Մշակոյթի Նախարարութիւնը աննախադէպ որոշում մը կայացնելով ետ պահանջեց Էմին Ալփերի «Ցամքած Օրեր» ժապաւէնին համար կատարած աջակցութեան գումարը։
Էմին Ալփերի ֆիլմը ազգային եւ միջազգային զանազան փառատօներու մասնակցելով ինը մրցանակներ նուաճած էր։
Նախարարութեան այս որոշումին ետին կարելի է տեսնել աջակողմեան մամուլի հալածանքները։
Իշխանամէտ մամուլը զանազան մեղադրանքներ տեղացուցած էր այս ֆիլմին եւ պնդած էր որ Նախարարութիւնը խրախուսած է իշխանութեան դէմ քարոզչութիւն ընելով։ Նոյն մամուլը ֆիլմը քննադատած էր նաեւ միասեռականներու նիւթերով զբաղելուն համար։
Բեմադրիչ Էմին Ալփեր այս մասին ընկերային ցանցի իր հաշիւներէն կատարած բացատրութիւններուն մէջ նշեց որ դէպքը աննախընթաց է, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով երկարամեթրաժ ֆիլմի մը համար խրախուսման գումարը ետ կը պահանջուի։ «Սա անուղղակի գրաքննութիւն մըն է եւ շատ վտանգաւոր։ Բոլոր բեմադրիչները մտահոգ են Նախարարութեան այս որոշումէն» ըսած է Էմին Ալփեր։
Այս հանգրուանին կ՚արժէ յիշել բեմադրիչ Էմին Ալփերի Անթալիոյ փառատօնին մրցանակ ստանալէն ետք կատարած ելոյթը։ Ան այդ պահուն յիշած էր այս ֆիլմի արտադրիչներէն եւ «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու մեղադրանքով 18 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած Չիղտեմ Մաթերը։ «Ան այս պահուն մեզի հետ չէ, որովհետեւ ծիծաղելի դատավարութեան մը հետեւանքով բանտարկուած է։ Որքան ալ այստեղ չըլլայ մեր միտքն ու սիրտը իր հետ է» ըսած էր Ալփեր։
Նախարարութիւնը խրախուսման գումարը ետ պահանջելու համար պատճառաանած է սցենարի մէջ տեղ ունեցած փոփոխութիւնները։
Բեմադրիչ Ալփեր այս մասին ալ «Ճումհուրիյեթ» թերթի թղթակից Էմրահ Քոլուքըսայի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ Մշակոյթի Նախարարութեան շարժանկարի զօրակցելու ֆոնը ենթարկուածութեան փոխարէն շնորհուած ողորմութիւն մը չէ, այլ շարժանկարի դիտողներու գնած տոմսակներէն վար դրուան բաժիններով կազմուած ֆոն մը։ «Նման ֆոնի նպատակը երկրի շարժանկարի արուեստը միջազգային հարթակներու վրայ ներկայացնելու կարող որակաւոր արտադրութիւնները խրախուսելն է։ «Ցամքած Օրեր»ը այս սահմանումը կատարեալ կերպով արդարացուցած է։ Ան 2022-ի ընթացքին 3 միջազգային փառատօներուն Թուրքիան ներկայացնող միակ ֆիլմը եղած էր»։