ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Կարծես թէ համավարակի պատճառած երկու տարուայ մեկուսացումը չենք կրցած թօթափել։ Թերեւս այդ է պատճառը որ Ամանորի նախօրեակին ուրախութիւն պատճառելու առիթ ընձեռող երեւոյթներուն հանդիպելու կը դժուարանամ։ Այս մտատանջութիւնը փառատեցաւ սոցցանցերու մէջ Կարէնիթօներուն հանդիպելով։ Անզգալաբար ժպիտ մը պատեց թէ դէմքս եւ թէ ներքնաշխարհս։ Ինծի այդ ուրախութիւնը պատճառող Կարէնիթօները այսպէսով իրենց նպատակին հասած էին։ Ես ալ որոշեցի անոնց ջերմութիւնը թերթին էջերուն փոխանցելով ընթերցողներուն հետ բաժնել իմ մէջ գոյացած տրամադրութիւնը։
Այսպէսով գտայ Կարէնը։ Իմ առաջարկով Ամանորեայ Կարէնիթօներ պատրաստեց։ Երկու կատուներ ու շնիկ Կարէնին ներշնչման աղբիւրներն են։
Այս զրոյցով ես մուտք գործած եղայ յատուկ ու երջանիկ աշխարհէ մը ներս, ուր մեծ համերաշխութամբ կ՚ապրին Կարէն Պուլտուք, երկու կատուները՝ Սիփսի եւ Թիփսի, շնիկը Քոֆի եւ անոնց միասնաբար արտադրած Կարէնիթօները։ Այս զրոյցով կ՚իմանամ թէ Կարէն աւարտած է նախ Պաքըրգիւղի Տատեան եւ ապա Կեդրոնական վարժարանները։ Աւարտած է նաեւ Պէյքենթ Համալսարանի կրաֆիքի բաժինը։ Նոյն նիւթով ուսում ստացած է նաեւ Էսքիշեհիր Անատոլու Համալսարանի գեղարուեստական բաժինը։ Վերջապէս այս բոլորէն ետք աւարտած է նաեւ Մատրիտի Համալսարանի գեղարուեստական բաժինը։
Զանազան համալսարաններէ ներս կուտակած փորձութիւնները Կարէնին կ՚ընձեռեն արտադրութեան ալ տառատեսակ դրութիւններ։ Ան գծանկարչութիւններու կողքին կերպարներ կերտելու, թուային դրութիւններով բովանդակութիւններ արտադրելու, թիփոկրաֆիկ տպագրութեան, լուսանկրաչութեան ու վիտյօ ժապաւէններու կիրարման եղանակները իր աշխատանքի անսահմանութեան ապացոյցներն են կարծես։
Այս աշխատաութիւններով նուաճած է զանազան մրցանակներ։ Մասնակցած է երկրէ ներս եւ արտերկրի զանազան ցուցահանդէսներուն։
«Սրտնեղութեան մը պահուն թուղթ ու մատիտ վերցնելով սկսայ կերպար մը ձեւաւորել։ Պարզ փորձ մըն էր, որուն արդիւնքը աննախադէպ եղաւ։ Ուրիշներ այս կերպարը տեսնելով խրախուսող մեկնաբանութիւններ բերին։ Սկսայ կողքի կերպարներս եւս պատրաստել։ Վերջապէս անոնց համար գտած էի յարմար կոչում մըն ալ՝ Կարէնիթօներ։ Իրականութեան մէջ Մատրիտի ուսանողական տարիներուս ընկերներս ինծի վայելեցուցած էին Կարէնիթօ անունը։ Հետեւաբար այս անուանումը տարօրինակ պիտի չըլլար նոր կերպարներուս համար, քանի որ ես անոնց մէջ ինքզինքս կը տեսնէի։ Չէ որ Կարէնիթօներու արկածախնդրութիւններն ալ իմ ամենօրեայ ապրումներէն կը ներշնչուէին։ Նոյնիսկ կրնամ ըսել թէ անոնք իմ սիրասուն եւ խենդուկ երախաներն են։
Կարէնիթօներուն հետ արդէն անցած ենք տասը տարուայ ճանապարհ մը։ Նշեմ որ Կարէնիթօները իբրեւ կերպար ունին նմանութիւններ ու տարբերութիւններ։ Անոնց հասարակած նմանութիւնը մէկական գիծէ բաղկացող, սրունքներն ու թեւերն են։ Ուրիշ նմանութիւն մըն ալ արտակարգօրէն խոշոր աչքերն են։ Բայց բացի այս հասարակ նմանութենէն իւրաքանչիւրը ունին յատուկ տարազ, անուն եւ նաեւ բնաւորութիւն։
Կարէնիթօները մանաւանդ ալ անչափահասներու հետ հանդիպելու միջոցներ ունին։ Այդ միջոցներէն մէկն է «ԵուԹուպի» վրայ տեղադրուած զուարճալի դաստիարակչական ժապաւէնները։ Ափսոս որ այս աշխատանքին վերջերս լծուեցայ եւ Ամանորի համար բաւականին Կարէնիթօներ չեմ կրցած պատրաստել։
Ինծի համար մանուկներու երեւակայութիւնը շարժման բերելը նպատակ մը կրնայ համարուիլ։ Շատ ուրախ կ՚ըլլամ եթէ դպրոցներէ ներս մանաւանդ մանկապարտէզի սաներով աշխատանոցներ կազմակերպելու առիթը ունենամ»։