ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Երկիր, ազգ, հայրենիք, հասարակութիւն, համայնք, ժողովուրդ, ամբոխ, հանրութիւն, բնակչութիւն։ Այս բառերէն իւրաքանչիւրը ունի ի՚ր իմաստն ու ծաւալուն բովանդակութիւնը, ի՛ր անխափան արժէքը որու հետ նաեւ, ի՛ր պահանջներն ու մօտեցումները գուրգուրանքով բոլոր հայերու՝ իւրաքանչիւրի կարողութեան համեմատ։ Այդ արժէքներու բաղադրիչները՝ բարեկեցութիւն, մշակոյթ, լեզու, առողջապահութիւն, արդարադատութիւն, բանակ, կրթութիւն եւ այլն անվարան պարտադիր եւ կենսական է պահպանել ու զարգացնել։ Ցաւօ՜ք այն յարգուած չէ բնակչութեան մի մասի կողմէ, այնքան որ իրար ատելը հասած է թշնամանքի մակարդակի, իսկ թերացումները բազում են։ Թերեւս այդ է պատճառներէն մէկը ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ՀՀ եւ Արցախի շուրջը։ Քանզի սահմանի միւս կողմը կը տեսնեն որ հայերը դեռ բռունցք չեն դարձած։
Ատրպէյճանը մեզ բզկտելու նպատակով օրըստօրէ նոր պահանջ կ՚ստեղծէ, որ իր սկզբնական իղձն է։ Իսկ ռուս խաղաղապահներն կը համոզեն որ հնարաւոր չէ եւ չեն կարող ոչինչ ընել՝ պէտք է համակերպուել աւելի վատէն փրկուելու համար։ Մինչ Բերձորի միջանցքը բացառապէս նոր պատերազմ սկսելու սադրանք է, պատրուակ եւ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցները, որ անքուն գիշերներ կ՛անցկացնեն աշխարհը փրկելու՝ նոր պատերազմը անխուսափելի կը համարեն։ Իսկ հայրենի մեր ամենագէտները համահունչ սփիւռքի որոշ մամուլի հետ, կրկին փախցնելով լռելու առիթը, կ՚աղմկեն թէ ՀՀ արդի իշխանութիւնները ակնյայտօրէն՝ մտադիր չեն կանխել պատերազմը ու չեն էլ աշխատիր այդ ուղղութեամբ։ Կարելի՞ է աւելի տխմար ըլլալ քան նման թերուսները որ կուրացած են նիկոլախտով եւ պատրաստ են ամէն տեսակի ստոր քայլի եւ հասկանալու ընդունակ եւս չեն որ լինել չլինելու վիճակին ենք եւ հասուն է հաւանականութիւնը նոր բախումներու առումով՝ մեր «թղթից շերեփ»ի դիմաց, իսկ ազերի բորենին գեղեցիկ խօսք ու գիր չի հասկանար, ան կը ճանաչէ զէնք եւ կոշտ ուժ։ Պարզամիտ պէտք է լինել չհասկանալու որ Ալիեւի աճպարարութիւնները Սիւնիքի միջանցքին տիրանալն է, եւ պատրաստ ամէն գնով հասնիլ այդ նպատակին։
Անժխտելի փաստի առջեւ ենք որ հասարակական կարծիք ստեղծող հայ տարատեսակ մամուլը հիւանդ է, մթնոլորտը՝ թունաւոր Արմենպրեսի հետ մէկտեղ։
Մեծ մասամբ անոնցմէ ոմանք կը գործեն ինչ որ մէկու պատուէրով եւ այնքան մխրճուած են ոլորանի սուտ ու կեղծ գալարներու մէջ որ, անոնցմէ մէկը կը համարձակի նշել թէ միջազգային չափանիշերով «Եւրատեսիլ»ը ոչ կարեւոր միջոցառում ըլլալով, պետութիւնը այսու հանդերձ չէ կարողացած այն ծառայեցնել քարոզչական նպատակներով եւ նոր գալիք պատերազմի վտանգը կասեցնել։ Աւելի հեռու կ՚երթայ Զարթօնքը։ Կը կարդանք խմբագրականը՝ «Արցախի ելքը միայն անկախութեան միջազգային ճանաչումին ի խնդիր՝ մեր միահամուռ եւ գործնական պահանջին մէջ կը կայանայ»։ Ս.Յ.
