«Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք մահուան 16-րդ տարելիցին առթիւ կը յիշատակուի զանազան միջոցառումներով։
Միջոցառումներուն կարեւորագոյնն է հետզհետէ աւանդական դարձած հանրահաւաքը, որ պիտի կայանայ 19 Յունուար 2023-ին ժամը 15.00-ին, Հրանդի սպաննուած կէտին, այսինքն «Ակօս» նախկին խմբագրութեան շէնքի մուտքին։
«Հրանդի Ընկերները» հարթակը այս առթիւ հրապարակած կոչին մէջ գրած է հետեւեալը՝ «Ձեզ հետ ենք արբարիկ, այստեղ ենք։ Յամառութիւնդ, յոյսերդ եւ քաջութիւնդ մեզ հետ է։ 19 Յունուար 2023-ին ժամը 15-ին դարձեալ 23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրի առջեւ Հրանդ Տինքը կը յիշատակենք»։
Բացի այդ 12 Յունուար հինգշաբթի Փանկալթը Նոսթալժի գրախանութի մէջ ժամը 19.30-ին կայանալիք ասուլիսին իբրեւ ատենախօս պիտի մասնակցին Պիւլենթ Այտըն, Եըլտըզ Էօնեն եւ Ֆերհադ Պաքըրճըօղլուն։
Պերլինի Մաքսիմ Կորքի թատրոնը ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ Հրանդ Տինքը կը յիշատակէ 19 Յունուար երեկոյեան ժամը 20.30-ին Իւմիթ Քըվանչի «Յիշողութիւնը անբաւարար- Հրանդ Տինքի համար ֆիլմ մը» աշխատութիւնով։ Ֆիլմի հեղինակ Իւմիթ Քըվանչ առցանց դրութեամբ պիտի մասնակցի այս միջոցառման։
23 Յունուար շաբաթ օր, Գանատա Օքթթավայի մէջ կայանալիք միջոցառման մեկնարկը 15.30 է։ Օքթթավա Մէյն Լիպրըրի մէջ կայանալիք միջոցառման բանախօսն է Ճիհան Էրտալ։ Էօմեր Օնկուն եւ Սիլվիա Հաքթոթի պարի ներկայացումէն զատ Մահմետ Ֆաթիհ Կիւտենի ֆիլմն ալ միջոցառման մաս կը կազմեն։
Անգարայի մէջ Միտքի Ազատութիւն նախաձեռնութիւնը եւ «ՍոլՖաՍոլ» պարբերականը միասնաբար կը կազմակերպեն միջոցառում մը, որուն առցանց դրութեամբ կը մասնակցի «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։
Բացի մեզի հասնող այս կարգադրութիւններէն տակաւին բազում լսումներ կը ստանանք երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ նախատեսուած ծրագիրներու մասին, որոնց մանրամասնութիւններէն ցարդ տեղեակ չենք եղած։
Միւս կողմէ զանազան հեռուստակայաններ կամ լրատուամիջոցներ սկսած են 19 Յունուարի համար յատուկ հաղորդումներ պատրաստելու։