Հանրապետական Կուսակցութիւնը 3 Դեկտեմբերին կայացած ժողովով մը յայտարարեց իշխանութիւնը նուաճէ ետք իր ծրագրած աշխատութիւններու նախագիծը։ «Երկրորդ հարիւրամեակի տեսլականը» խորագրեալ այս ժողովի մէջ զանազան մասնագէտներ իրենց մեկնաբանութիւնները բերին Թուրքիոյ զարգացման համար անհրաժեշտ նկատած խնդիրներու մասին։ Անոնց մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ նախկին պոլսահայ աշխարհի առաջատար տնտեսագէտներէն Տարօն Աճեմօղլուի ելոյթը։ Աճեմօղլու յոյս յայտնեց առկայ տնտեսական խնդիրներու յաղթահարման մասին ընդգծելով նման արդիւնքի մը համար ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւնը։ Յաջորդ օր իշխանամէտ մամուլի էջերուն վրայ յայտնուեցան կարգ մը սիւնակագիրներ, որոնք ընդդիմադիր Հանրապետական Կուսակցութիւնը կը մեղադրէին երկրի խնդիրներու լուծման համար հայու մը ցուցմունքներուն ապաւինելով։ Սակայն շատ մեծ եղաւ այս մտայնութեան դէմ հակադարձը, ուր մանաւանդ ընկերային ցանցերու վրայ մարդիկ կը փառաբանէին հայազգի տնտեսագէտի կարողութիւնը, որ ընդունուած է համաշխարհային հասարակութեան կողմէ ալ։
Տարօն Աճեմօղլու որդին էր Իսթանպուլի Համալսարանի իրաւաբանական բաժնի դասախօս, իրաւագէտ Գէորգ Աճեմօղլուի եւ վաստակաւոր մանկավարժ, Արամեան Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի եւ բանաստեղծ Իրմա Աճեմօղլուի։