Պատրիարքական Աթոռի խնամակալութեամբ գործող Սանասարեան Հիմնարկի (Վաքըֆ) պատկանող Սանասարեան Խանի վերաբերեալ, Պետական պաշտօնաթերթի (Resmi Gazete) 14.12.2022 թուի 32043 համար թիւին մէջ հրապարակուած, Սահմանադրական Ատեանի 03.11.2022 թուակիր որոշումին կապակցութեամբ անհրաժեշտ նկատուած է հանրային կարծիքը լուսաբանել։
Ինչպէս ծանօթ է, «Սանասարեան» Հիմնարկը հաստատուած է Մկրտիչ Աղա Սանասարեանի կողմէ, հայ աղքատ տղոց կրթութեան, ուսման, բնակութեան եւ սնունդի կարիքները դիմագրաւելու նպատակով, ըստ տրամադրութեան 10.10.1901 թուի դատարանի որոշմամբ գրանցուած հիմնարկի պայմանագրին։
Այս նպատակը իրականացնելու համար Մկրտիչ Աղան գնած է Սանասարեան Խանը։ Նուիրատուն հիմնարկի միակ հոգաբարձու եւ միակ իրաւապահ նշանակած է Թուրքիոյ Հայոց օրուան պատրիարքը կամ պատրիարքական տեղապահը. Սակայն վարչութեան յետագայ գործառնութիւններու բերմամբ, 1936 թուին «Սանասարեան» Հիմնարկը յայտարարուած է որպէս գրաւեալ հիմնարկ՝ այն պատճառաբանութեամբ, թէ ան չունի բարեգործական կամ գործառնական նպատակ, իսկ 1952 թուականին Սանասարեան Խանի սեփականութիւնը դուրս գրուած է մեր վրայէն։
Խանը վերադարձնելու պահանջքով Պատրիարքական Աթոռի կողմէ 2011 թուականին փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջոցաւ ձեռնարկուած է իրաւական գործընթացի եւ Հիմնական Իրաւական Ատեանի մօտ կալուածական սեփականաթուղթի ջնջման եւ գրանցման դատ բացուած է։ Տեղական ատեանի ու Վճռաբեկ Ատեանի մօտ, երբ մեր դատը մերժուեցաւ «Սանասարեան» Հիմնարկը գրաւեալ հիմնարկ նկատելու պատճառաբանութեամբ, 2019 թուին որպէս վերջին միջոց դիմում ներկայացուեցաւ Սահմանադրական Ատեանին։
Սահմանադրական դատարանի կատարած քննարկման որպէս արդիւնք, յայտնաբերուեցաւ, թէ մենք իրաւացի էինք եւ կարելի չէր «Սանասարեան» Հիմնարկը համարել գրաւեալ հիմնարկ, շեշտուեցաւ որ հիմնարկի ներկայացուցիչն է Պատրիարքական Աթոռը, եւ Խանը կը պատկանի մեզի։ Որպէս Պատրիարքական Աթոռ, այս առթիւ կը փափաքինք մեր գոհունակութիւնը յայտնել, Սահմանադրական Ատեանի կայացուցած արդար, խղճամիտ եւ արդարադատ որոշման համար։
Յառաջիկայ օրերուն, Սահմանադրական Ատեանի յիշեալ որոշումին ուղղութեամբ, տեղի պիտի ունենայ վերադատաքննութիւն՝ մեր սեփականութեան իրաւունքի սահմանազանցութեան բարձման համար։ Այսու կու գանք հանրութեան ուշադրութեան նկատառման յանձնել, որ դատական գործընթացը ուշադրութեամբ մօտէն կը հետապնդուի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