Ինչպիսի՜ պայծառ միտք։ Բաւական է միահամուռ պահանջենք եւ ամէն ինչ ըստ կանոնի տեղաւորենք՝ Ալիեւը ծնկի կը գայ։
«Խելքին աշեցէք», պիտի ըսէր զառամեալ գուսանը։ Նման մտքերու ծնունդը սերտօրէն կապուած է հայեցի ընդհանուր գաղափարախօսութեան բացակայութեան, եղած մտաւորականներու կրաւորական կեցուածքի եւ որ շատ կարեւոր է, համատարած թերուս լինելը որուն կարելի է կցել նաեւ տնտեսական վիճակը, որ հեռու է համասեռ ըլլալէ որ չի նշանակեր թէ բոլորը միեւնոյն մակարդակի կենցաղ պիտի ունենան, միայն թէ նուազագոյնի նիշը իրականութիւնէն շատ հեռու է։ Ի՞նչ կարելի է ըսել լեզուի եւ մշակոյթի մասին, երբ թերի գրագիտութիւնը դարձած է համակարգ, համաճարակ ուր կը տիրեն ամօթալի անկլոհայերէնը, եւ եւրատեսիլի մակարդակը, իսկ իւրաքանչիւրը իր կատարելութեան հետեւելու փոխարէն ամէն ինչի լուծումը կ՚սպասէ պետութիւնէն, որու դերը հսկայական է, բայց յաճախ ան եւս նոյն անձանց խմբաւորում է։
Հայ դպրոցը վրիպած է իր դերը։ Միակ գաղափարը, որ բազում հայրենաբնակներու մէջ , համատարած եւ ամրագրուած է՝ արտագաղթն է որ կը մնայ աներեր եւ շատերը՝ եթէ իրենք տրամադիր չեն գաղթելու, ապա կ՚ուղարկեն զաւակները։
Անուն չտանք, քանզի այնքան նման են իրար՝ իրենց մտքերով, գործածած բառապաշարով եւ կեղծիքի մակարդակով, որ ամէն մէկը կը ճանաչէ ինքն իրեն։
Արտերկիր բուժուիլը, դարձած է սովորոյթ որ նման է ԵՄ-ի արդարադատութեան դիմելու, իսկ կալանքի դէպքին, կը դառնայ՝ անբուժելի հիւանդ քաղբանտարկեալի պիտակ։ Օրինակները շատ են։
Ճիշդ է որ պատերազմ ենք կորցրած որու պատճառները բազում են եւ այլազան։ Մեր պայմանները բարենպաստ չեն, մեր տարածքը շրջապատուած է արիւնարբու թշնամիներով որ հոգեբանական ճնշում կ՚ստեղծէ։ Իսկ Ալիեւի ու Էրտողանի լրբութիւնները սահման չունին։
Ճիշդ է նաեւ որ կարելի է մտածել, թէ մենք ի՞նչ սխալներ ենք գործած, կը շարունակենք գործել՝ առանց մի պահ անդրադառնալու որ այդտեղ է թաղուած խոզի գլուխը։
Կան տարբեր ամբոխավար կարծիքներ՝ հակադրուած, չմտածուած հիմքերով երբ ոմանք յամառօրէն կը կրկնեն թէ կործանման եզրին ենք եւ պիտի շուտափոյտ միանանք մի մեծ երկրի, կամ կը ոգեկոչեն ռուսէն հեռանալու, կամ մէկը միւսէն աւելի անմիտ տարբերակներ ու տխմարութիւն։ Բայց ոչ մէկ տեղէն ձայն չեկաւ թէ ինչպէս ընել որ գլուխ գլխի գալով միասին քննարկենք եղած հնարաւոր ուղիները, եւ մեր ջանքերով նուազ վնասով մի ելք գտնենք՝ զանց չառնելով ենթադրեալ օգնութիւնները դուրսէն։ Յաճախ կը մտորիմ թէ արդեօք անկախութիւնը ճի՞շդ էր մեզ համար, եւ ի՞նչ ունեցանք՝ բացի մաշումէն ու անհամար կորուստներէն, կորցնելով բանականութիւնը եւ պատշաճ հասարակութիւնը, եւ արդի վիճակով հեռու չենք ամբոխ ըլլալէ, մինչդեռ առկայ են երկրներ որ աւելի վատ կացութեան մէջ գտնուելով կարողացան ոտքի կանգնել եւ մինչեւ իսկ առաջնակարգ կացութիւն ստեղծել ինչպէս Գերմանիան, Կորեան, Սինգապուրը եւ այլք։
Որքան որ ցաւալի ըլլայ, անհնար է հարց չտալ՝ ինչո՞ւ մենք այդ ցանկի վրայ չենք եւ նոյնիսկ եթէ թերեւս նաւթ ունենայինք, դարձեալ չկարողանայինք իրար հասկանալ քանզի պառակտուելու հնարաւորութիւններ աւելի շատ կ՝ունենայինք։ Տեսնենք թէ արեւածագը ո՞րտեղէն է գալու։
(Սեն Ռաֆայէլ)