Պոլսոյ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները՝ տնօրէն Մուրատ Մարաշի, հայերէնի ուսուցչուհի Թալին Չորթան Կարիպկիւնի, միջնակարգի ուղեցոյց ուսուցչուհի Այլին Ալթընթօփուզի հետ Ամանորի նախօրէին այցելած են Հրանդ Տինք վարժարան։
Թարգմանչաց վարժարանի սաները հաճելի անակնկալ պատրաստած էին։ Անոնք Հրանդ Տինք վարժարանի աշակերտներուն նուէր բերած էին իրենց ձեռքով պատրաստած մեծ ու զարդարուն տօնածառ, անուշեղէնով լի կողով, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու թխած բլիթներն ու իրենց պատրաստած ամանորեայ շնորհաւորական բացիկները վաճառած ու հասոյթը դպրոցին նուիրաբերած էին։ Դպրոցի տնօրէն տիկին Հերիքնազ Աւագեանը կարեւորեց այսօրինակ հանդիպումները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով եւ ընդգծելով, որ նման այցելութիւնները պանդխտութեան մէջ ապրող հայաստանցի երախաներուն ուժ կու տան, քանի որ անոնք կը տեսնեն թէ, մինակ չեն՝ իրենց կողքին են պոլսահայ քոյր ու եղբայրները։
Հրանդ Տինք վարժարանի երդիկի տակ երկու վարժարաններու մասնակցութեամբ երգ ու պարի ջերմ մթնոլորտին Ամանորին ընդառաջ բոլորը միմեանց շնորհաւորեցին գալիք Նոր Տարուայ առթիւ։