ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Իրականութեան մէջ Պոլսոյ մօտ անցեալը ընկալելու համար ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով մեկնարկած հարցազրոյցներու շարքը միջոց մը վերջ ինքնաբերաբար վերածուեցաւ մեր կեանքի պատմութեան։ Այդ ընթացքին մէջ առիթ գոյացաւ թէ մեր մանկութեան տարիներուն անցուդարձներուն ակնարկելու եւ թէ կեանքի այդ հատուածին մէջ հանդիպած զանազան անուններու մասին յուշագրութիւն մը ձեւաւորելու համար։ Եւ այդ զրոյցները գիրքի մը ձեւաչափով հասարակութեան փոխանցուեցաւ։ Այն ատեն յայտնի դարձան որոշ բացթողումներ։ Պատճառը պարզ էր. այս զրոյցներու ընթացքին խօսակցութեան յառաջացումը ձեւաւորողը ընդհանրապէս հարցումներն էին, որոնք աւելի հետաքրքրուած էին քաղաքի պատմութիւնով։ Իսկ ընթերցողը կը պահանջէր աւելին։ Գոյացած արդիւնքը դիտելով կարելի է ըսել որ արդար է այդ պահանջը։ Մենք մօտ անցեալին այդ պահանջը գոհացնելու համար շարադրեցինք Կեդրոնական Վարժարանի եւ աւելի շատ ալ Կեդրոնականի միութեան հետ առնչուած յիշանտակներ։
Այսօր կ՚ուզեմ իմ կեանքի պատանութեան տարիներուն ծանօթացած երկու ազնիւ մարդկանց յիշատակը ոգեկոչել։ Հայր եւ աղջիկ Նանասովներու մասին է խօսքը։ Թիֆլիսահայ Ալեքսանդր Նանասով Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ամենավառ օրերուն իր ռուս կնոջ ու նորածին դստեր հետ յայտնուած է Պոլիս։ Այդ տարիներուն իր նմանները լուրջ զանգուած մը կը կազմէին այս քաղաքին մէջ, որոնք իրենց յատկութիւններով դրոշմեցին քաղաքի ընկերական կեանքը։ Այս քաղաքին մէջ ապրուստ ճարելու համար տիկին Նանասով սկսած էր դաշնամուրի դասեր տալ, իսկ պարոն Նանանսով ընդհանրապէս քարտուղարական պաշտօններ կը ստանձնէր համայնքային հաստատութիւններու մէջ։
Մեր ծանօթութեան առաջին ենթական է օրիորդ Նանասովը, որ շատերու կողմէ կը կոչուէր մաթմազել Նանասով անունով։ Ան մարզանք կը դասաւանդէր զանազան դպրոցներէ ներս, որոնց կարգին էր նաեւ Էսաեանը։ Բայց մաթմազելը չէր գոհանար միայն մարզանքի դասապահերով եւ իր աշակերտուհիներուն հետ կ՚անցկացնէր դասական պարի կամ աւելի ընդունուած կոչումով պալէի պահեր։ Այս մէկը կը կատարէր դասապահերէն դուրս միայն ցանկացողներուն համար։ Այդ ցանկացողներէն մէկն էր նաեւ կրտսեր քոյրս, որ մօրս ալ քաջալերանքով եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը հետեւէր մաթմազելի դասերուն։ Նանասով ամէն տարի իր աշխատանքի հունձքը կը բեմադրէր քաղաքապետական թատրոնի բեմերէն մէկուն «Եէնի Քոմետի» թատերասրահին մէջ։ Յաճախ այդ ներկայացումներուն կը տեսնէինք իր հայրը՝ պարոն Ալեքսանդր Նանասովը, որ անմիջական խորհրդատուն էր իր դստեր։
Առհասարակ նախակրթարանի տարիքով պարողներ իրենց ծնողներուն եւ այլ հրաւիրեալներուն կը ներկայացնէին դասական պարի նմոյշները։
Այդ պատանութեան տարիներէն մնացած քաղցր յիշատակ մը ըլլալով կը յիշեմ ամառնային այդ բացառիկ օրերը, որ մենք ընտանեօք եւ հայր ու աղջիկ Նանասովներ միասնաբար կ՚երթային Էմիրկանի ծովեզերքը սօսիներու հովանիին ներքեւ թէյ խմելու։ Այդ մէկը արարողակարգ մըն էր քալելու դժուարութիւն ունեցող Ալեքսանդր Նանասովի համար։ Բարեկամացած էր իր բնակարանի հարեւանութեամբ աշխատող թաքսի վարորդ պարոն Թունճայի հետ եւ նախապէս պայմանաւորուածութեան համաձայն կու գային Ֆերիտիյէի մեր տունը, ուրկէ մեզ ալ վերցնելով կը հասնէինք Էմիրկան։
