ԻՐԱ ՑՈՐՈՒ
Հին առասպելներու մէջ կը պատմուի Նոյ նահապետի թոռներուն կողմէ օգտագործուած կարմիր ներկի մը մասին, որ կը մշակուի որդէ մը։ Հին դարերուն Արարատի դաշտի բուսականութեան մէջ աճող փոքրիկ միջատ մըն է այդ որդը, որ հայ գիւղացիներ կը հաւաքեն ու մշակելով մուգ կարմիր ներկ մը կը պատրաստեն։ Այս բնական ներկը դարեր շարունակ հայոց պարծանք պատճառած է։ Նոյնիսկ հին մատեաններու մէջ հեռու երկիրներու բնակիչները «Հայոց երկիր» ըսելու փոխարէն գործածած են «Որդան երկիր» ասութիւնը։
Հայաշխարհը այդ ներկը անուանեց որդան կարմիր։ Հին ձեռագիր մատեաններու մէջ այս գոյնը հայոց թագաւորութեան մենաշնորհը դարձած էր։ Այս որդի տեսակը աշխարհի վրայ ունի երեք տեսական է, որոնք կ՚անուանուին իրենց գտնուած աշխարհագրական դիրքերով՝ հայկական, մեքսիքական եւ լեհական։ Որդի մշակումով պատրաստուած ներկը կունենար վառվռուն դեղնէն դէպի կարմիր եւ մանիշակագոյն երկարող զանազան երանգներ։ Գիտնականները կը յայտնեն թէ հին դարերուն մանիշակագոյն գոյնը միայն ու միայն Արարատի դաշտի որդով կ՚ապահովուէր եւ կ՚օգտագործուէր հայ մանրանկարչութեան մէջ։ Թէ Վաղարշապատի պատմութեան եւ ազգագրական թանգարաններու արխիւները եւ թէ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ պահուած ձեռագիր մատեանները այս հնագոյն ներկի վառ օրինակները կը ցոլացնեն։
Արարտի որդի մասին առաջին գրաւոր փաստաթուղթը Ե. դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցիի գրառումներուն մէջ կը յայտնուի։ Այս դժուար գտանելի որդին կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններու մէջ։ Հայաստանի մէջ ան յաճախ կը յայտնաբերուէր Արարատի դաշտը։ Պարսիկ պատմաբան Ահմատ իպն Եահեա ալ-Պալատհուրի «Թիւթուհուլ-Պուլտան» անուն գործին մէջ պատմական Արտաշատ բնակավայրը կը բնութագրէ Ալ-Քիրմիզ ածականով։ Կը պատմէ թէ գիւղի բնակիչները կարմիր ներկ արտադրելով կը զբաղուէին։ Միջնադարեան բազում արաբ պատմիչներ կը յիշեն որդան կարմիրը թէ բուրդէ հիւսուածներու ներկման եւ թէ ձեռագիր մատեաններու նկարազարդման մէջ գործածութեան մասին։ Միջնադարեան արաբ պատմիչներէն Ալ-Մուքատտեսի այս որդը կը նշէ հետեւեալ կերպով. «Այնտեղ, Հայաստան քիրմիզ կայ, այդ հողերու վրայ ծնած որդ մըն է։ Կանայք անոնք զգուշօրէն կը հաւաքեն ամաններու մէջ, ապա կը տեղադրեն հացափուռերը»։ Առաջին դարու հռոմէացի գրող Կայուս Բլինյուս Սեքունտուս «Բնութեան պատմութիւնը» անուն գործին մէջ որդան կարմիրը կը բնութագրէ Հայաստանին արեւմեան շուկայ արտածած գլխաւոր նիւթը ըլլալով։
Պատմութեան ընթացքին թագաւորներ իրենց դաշնակիցներուն որդան կարմիրով ներկուած հիւսքեր եւ գորգեր նուիրած են։ Գրականութեան անցած օրինակ մը ըլլալով կարելի է նշել պարսից արքայ Արսաճեսին Հռոմի կայսր Մարքուս Օրելիուսին կարմիր գոյնով կերպաս մը նուիրելը։ Այս կտաւը Հռոմի մայրաքաղաքի խորհրդանշանը կը դառնայ։ Կայսերական պալատին մէջ ցուցադրուած կտաւի կարմիր ներկը բոլոր տեսնողներուն հիացումին կ՚արժանանայ։ Հետզհետէ կը տարածուի զրոյցներ հեռաւոր Հայաստանի մէջ մշակուած որդան կարմիրի մասին։
Սիպիրի մէջ Ե. դարու շիրիմի մը պեղումներով յայտնաբերուած են այժմ Սան Փեթերսպուրկի էրմիթաժ թանգարանին մէջ ցուցադրուած պազիրիկ գորգը այս ներկին դարերու դիմադրութեան փաստն է։ Այնքան վառ է անոր գոյնը որ դժուար է հաւատալ թէ ան 1500 տարուայ անցեալ մը ունենայ։ Ն.Ք.-ի Ե. դարուն ապրած պատմիչ Հերոդոտոս Կովկասեան ժողովուրդին գոյնը միշտ վառ մնացող կտաւներ հաքնելնուն մասին կը պատմէ։
Որդան կարմիրի մասին բովանդակալից տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ ԺԵ. դարու հայ բժշկագիտութեան եւ դեղագործութեան մեծ վարպետ Ամիտտովլաթ Ամասեացին։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ալ 1890-ին գրի առած «Այրարատ» գրքին մէջ որդի նկար մը կը ներկայացնէ, որ ոչ թէ Արարատի Դաշտի որդան կարմիրն է, այլ անկէ բաւական տարբեր տեսք մը ունեցող Մեքսիսքական տարբերակը։
