Մկրտիչ Սանասարեանի կարիքաւոր հայ երախաներու ուսման համար կտակած Սանասարեան Խանը կռուախնձոր մը դարձած էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի եւ պետական կառոյցներու միջեւ։ 1901-ին պաշտօնապէս հիմնուած Սանսարեան հիմնադրամի սեփականութիւնը եղող Սիրքեճիի խանը 1930 թուին առգրաւուած էր Քաղաքի Յատուկ Վարչութեան կողմէ։ Այդ առգրաւումը 1952-ին վաւերացուեցաւ նաեւ պատկան իշխանութիւններու ձեռամբ։
Պատրիարքարանը՝ որ պաշտօնական ներկայացուցիչն է այս հիմնադրամին, մինչեւ օրս կը շարունակէ օրինական պայքար տանիլ։ Պատրիարքարանը նախ առարկած էր առգրաւման վաւերացումին դէմ, բայց այդ առարկութիւնը մերժուած։ Ի վերջոյ խնդիրը փոխանցուեցաւ Սահմանադրական Ատեան։ 2014-ին Իսթանպուլի 13-րդ Հիմանական Իրաւական Ատեանի մօտ բացուած դատը նախ ընդունուեցաւ 3 Յուլիս 2014 թուակիր որոշումով եւ ապա մերժուեցաւ դատարանի իրաւասնութեան սահմաններէն դուրս ըլլալու պատճառաբանութեամբ։ Պատրիարքարանը այս որոշումէն ետք դիմեց Վճռաբեկ Ատեան։ Այս ընթացքին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը առանց դատական վճիռը սպասելու խանը վարձակալեց 20 տարի ժամկէտով։ Վճռաբեկ Ատեանը 13 Դեկտեմբեր 2017-ին հասատատեց Սանասարեան Հիմնադրամի համայնքային հիմնարկ մը ըլլալու փաստը եւ ապա ճիշդ հակառակ ուղղութիւնով վճիռ կայացուց։ Այդ հանգրուանէն ետք խնդիրը փոխանցուեցաւ Սահմանադրական Ատեան ու այս վերջինն ալ միաձայնութեամբ վճռեց թէ նախորդ որոշումներով ոտնակոխուած է ազգային սահմանադրութեան 35-րդ յօդուածով երաշխաւորուած սեփականութեան իրաւունքը։
Վերին Ատեանը վճռին մէկ օրինակն ալ ուղղարկեց Իսթանպուլի 13-րդ Հիմնական Իրաւական Ատեան, սեփականութեան ոտնակոխումի հետեւանքները վերացնելու համար կրկին դատավարութիւն կատարելու պահանջով։
Տանջանքի կեդրոնէն դէպի
հինգ աստղանի հիւրանոց
Սանասարեան Խանը առգրաւումէն ետք երկար տարիներ տրամադրուեցաւ Իսթանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնութեան։ Այդ շրջանին շէնքի խուցերուն մէջ ծանր տանջանքներու ենթարկուեցան Նազըմ Հիքմեթ, Ահմետ Արիֆ, Ռուհի Սու, Հիքմեթ Քըվըլճըմլը, Ազիզ Նեսին, Միհրի Պելլի, Տենիզ Կեզմիշ, Վետաթ Թիւրքալի եւ Ալփասլան Թիւրքէշի նման հանրածանօթ բանաստեղծներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ։
2017 թուականին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան ձեռամբ կատարուած աճուրդին շէնքը վարձեց Կափսան անուն ընկերութիւնը, որ որոշած է շէնքը հինգ աստղանի հիւրանոց մը ըլլալով օգտագործել։
Կարօ Փայլան այդ վարձակալութիւնը մեղադրած էր ըսելով որ այս որոշումը կըվիրաւորէ հասարակութեան խիղճը։