Համաշխարհային հայութիւնը շունչը բռնած կերպով կը հետեւի Լաչինի միջանցքը փակելով բովանդակ Արցախին մատնուած մեկուսացման։ Ալիեւի առաւելապաշտ ռազմավարութեան դիմաց Աղցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները ճարահատօրէն յոյսեր կը կապեն միջազգային հասարակութեան արձագանգին։ Տակաւին երեկ էր, երբ միջազգային հասարակութիւնը Պելառուսի նախագահի բերնով կը յայտարարէր թէ Հայաստանի դաշնակից երկիրները բարեկամական կապեր ունին Ատրպէյճանի հետ եւ չեն ուզեր այդ բարեկամութիւնը խանգարող որեւէ դերակատարութիւն ունենալ։ Այս բոլորով հանդերձ Արցախի իշխանութիւններուն աղաղակը կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն «Ասպարէզ»ի էջերէն քաղերով նիւթի հետ առնչուած խորագիրները։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դիմեց միջազգային հանրութեան. Արցախի ապաշրջափակման համար համարժէք գործիքակազմ մը կիրարկելու խնդրանքով։ Այս մասին կը նշուի գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ. Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շրջափակման օրէն մինչեւ այսօր բազմաթիւ նամակ-դիմումներ յղած է տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու տեղեկատուութիւն տրամադրելով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ եւ հայցելով համապատասխան աջակցութիւն. Արցախի ապաշրջափակման համար։
«Շրջափակման պատճառով խախտւում են Արցախի ժողովրդի հիմնարար իրաւունքները։ Մարդիկ զրկուած են ազատ տեղաշարժի, պատշաճ բուժօգնութիւն ստանալու իրաւունքից եւ կենսական նշանակութեան ապրանքների մատակարարումից։ Ստեղծուած իրավիճակը Ատրպէյճանի կողմից տարիներ շարունակ վարուող հայատեաց քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է», յայտարարեց պաշտօնական Ստեփանակերտ. Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ այս քաղաքականութիւնը մարտահրաւէր է ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին եւ «անվերապահօրէն պէտք է արժանանայ կոշտ արձագանգի»։
Իրան առաջին անգամ ըլլալով արձագանգեց Լաչինի միջանցքի
Պաշտօնական Թեհրան 20 Դեկտեմբերին՝ Լաչինի միջանցքի փակումէն 9 օր ետք, առաջին անգամ ըլլալով արձագանգեց Լաչինի միջանցքի արգելափակման. Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասըր Քանանի յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցը կը լուծուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան միջոցով եւ խաղաղ ուղիով՝ հաստատելով, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը կը պահանջէ թոյլ չտալ որեւէ անհարկի լարուածութիւն։
«Մենք կը կարծենք, թէ 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարին մասին եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու ամբողջական իրականացումը կրնայ վերջակէտ դնել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն», յայտնեց ան՝ պատասխանելով իրանեան լրատուամիջոցներու հարցումին։
Ուրուկուայի Ծերակոյտը Լաչինի վերաբերեալ յայտարարութիւն
մը ընդունեց
Ուրուկուայի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունեց յայտարարութիւն մը, որեւն միջոցաւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընէ՝ ազատ տեղաշարժ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքով։ Այս մասին «Թուիթըր»ի միջոցով յայտնեցին Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցչութիւնը։
«Քանի մը վայրկեան առաջ Ուրուկուայի Ծերակոյտը միաձայն կողմ քուէարկեց յայտարարութեան մը, որուն միջոցաւ կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ տեղաշարժ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքով՝ վերջ դնելով ճնշումներուն», կ՛ըսուի Հայ Դատի հաղորդագրութեան մէջ.
Արամ Ա. Կաթողիկոսը
Լաչինի միջանցքի հարցով դիմեց Սաուտական Արաբիոյ
միջամտութեան
Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Սաուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարի։
Վեհափառը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սաուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը։ Ապա, վեհափառը եւ դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սաուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական հարցերուն վերաբերող կարգ մը հարցերու շուրջ։
Յայտնենք, որ կաթողիկոսը քանի մը օրեր առաջ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած էր՝ միջամտելու Լաչինի միջանցքի վերաբացումը երաշխաւորելու գծով։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ), Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդը (ԵԵԽ) եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) զանազան կերպերով եւ հրապարակային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Ատրպէյճանի բարբարոս արարքները՝ իբրեւ խախտում միջազգային օրէնքի եւ պահանջեցին Լաչինի միջանցքին անյապաղ վերաբացումը։
Ֆրանսիս պապը անցեալ Կիրակի օրուան պատգամին մէջ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց՝ խաղաղ լուծում մը գտնելու՝ յանուն մարդոց բարօրութեան։
Նոյն օրը երեկոյեան, Արցախի հարցին շուրջ խորհդակցութիւն ունեցան երկու վեհափառ հայրապետները եւ ընդգծեցին զոյգ Նուիրապետական Աթոռներուն այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու կարեւորութիւնը։