Անօրինութեան երկարատեւ պատմութիւն մըն է Պոմոնթիի Մխիթարեան Վարժարանի շէնքի սեփականութեան նիւթը։ Գնուած շէնքը տարիներ ետք գրաւուած էր պետութեան կողմէ եւ վերադարձուած իր նախորդ տիրոջ ժառանգորդներուն։
Սահմանադրական Ատեանը դպրոցի վարչութեան 2019 թուակիր դիմումը վերջապէս որոշումի մը բերաւ եւ յայտնեց թէ պետութեան գրաւումով ոտնակոխուած է սահմանադրութեան սեփականութեան մասին 35-րդ յօդուածը։ Դատարանը իր այս որոշումին մէկ օրինակն ալ ուղարկած է անօրէն որոշումի վճիռը կայացնող 13-րդ Հիմնական Իրաւական Ատեանի դատավարութիւնը վերսկսելու պահանջով։
Սահմանադրական Ատեանը մերժած է նաեւ դիմող կողմի հատուցման պահանջը։
Այս վերջին զարգացումէն ետք 16 Դեկտեմբեր ուրբաթ օր, վարժարանի մէջ կայացաւ մամլոյ ժողով մը։ Արհ. Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի ներկայութեամբ կայացող մամլոյ ժողովին բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց 14 տարուայ օրինական պայքարին բերած այս նուաճումին համար։