Ազատ մամուլի ձօնուած ասուլիս Շիշլիի մէջ

10Յունուար թուականը ճշդուած է իբրեւ Գործող Լրագրողներու Օր։ Այս առթիւ Շիշլիի քաղաքապետարանը յատուկ ասու­լի­սով մը քննար­կեց ազատ մա­մու­լի դի­մագ­րա­ւած մար­տահրա­ւէր­նե­րը։ Շուրջօ­րեայ մի­ջոցա­ռու­մը կը բաղ­կա­նար երեք նիս­տե­րէ։ Այսպէս առա­ջին նիս­տի խո­րագիրն էր «Ապա­տեղե­կատուութեան օրէն­քը եւ ըն­կալման ճար­տա­րագի­տու­թիւն»։ Այս նիս­տի ժո­ղովա­վարն էր Շիշ­լիի Քա­ղաքի Խոր­հուրդի նա­խագահ փաս­տա­բան Շիւքրան Էրօղ­լու։ Թուրքիոյ Լրագ­րողնե­րու Արհմիու­թեան նա­խագահ Կէօք­հան Տուրմուշ, Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Եիւքսել Ման­սուր Քը­լըչ, «Ճումհու­րի­յեթ» թեր­թի սիւ­նա­կագիր Մի­յասէ Իլքնուր, «Ֆլաշ Հա­պեր» հե­ռուստա­կայա­նի հա­ղորդման վա­րիչ տոք­թոր Ճիւ­նէյթ Աք­ման եւ Իս­թանպուլ Հա­մալ­սա­րանի Իրա­ւաբա­նու­թեան Բաժ­նի դա­սախօս­նե­րէն տոք­թոր Սեր­թաչ Ըշը­քա։ Այս նիս­տի մէջ զե­կու­ցողնե­րը անդրա­դար­ձան ապա­տեղե­կատո­ւու­թեան դէմ օրէնք անո­ւանու­մով օրա­կար­գի եկած, բայց էու­թեան մէջ գրաքննու­թիւն նշա­նակող նոր կա­նոնագ­րութեան շուրջ։

Երկրորդ նիս­տը կը կրէր «Իբ­րեւ չոր­րորդ ուժ մա­մու­լի դե­րակա­տարու­թիւնը ժո­ղովրդա­վարու­թեան առու­մով» խորագիրը։ Այս նիս­տի ժո­ղովա­վարն էր Իս­թանպու­լի Կնոջ Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու Միու­թեան հա­մակար­գող փաս­տա­բան Նա­զան Մօ­րօղ­լու։ Զե­կոյցնե­րով ներ­կա­յացան «Հալք ԹՎ» հե­ռուստա­կայա­նի հա­ղոր­դա­վար Իս­մա­յիլ Քիւ­չիւքքա­յա, Թուրքիոյ Լրագ­րողնե­րու Միու­թեան վար­չութեան ան­դամ Ու­ղուր Կիւչ, «Պիր­կիւն» թեր­թի սիւ­նա­կագիր Պեր­քանթ Կիւլթե­քին եւ«Թե­լէ 1» հեռուստա­կայա­նի հա­ղոր­դա­վար Մու­րատ Թայ­լան։

Վեր­ջին նիս­տի խո­րագիրն էր «Ատե­լու­թեան պատ­գա­մը եւ մա­մու­լը»։ «Կա­զեթէ Տու­վար» թեր­թի յօ­դուա­ծագիր Սիւ­լէյման Գա­րանի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Լոն­տո­նի Տնտե­սական եւ Քա­ղաքա­կան Գի­տու­թիւննե­րու դպրո­ցի դա­սախօս Փրոֆ. Եասե­մին Կի­րիթ­լի Ին­ճէօղ­լու, «Թ24» թեր­թի գրող Եըլ­տըզ Թար, Յու­նա­րէն «Աբո­յեւմա­թինի» թեր­թի խմբագ­րա­պետ Մի­խայիլ Վա­սիլեատիս, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րանի Իրա­ւաբա­նու­թեան Բաժ­նի դա­սախօս տոք­թոր Ու­լաշ Գա­րան եւ «Ակօս» թեր­թի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Այս վեր­ջին նիս­տի ըն­թացքին ատե­նախօս­նե­րը անդրա­դար­ձան մա­մու­լի սիւ­նակնե­րուն կամ տար­բեր բնոյ­թի լրա­տուա­միջոց­նե­րուն հրա­տարա­կու­թիւնով հա­սարա­կու­թիւնը թու­նա­ւորող ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րուն, վերջ ի վեր­ջոյ ատե­լու­թեան յան­ցանքնե­րու ծնունդ տա­լու երե­ւոյ­թին։

Իր տե­սակին մէջ եզա­կի էր այս մի­ջոցա­ռու­մը, որուն հա­մար յա­տուկ ընդգծում ըրաւ Շիշ­լիի քա­ղաքա­պետ Մո­ւամ­մեր Քես­քին։ Քա­ղաքա­պետը նաեւ շնոր­հա­կանու­թիւն յայտնեց այս մի­ջոցա­ռու­մը ծրագ­րող խոր­հուրդի ընդհա­նուր քար­տուղար Նե­ւին Քափ­լա­նի, Խոր­հուրդի մամ­լոյ եւ սոց­ցան­ցերու յանձնա­խումբի նա­խագահ Սար­վէն Ու­լուքի եւ նոյն խոր­հուրդի նա­խագահ փաս­տա­բան Շիւքրան Էրօղլուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