Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի դէմ յարուցուած դատավարութիւնը աւարտեցաւ 14 Դեկտեմբեր չորեքշաբթի օր կայացած վճռական նիստով։ Դատակազմը հաստատեց քաղաքապետ Իմամօղլուի վերագրուած մեղադրանքը եւ վճռեց 2 տարի 7 ամիս եւ 15 օրուայ ազատազրկման։ Դատարանը նաեւ արգիլեց քաղաքապետին քաղաքական աշխատութիւնները։
Դատարանի այս վճիռը իսկապէս ալ գայթակղութեան բնոյթ ունի, քանի որ անտեսուած է մասնագէտներու բոլոր մեկնաբանութիւնները։ Դատավարութեան ընթացքին դատարանի կողմէ նշանակուած մասնագէտները ուսումնասիրելով մեղադրանքի նիւթ դարձած ելոյթը, հաստատած էին թէ այդ խօսքերը ուղուած էին Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուին, այլ ոչ թէ դատաւորներուն։ Իմամօղլու նախարար Սոյլույի իր հանդէպ գործածած «յիմար» նախատինքին պատասխանած էր «Բուն յիմարը ընտրութեան արդիւնքը անտեսելով քաղաքապետութեան համար ընտրութիւնը կրկնելու որոշում առնողներն են»։
Իմամօղլուի այս խօսքերը ամիսներ անց վերածուեցան մեղադրանքի մը, որու հետեւանքով կայացած էր այս դատավարութիւնը։
Դատավարութեան աւարտին Հանրապետական Կուսակցութեան շրջանակներէն հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Սարաչհանէ, քաղաքապետարանի շէնքի առջեւ։
Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլու այս զարգացումին դիմաց կիսատ թողուց իր պերլինեան այցելութիւնը եւ իսկոյն վերադարձաւ Իսթանպուլ։
Թերթս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերուն բազմութիւնը կը սպասէր թէ քաղաքապետ Իմամօղլուի եւ թէ Քըլըչտարօղլուի ժամանումները։
Լրահոսը կը շարունակուի եւ կը պարզուի թէ «Իյի» Կուսակցութեան Նախագահ Մերալ Աքշեներ եւս կը փութայ քաղաքապետարանի շէնքը, զօրակցութիւն յայտնելու համար քաղաքապետ Իմամօղլուի։ Դատական այս վճիռը ալ աւելի կ՚ալեկոծէ երկրի քաղաքական դաշտը, քանի դեռ չէ հրապարակուած վեցեակ խմբակի նախագահի թեկնածուի անունը։ Այդ պաշտօնի համար յաճախ օրակարգի կու գար քաղաքապետ Իմամօղլուի անունն ալ։ Յառաջիկայ օրերը յղի են նոր զարգացումներու։ Բացառուած չէ նաեւ քաղաքապետի պաշտօնի չեղարկման հաւանականութիւնը։ Նման դէպքի մը պարագային իշխանութիւնը աւելի մեծ թիւով աթոռներ ունենալով քաղաքապետական խորհուրդի մէջ կրնայ նաեւ իշխանամէտ անունի մը քաղաքապետի կոչում ստանալը։