ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, իսկ աւելի ուշ տեղի ունեցաւ նաեւ եռակողմ հանդիպում մը։
Փութինի եւ Փաշինեանի տեսակցութեան ընթացքին Ռուսիոյ ղեկավարը դարձեալ անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի շրջանառութեան աճող կշռոյթին, նոյն ժամանակ ան ընդգծեց, որ այժմ այլ կարեւոր հարցեր կան։ «Մենք ձեզի հետ դեռ երէկ սկսանք զրուցել, եւ կարելի եղաւ երեքով խօսիլ. անշուշտ, գլխաւոր հարցը Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորումն է ընդհանուր առմամբ, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, ամէն ինչ, որ կապ ունի Ղարաբաղի հետ: Այնպէս որ, ինչպէս պայմանաւորուած էինք, կը քննարկենք այդ հարցերը մանրամասնօրէն», ըսաւ Փութին։
Փաշինեան, իր կարգին, պնդեց, որ կ՚ուզէ տարածաշրջանի ամենէն կարեւոր հարցը քննարկել։
«Ի հարկէ, դուք ճիշդ էք` այս պահին ամենագլխաւոր, ամենէն գործնական հարցը ճգնաժամն է, որ ունենք Լաչինի միջանցքում։ Գիտէք, որ արդէն մօտ քսան օր է`այդ միջանցքը փակ է։ Դա ռուս խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտին է Լեռնային Ղարաբաղում», նշեց Փաշինեան։ Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան քանի մը անգամ կրկնեց, որ Լաչինի միջանցքը կը գտնուի ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ։ Ան շեշտեց, որ հիմա իրավիճակ փոխուած է։
Թէեւ պաշտօնապէս եռակողմ հանդիպում նախատեսուած չէր, սակայն, Փութին, Փաշինեան, եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 26 Դեկտեմբերին քննարկեցին տարածաշրջանին իրավիճակը։
Ալիեւ եւ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկ կը գտնուէին ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական հաւաքի ծիրին մէջ, ուր միացեալ նիստ գումարուեցաւ։ Յստակ չէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի քննարկումը: Փութինի բանբերը միայն ըսաւ, թէ «խօսքը ամբողջական ձեւաչափով եռակողմ հանդիպման մասին չէ», այլ` վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու: Ոչ պաշտօնական Հայաստան, ոչ ալ Ռուսին այս հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ հաղորդեցին։