ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Էմին Ալփերի մրցանակներ նուաճած ֆիլմի հանդէպ Մշակոյթի նախարարութեան դժգոհութիւնը։
Այս շաբթու մէջ ֆիլմը դիտելով հաստատած եղանք նախարարութեան դժգոհութեան որքան տեղին հիմքեր ունենալուն։ Իսկապէս ալ Էմին Ալփեր երկրի տիրող յետադիմականութիւնը, մոլեռանդութիւնը, ժողովուրդի որոշ հատուածի մը մէջ հիմք դրած բարբարոսութիւնը առանց քաղաքական կաղապարներու ենթարկուելու, շարժանկարի արուեստի ընձեռած յատուկ պատմելաոճով փոխանցած է հանդիսատեսին։
Իբրեւ թէ բարոյական արժէքներու ու հաւատքի քօղով ծածկուած վայրագութիւնը ամենայն մերկութեամբ պարզուած է շնորհիւ բեմադրիչին կարողութեան եւ դերասաններու վարպետութեան։ Առաջին տեսարաններով արդէն իսկ ցնցիչ է ֆիլմը, ուր կը նկարագրուի որսի դրուագ մը։ Իբրեւ թէ վարազներու դէմ կազմակերպուած բազմանդամ որսը կարելի է դիտել նաեւ փոխաբերական ընկալումով։ Սպաննուած վարազին թրաքթէօրի մը կապուած դին ամբողջ քաղաքով շրջանցելը կը մտաբերէ մօտ անցեալին զոհուած հայդուկներու դիակներուն զինուորական զրահապատ ինքնաշարժներու ետին կապուելով կատարուած տողանցքները։ Որսի պիտակի մէջ սպաննելը հաւաքական հիսթերիայի մը վերածուած է կեղծ անունով նշուած այդ գիւղաքաղաքին մէջ, որ այդքան ալ անծանօթ չէ հասարակ թուրքիացիի մը համար։
Այս գեղարուեստական ժապաւէնը դիտելով անգամ մը եւս հաստատած եղանք կինօ-արուեստի ուժը, որ բնականաբար սարսափ պիտի պատճառէր իրողութիւններու փոխարէն ընկալումներու նախապատուութիւն տուող մտայնութեան մը նախարարութեան համար։