Թուրքիոյ Խորհրդարանի մէջ, երբ կը քննարկուէր կառավարութեան պիւտճէի ծրագիրները, կուսակցութիւններու միջեւ ծագող բանավէճը շուտով վերածուեցաւ ծեծկրտուկի ու կռիւի։ Երբ ծեծկրտուկ ծագեցաւ իշխանութեան պատգամաւորներու եւ Իյի Կուսակցութեան երեսփոխաններու միջեւ, այս կուսակցութեան Տրապիզոնի երեսփոխան Հիւսէյին Էօրս փորձեց կողմերը հանդարտեցնել։ Բայց այդ պահուն իշխող Արդարութիւն եւ Զանրգացում Կուսակցութեան Պրուսայի պատգամաւոր Զաֆեր Ըշըք ուժգին հարուած մը իջեցուց Էօրսի գլխուն։ Ուշակորոյս կերպով գետին տապալող ընդդիմադիր պատգամաւորի բժշկական առաջին միջամտութիւնը կայացաւ Խորհրդարանի բուժկէտը։ Այստեղ կացութեան ծանրութիւնը գնահատող բժիշկներու յանձնարարութեամբ Էօրս տեղափոխադրուեցաւ մօտակայ հիւանդանոց մը, ուր իսկոյն առնուեցաւ խտացեալ դարմանումի։ Դէպքէն ետք պարզուեցաւ որ ընդդիմադիր երեսփոխանը կարճ ժամանակ առաջ սրտի բաբախման անկանոնութեան պատճառաւ գործողութեան ենթարկուած էր եւ բաբախումը կանոնաւորելու համար յատուկ սարք մը տեղադրուած էր կրծքավանդակին մէջ։ Կռուի ընթացքին այդ սարքն է որ խանգարուեցաւ եւ զգետնեց Էօրսը։
Այս պահուն բժիշկներ կը յայտնեն թէ եթէ ուշացուէր հիւանդանոց հասնելու համար, շատ աւելի լուրջ հետեւանքներ կրնային գոյանալ։