Հետաքրքական էր իմ ու իր բարեկամութիւնը, քանի որ հակառակ տարիքի մեծ տարբերութան, մենք կ՚ունենայինք իրարու հետ կիսելու բազում միտքեր։ Միտքեր՝ որոնք դուրս կը մնային սովորական ընկալումներէ։
Ես այդ տարիներուն իսկ ունէի քաղաքական հակումներ, որոնք մեր զրոյցներու առանցքը կը կազմէին։ Համայնավար յեղափոխութենէ մը խոյս տալով օտար հողերու վրայ գաղթական դարձած Ալեքսանդր Նանասովի համար ես դեռատի համայնավարս հետաքրքիր զրուցակիչ մը դարձած էի։ Կը յիշեմ թէ մայրս ուրախ հետաքրքրութեամբ կը լսէր մեր զրոյցները որոնք կ՚ընթանային իրեն համար առհասարակ օտար նիւթերու շուրջ։ Այսօր կը կարծեմ թէ Ալեքսանդր Նանանսովի համար այդ զրոյցներու հմայիչ կողմերէն մէկն ալ հայերէնն էր։ Ան երկար տարիներ պոկուած եղաւ մայրենի լեզուէն, տրուած ըլլալով որ իր դուստրը մաթմազել Եւկենիա Նանասով եւս հայախօս չէր եւ անոնք կը հաղորդակցւէին ռուսերէն կամ թրքերէնով։ Մաթմազել Նանասով բացի Էսաեանէ, կը դասաւանդէր նաեւ Տամ Տըսիոն կամ Սեն Պենուայի նման ֆրանսական վարժարաններու մէջ։ Ան իր ետին կարեւոր վաստակ մը թողելով հեռացաւ այս աշխարհէն եւ կ՚ափսոսամ որ այդ վաստակը արժանի կերպով ալ չէ գնահատուած մինչեւ օրս։ Մեր ճամբաները պարոն Ալեքսանդր Նանասովի մահէն ետք կրկին անգամ խաչաձեւուեցան իրարու հետ, երբ այս անգամ մաթմազել Նանասով սիրայօժար ընդունեց Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութեան երդիկին տակ կազմակերպուած ժողովրդական պարերու աշխատանքին իր ցուցմունքներով օժանդակելու։ Այդ կազմի յառաջատար պարողները օգտուեցան մաթմազել Նանասովի պարի գիտելիքներէն, որոնց շնորհիւ բեմադրուեցաւ մինչ այդ բոլորիս համար անծանօթ մոլտովական պարը, Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեան հիման վրայ։ Այսօրուայ նման կը յիշեմ թէ Խաչիկ Աբելեան, Վազգէն Պարըն, Յակոբ Ալաքուշ կամ Էտիկ Պապաեան ինչ մեծ ոգեւորութեամբ կը յաճախէին այդ աշխատութիւններուն։
Այս բոլորը եւս քաղաքի պատմութեան հատուածներէն կարելի է համարել։ Եթէ այս պահուն կը յիշենք պարուսոյց եւ մանկավարժ մաթմազել Նանասովը, անդին քաղաքի ընկերական կեանքին իրենց գիտելիքներով, արուեստով, կենցաղով, հաւատալիքներով ու խոհանոցով նոր երանգ մը բերած ռուսերու զանգուածէն միայն օրինակ մը նշած եղանք։ Ով գիտէ տակաւին ի՞նչ ապրումներ, ի՞նչ պատահական հանդիպումներ կամ ի՞նչ հետաքրքրական ծանօթութիւններ ապրուած են, որոնք ապա մնացած են պատմութեան փոշիածածկ յուշերուն մէջ։
Մեր չափահաս տարիքներուն զուգադիպելով թերեւս ալ իր վաստակին հանդէպ ամենալուրջ գնահատումը եկած էր Դպրեվանքի պարախումբի երիտասարդ սաներէն, որոնք այդ տարիներուն պոլսոհայոց կողմէ կ՚արհամարուէին կոշտ ու կոպիտ գիւղացիներ ըլլալով։ Մաթմազել Նանասով ափսոս որ չ՚ունեցաւ արժանի ժառանգորդներ, որոնք գոնէ իր վաստակը յիշէին արժանի կերպով։ Այս տողերը բաւական հեռու են այդ բացթողումը վերացնելէ։ Երեւի կեանքի հրամայականն է «բարիք գործէ ծովը նետէ, յիմարը չիմանայ իսկ ձուկերը կ՚իմանան»։