ Ուրիշ հատուած մըն ալ մատուռն էր, որ այսօր կը փորձեն սրճարանի վերածել։ Այս առումով սկսած է վերանորոգման աշխատութիւն մը։ Անշուշտ որ պատմական նշանակութիւն ունեցող շինութեան մը վերանորոգումը ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է։ Բայց անցեալի սրբավայրին այսօր սրճարանի վերածուիլը խիղճերը վիրաւորող երեւոյթ մը ըլլալով կը տեսնենք։ Այս պահուն մարդ պէտք է իսկոյն մտածէ թէ արդեօք ի՞նչ կը զգայ իր աղօթատեղիին այսքան նպատակէն շեղած գործածութիւնը տեսնելով։
Իրականութեան մէջ շատ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար անցեալին տխուր յուշերը բեռնաւորուած այս կառոյցին յիշողութեան վայր մը ըլլալով վերանորոգուիլը։
Մտահոգ եմ թէ կլկլակի ծուխերուն մէջ այլասերած այս կառոյցը անգամ մը եւս պիտի վիրաւորէ այս յոգնատանջ գաւառը այցելող քրիստոնեաներու հոգեվիճակը։ Հերիք է թալանի տրամադրութեան անյագ ագահութեան ենթարկուինք։