Դրան շեմին է ելեկտրականութեան ճգնաժամը

Արցախահա­­յու­­թեան դէմ գոր­­ծադրո­­ւած շրջա­­փակու­­մը հետզհե­­տէ ան­­տա­­­նելի կը դառ­­նայ։ 12 Դեկ­­տեմբե­­րէն այս կողմ Լա­­չին ճա­­նապար­­հի իբ­­րեւ թէ ատրպէյ­­ճանցի բնա­­պահ­­պաննե­­րու ձե­­ռամբ ար­­գե­­­լափա­­կուե­­լէն այս կողմ 120 հա­­զար ար­­ցա­­­խահա­­յեր մատ­­նո­­­ւած են կեն­­ցա­­­ղային հիմ­­նա­­­կան պայ­­մաննե­­րու ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թեան երե­­ւոյ­­թին դէմ առ դէմ։ Հիմ­­նա­­­կանին սննդամ­­թերքի եւ­­ դե­­­ղորայ­­քի պա­­շար­­նե­­­րը սկսած են սպա­­ռիլ։ Ար­­ցա­­­խի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը որո­­շած է սնունդի որոշ տե­­սակա­­նիի հա­­մար կտրօն­­ներ բաժ­­նել քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն։ Այս բո­­լորին վրայ կու գայ աւել­­նա­­­լու ելեկտրա­­կան հո­­սան­­քի մա­­տակա­­րար­­ման դժո­­ւարու­­թիւննե­­րը։

Այս նիւ­­թի մա­­սին «Ար­­ցա­­­խէներ­­գօ» ըն­­կե­­­րու­­թեան փոխտնօ­­րէն Տիգ­­րան Գաբ­­րիէլեան բա­­ցատ­­րութիւններ տա­­լով նշած է թէ 11 Յու­­նո­­­ւարէն սկսեալ եր­­կու ժա­­մով պի­­տի ան­­ջա­­­տուի Ստե­­փանա­­կեր­­տի որոշ թա­­ղամա­­սերու եւ շրջան­­նե­­­րու ելեկտրա­­կանու­­թիւնը։ Մէկ ամ­­սո­­­ւան շրջա­­փակ­­ման պայ­­մաննե­­րուն մէջ ու­­տե­­­լիքէն բա­­ցի նաեւ հո­­սան­­քը սահ­­մա­­­նափակ պի­­տի ըլ­­լայ։

Ար­­ցա­­­խի մէջ ելեկտրա­­կանու­­թիւն ար­­տադրող ջրե­­լեկտրա­­կայան­­նե­­­րուն զգա­­լի մա­­սը Ատրպէյ­­ճա­­­նի վե­­րահսկո­­ղու­­թեան տակ ան­­ցաւ 2020-ի 44-օրեայ պա­­տերազ­­մէն ետք։ Ասոր իբ­­րեւ ար­­դիւնք՝ շեշ­­տա­­­կի կեր­­պով նո­­ւազած է ելեկտրա­­կանու­­թեան հզօ­­րու­­թիւնը։

Ար­­ցա­­­խի մէջ կան կաս­­կածներ, որ խան­­գա­­­րու­­մը մի­­տումնա­­ւոր եղած է, որով­­հե­­­տեւ այդ հա­­տուա­­ծին մէջ՝ մին­­չեւ Աղաւ­­նոն Ատրպէյ­­ճա­­­նին յանձնե­­լը, թեք­­նիք հար­­ցեր չէին եղած։

«Ե՛ւ հա­­ղոր­­դա­­­լարը, ե՛ւ հա­­մապա­­տաս­­խան բո­­լոր նիւ­­թե­­­րը թար­­մա­­­ցուել են, այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռով վթա­­րը որ­­պէս այդպի­­սին, մեր կար­­ծի­­­քով, ինքն իրեն չէր կա­­րող լի­­նել», ըսաւ «Ար­­ցա­­­խէներ­­գօ»ի փոխտնօ­­րէն Տիգ­­րան Գաբ­­րիէլեան։

«Ար­­ցա­­­խէներ­­գօ»ն քա­­ղաքա­­ցինե­­րը յոր­­դո­­­րեց կա­­րելի եղա­­ծին չափ խնա­­յողա­­բար օգ­­տա­­­գոր­­ծել հո­­սան­­քը՝ հա­­ւանա­­կան յա­­ւելեալ ան­­ջա­­­տումնե­­րէ խու­­սա­­­փելու նպա­­տակով։

Ըստ Ար­­ցա­­­խի կա­­ռավա­­րու­­թեան տո­ւեալ­­նե­­­րուն՝ նա­­խորդ 4 շա­­բաթ­­նե­­­րու ըն­­թացքին Ար­­ցախ չէ ստա­­ցած առա­­ւել քան 12 հա­­զար թոն կեն­­սա­­­կան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ապ­­րանքներ։

Կար­­միր Խա­­չի մի­­ջազ­­գա­­­յին կո­­միտէն ու Ռու­­սիոյ խա­­ղաղա­­պահ­­նե­­­րը անոր միայն չնչին մա­­սը մա­­տակա­­րարե­­ցին։ Ու­­տե­­­լիքի շեշ­­տո­­­ւող սղու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով փա­­կուե­­ցան 41 ման­­կա­­­պար­­տէզներ, 56 նա­­խադպրո­­ցական խումբեր եւ 20 եր­­կա­­­րօրեայ ու­­սումնա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւններ։ Ստե­­փանա­­կեր­­տէն կը շա­­րու­­նա­­­կեն ահա­­զան­­գել, որ շրջա­­փակ­­ման պատ­­ճա­­­ռով, Ար­­ցա­­­խի 120 հա­­զար բնակ­­չութիւ­­նը, որոնց մէջ շուրջ 30 հա­­զար մա­­նուկներ, կանգնած են սո­­վի վտան­­գին առջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