Որդան կարմիրի համբաւը բացի վառ փայլուն գոյնէն, նաեւ անոր լոյսի ճառագայթներուն, ժամանակի մաշեցնող ազդեցութիւններուն, ջերմութեան փոփոխութիւններուն եւ խոնաւութեան դիմաց անհաւատալի դիմադրութենէն կու գայ։ Այդ պատճառաւ որդէն արտադրուած ներկով մանրանկարները եւ կտաւները մինչեւ օրս կը պահեն իրենց զարմանալի տեսքը։ Քոբայրի ԺԲ. դարէն մնացած վանքի որմանկարները հակառակ արեւու շողերուն, անձրեւին ու քամիին, այս ներկի շնորհիւ հաասած են մեր օրերուն։ Նորավանքի ԺԳ. դարուն կառուցուած Սուրբ Գրիգոր մատրան առաստաղի յարդարանքը եւ Գեղարդի ԺԲ. դարէն մնացած խաչքարերը նոյն վկայութիւնը կը բերեն։
Մեր պապերուն աւելի քան երկու հազարամեակներէ ի վեր պահած ու սերունդէ սերունդ փոխանցած այս ներկի գաղտնիքը միայն հայ վարպետներուն ծանօթ էր։ Արարատի դաշտի որդան կարմիրը բացի միջնադարեան հայ մանրանկարներէ, եկեղեցիներու եւ վանքերու որմանկարներէ, օգտագործուած է նաեւ օծանելիքներու եւ բուժիչ դեղերու պատրաստութեան մէջ եւս։ Ան ունէր մարմնի ջերմութիւնը հաւասարակշռող հականեխիչ ազդեցութիւն։ Միջնադարեան թագաւորական եւ ազնուական դասակարգի կանայք միայն ու միայն որդան կարմիրով պատրաստուած իւղեր եւ քսուկներ գործածեցին։ Այդ օծանելիքները մորթի չորութիւնը վերացնող եւ մաշկը վերանորոգող յատկութիւններ ունէին։ Թագաւորներու եւ իշխաններու համար կը պատրաստուէր բալասաններ, որոնք երկարակեացութիւն, երիտասարդութիւն եւ մտային ու մարմնական ուժ կ՚ապահովէին։ Բացի այս բոլորէն որդան կարմիրը օգտագործուած է նաեւ թանաք ըլլալով։ Հնադարեան ու միջնադարեան թագաւորներ եւ հոգեւորականներ իրենց գրութիւններուն համար կ՚օգտագործէին այդ թանաքը։ Վերածնունդի շրջանի անուանի արուեստագէտներ Լեոնարտո Տա Վինչի, Ռամպռանթ եւ Միքելանճելօ որդան կարմիրը օգտագործած են։
Հայաստանի պետականութեան անկումէն ետք համեմատաբար նուազեցաւ որդան կարմիրի արտադրութիւնը։ ԺԷ. դարու սկիզբներուն ան համարեա վերացած էր։ Անոր փոխարինեցին Մեքսիսքական ու լեհական որդերը։ Թէեւ այս վերջիններուն որակը աւելի ցածր էր, բայց մեքսիքական տարբերակը մէկ տարուայ ընթացքին հինգ սերունդ աճելու յատկութիւնով կու գար շուկայի պահանջարկը շատ աւելի մատչելի գիներով գոհացնելու։ ԺԹ. դարուն արհեստական երանգներու գիւտով արդէն յաղթահարուած էր հայոց աւանդական գիտելիքը։ Սակայն փորձերը փաստեցին թէ արհեստական ներկերը բաղդատմամբ բնականներուն թէ շատ աւելի կարճատեւ են եւ թէ մարդու առողջութեան համար սպառնալիքներ կը պարունակեն։
1930-ականներուն Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները աշխատանքի լծուեցան որդան կարմիրի արտադրութեան համար։ Այդ աշխատանքը Բ. Համաշխարհային պատերազմի պայմաններուն մէջ ընդհատուեցաւ։ Նախագիծը 1971-ին անգամ մը եւս մեկնարկեց, բայց ճարտարագիտական արտադրութեան մը ծաւալը չունեցաւ։ 1987-ին Արմաւիրի մէջ որդան կարմիրի պետական արհեստ մը հիմնուեցաւ, բայց այս վերջինն ալ ապագայ չունեցաւ։
Աւազոտ հողերու շահագործման հետեւանքով որդան կարմիրի տարածումը նուազած է։ Պահպանման նպատակով եւ արհեստական պայմաններու մէջ այս որդին բազմանալուն ուղղեալ աշխատութիւնները տակաւին կը շարունակուին Արմաւիրի մէջ։ Երեւանի մէջ եւս աշխատանոց մը կը շարունակէ որդան կարմիրի գոյութիւնը պահելու։ Այս աշխատանոցի անձնակազմէն Նորա Մկրտիչեան Արարատի դաշտի այս եզակի հրաշքին մասին ժամեր շարունակ կրնայ պատմել։
Երկրագունդի վրայ միջատներու բազմաթիւ տեսակներ ոչնչացման վտանգի հետ դէմ առ դէմ են։ Որդան կիրմիրն ալ հեռանալու վտանգին տակ գտնուող միջատ մը ըլլալով նշուած է այդ ուսումնասիրութիւններուն տեղադրուած կարմիր գիրքին մէջ։ Արարատի որդին գիտական անունն է Porphyrophora hamelii, Armenian cochineal եւ Ararat scale, որոնց միջոցաւ կարելի է համացանցի վրայ որոնել։