16Դեկտեմբեր ուրբաթ օր ժամը 17.00-ին, Կեդրոնական Սանուց Միութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ Սամվէլ Մհերեանի «Մենաւոր Բազէն» անուն վէպի թրքերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը։
Վէպը նիւթ կ՚ունենայ Համիտեան ջարդերը եւ այս առումով ալ կը ներկայացնէ վաւերագրական բնոյթ։ Գիրքի էջերը թղթատելով ընթերցողը կը թափանցէ հայրենիք, ընտանիք, մայրենի եւ հաւատք ընկալումներուն իմաստային խորգերուն։ Նաեւ ականատես կ՚ըլլայ այդ բոլորի խորտակման։ 1800-ական տարեթիւերու կէսերէն մինչեւ 1915 երկարող ժամանակահատուածի մը մէջ խորտակուած կեանքե , գրաւուած հողատարածքներ ու բնակարաններ եւ մանաւանդ ալ ոչնչացման դատապարտուած պատմական յիշողութիւն։
Սամվէլ Մհերեանի գիրքը թրքերէնի թարգմանուած է Պետրոս Ճաւիքօղլուի կողմէ։ Հեղինակի մասնակցութեամբ կայանալիք շնորհանդէսին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Բագրատ Էսդուգեան։
Սամվէլ Մհերեան միջոցառման աւարտին ընթերցողներուն համար պիտի մակագրէ «Ֆամ» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած գիրքի օրինակները։