ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Քարը քարին վրայ դիզել։ Այս եղաւ հայուն յատկանիշը։ Բաբելոնէ այս կողմ, իւրաքանչիւր ժողովուրդ երկրագունդի վրայ գոյութիւնը նկարագրող յատկութիւնով մը ներկայացուց իր կոչումը։ Ոմանց վիճակեցաւ կերտել, եւ ուրիշներուն ալ աւերել։
Կերտելու եւ աւերելու խաչմերուկին վրայ, հազարամեայ ողբ մըն է Անին։ Երկնային արքայի գահը նուաճելու չար միտքով մեկնարկած էր Բաբելոնեան աշտարակի շինութիւնը։ Է՛ութեան պատժի մարդկային փոխադարձն է Անին։ Համաշխարային ճարտարապետութեան ներշնչման աղբիւրն է ան։ Աղբիւր՝ որուն ջուրով յագեցան եւրոպական տարածքի վրայ կոթական ոճի ճարտարապետական կոթողները կառուցողները։ Այդ աղբիւրի ջուրն էր, որ հասաւ Կոստադնուպոլիս, Սուրբ Սոփիայի գմբէթի կամարները կապելու։
Բանաստեղծական, երաժշտական, գեղանկարչական բազում ստեղծագործութիւններով հայը, հայավարի ու հայերէն ողբաց հայու միտքով ու ձիռքով կերտուած ու ապա որբացած Անիի տառապանքը։
Միւս կողմէ Անիի ձգողութենէն տարուելու համար պայման չէ հայու ծագում ունենալ։ Ան իր հրապոյրով կը հմայէ բոլոր անոնց, որոնք կը գիտակցին գեղեցիկին ու արժէքաւորին։
Այդպիսիներու շարքէն է Կարսեցի Վետադ Աքչայէօզ, որ նուիրեալ աշխատանք կը վատնէ Անիի առեղծուածը բացայայտելու համար։ Այո՝ առեղծուած մըն է Անին, թէ հողի երեսին տեսանելի սքանչագործութիւններով, եւ թէ ստորերկրեայ, գետնափոր քարանձաւներով։ Կան վարկածներ, ըստ որու այդ գետնափոր քարանձաւները հատելով Ախուրեանի յատակը, կը հասնին գետի հանդիպակաց ափին, որ կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու մէջ։
Վետադ Աքչայէօզի վերջին ուսումնասիրութիւններու առանցքը կը կազմեն Անիի տաճարներու որմնանկարներու յայտնաբերումը։ Ան՝ օգտուելով համակարգչային կարգ մը ծրագիրներէ, յաջողած է նաեւ վերարտադրել մեծաւ մասամբ ոչնչացած որմնանկարները։ Թէ որմանկարներու ենթադրական ամբողջութեան մօտենալու եւ թէ ստորերկրեայ քաղաքի մասին նոր յայտնաբերումներու ակնարկելով գիրքը կոչուած է «Անին՝ նոր գիւտերով»։
Բացի այդ, ստորերկրեայ առեղծուածային քաղաքի մասին իր կողմէ առնուած լուսանկարներով հարուստ այս ուսումնասիրութեան հրատարակութեան մեկենասը եղաւ Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու «ՀայՃար» Միութիւնը։ Արդարեւ «Ակօս» տուած այցելութեան պահուն, հեղինակին կ՚ընկերակցէին ճարտարապետներ, «ՀայՃար»ի ատենապետուհի Կիւլիզար Արթուչ եւ նախորդ շրջանի ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ։
Արթուչ եւ Էօզգարակէօզ, Պալեաններու նախագիծները նիւթ առնող, այդ ոլորտի մէջ բոլորովին նոր գիտելիքներ ներկայացնող հատորի հրատարակութենէն ետք, մեծ գոհունակութիւն կ՚ապրէին Աքչայէօզի գիրքին մեկենասութեամբ։ Անոնք այս հրատարակութիւնները կը բնութագրէին իրենց միութեան հասարակական ծառայութեան օրինակներ ըլլալով։
Արհեստավարժներու կազմած միութիւնները իրենց նպատակ կը դնեն երկու ուղիներ։ Առաջինը, նոյն կամ նման արուեստներով զբաղողներու միջեւ զօրակցութիւնն է։ Իսկ երկրորդը, անոնց հասարակութեան հանդէպ պատասխանատուութեան պահանջած ծառայութիւնը։ Այս երկրորդի շնորհիւ անոնք կը կոչուին հասարակական կազմակերպութիւն։
Մեր սեղանին դրուած է պատուաբեր աշխատասիրութիւն մը, որ կու գայ աւելնալու Անիի ձօնուած գրականութեան հսկայ պաշարին վրայ, նոր գերազանցութիւն մը ըլլալով։ Նոր գերազանցութիւն մը, քանի ան նոր ուղիներ բանալու կարողութիւն ունի ապագայի հետազոտիչներու համար։ Մեզի կը մնայ շնորհաւորել մեր վաղեմի բարեկամ Վետաթ Աքչայէօզը, իր այս թանկարժէք ուսումնասիրութեան համար։ Նոյնպէս շնորհաւորելու արժանի է «ՀայՃար» միութիւնը, նման աշխատութիւնը խրախուսող գիտակցութեան առումով։