Կիրակի օր, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հերիսի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք, Երկուշաբթի օր պաշտօնապէս Լոս Անճելըսի քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնած Քերըն Պես իր փոխանցման խմբակի անդամ նշանակեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանը եւ երեք այլ հայորդիներ՝ Մարալ Քարաքաշեան (Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Ճենըս Հանի տեղակալներէն), Սեմ Քպուշեան (Քալիֆորնիոյ Հանրային սպասարկութեան յանձնաժողովի անդամ) եւ Լենըրտ Մանուկեան («Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ տեմոկրատներ» կազմակերպութեան ատենապետ)։
Նորա Յովսէփեան երախտագիտութիւն յայտնեց այս նշանակումին համար, որ առիթ պիտի ընծայէ հայութեան ձայնը եւ մտահոգութիւնները քաղաքային իշխանութիւններուն հասնցնելու։
Իր կարգին, Պես խոստացաւ իր առաջնահերթութիւնը դարձնել հայութեան մտահոգութիւնները՝ յիշեցնելով, որ վերջին երկու տասնամեակներուն արդէն իսկ աշխատանք տարած է պատասխանատութեան կանչելու Ատրպէյճանը եւ նեցուկ կանգնելու համար Արցախի ժողովուրդին, թէ՛ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին եւ թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ։
Պես վերջին տասնամեակին շարունակաբար Հայ Դատին բարձրագոյն նիշերը ստացած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր հայանպաստ կեցուածքներուն համար, որոնց շարքին էր անոր համահովանաւորութիւնը քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցած թիւ 1351 բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի չհրահրուած յարձակումները եւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ, որ անմիջապէս կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։