Նախորդ կիրակի կայացող տասը թաղերու թաղականութիւններու ընտրութիւնով պոլսահայ համայնքը արդէն կատարած եղաւ իր հաստատութիւններէն 27-ին ընտրութիւնները։ Այս ընտրութիւններէն մէկ մասը միացանկ էին եւ հետեւաբար անոնց հաշուոյն ընտրութենէ աւելի վաւերացում եզրը կը պատշաճի կատարուած գործողութեան։ Իսկ որոշ թաղականութիւններու համար մղուեցաւ բուռն մրցակցութիւն մը եւ արդիւնքները ճշդուեցան հասարակութեան հակումներուն համապատասխան ձեւով։
Այժմ մեր առջեւ կայ մրցակցութիւններու նոր շրջան մը, քանի որ ընտրութիւնները աւարտին պիտի հասնին 11, 17, 18 եւ 25 Դեկտեմբերին կայանալիք քուէարկութիւններով։
Այս պահուն պոլսահայ հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտին են Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ եւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ընտրութիւնները։ Այս երկու հաստատութիւններէ ներս ալ կը տիրէ խարդախութեան զանազան եղանակներով ընտրութիւնը անելի մատնելու ջանքեր։ Երկու թաղականութիւններն ալ նախ անտեսեցին տարածաշրջանի հրամայականը եւ փորձեցին ընտրութիւնը սահմանափակել իրենց եկեղեցւոյ տարածքին մէջ։
Այդ որոշումին դէմ թէ հասարակութիւնը, թէ հայ փոքրամասնութիւններու հիմնարկներու միասնական հարթակ հանդիսացող ԷՐՎԱՊ եւ թէ Պատրիարքարանը առարկութիւններ ներկայացնելով բողոքեցին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Այս վերջինը բողոքները նկատի ունենալով երկու թաղականութիւններուն ալ պարտադրեց մէկէ աւելի վայրերու մէջ ընտրութիւն կայացնել։
Երկու չարահամբաւ վարչութիւններն ալ այս հրամայականն ալ չէզոքացնելու համար դիմեցին սատանայական խորամանկութիւններու եւ որոշեցին ընտրութեան սնտուկները տեղադրել նուազ բնակչութիւնով եւ հեռաւոր թաղերու եկեղեցիներուն շրջափակը։ Պարզ է որ անոնք կը փորձեն ժողովուրդի մեծամասնութեան մասնակցութիւնը խափանել եւ իրենց արդէն պատրաստի ուժերով արդիւնքի հասնիլ։
Սուրբ Երրորդութեան պարագային կայ եւս խոչընդոտ մը, ըստ որու իշխող վարչութեան փոխարինելու համար անհատական դիմում կատարած են 91 անձեր։ Այս դրութեան համաձայն ընտրողներէն պիտի պահանջուի 91 անուններ պարունակող ցանկին մէջ թաղական խորհուրդի ինը անունները եւ պահեստի հինգ անունները նշանակել։ Թաղականութիւնը այս եղանակին դիմելով կը նախատեսէ ընտրութեան պահը երկարել եւ հետեւաբար ընտրութեան մասնակցութիւնը նուազեցնել։ Նոյնքան եւ նոյնիսկ աւելի լուրջ խոչընդոտ պիտի յառաջանայ ձայներու հաշուարկման պահուն։ Այժմ հասարակութեան մէջ կը տիրէ այս խոչընդոտները յաղթահարելու համար միջոցներու որոնումի ջանքերը։
Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան խնդիրը կատարեալ փորձադաշտ մը եղած է բոլորին համար։ Ժողովուրդի հետ խօսելու պահուն իրենց առաքելութիւնը մեծ զոհողութիւն մը ըլլալով ներկայացնողները իրենց ներկայ վարքով կ՚ապացուցեն թէ որքան մեծ եռանդով կը պայքարին այդ զոհողութեան համար։