ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի հիմնադրութեան 44րդ տարեդարձը Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ նշուեցաւ 4 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Ատենապետ Սարօ Մարուքեանի գլխաւորութեամբ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու վարիչներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Դպրապետ Բրշ. Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ ներկայացուց պատարագիչ Հայր Սուրբը։
Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքին։ Հայր Սուրբը քարոզեց «Երանելի սուրբ առաքեալք, սպասաւորք եւ բարեկամք եւ վկայք Աստուածորդւոյն» բնաբանով։ Յիշեցուց որ առաքելական հաւատք ունենալ կը նշանակէ, նախ եւ առաջ իրենց փոխանցուած հաւատքին հետեւիլ։ Սակայն նաեւ առաքելական կը նշանակէ առաքելութեան նուիրուիլ եւ սպասաւորներ ու վկաներ ըլլալ Քրիստոսի։
Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, որով յիշատակուեցան Գարեգին Ա., Շնորհք, Գարեգին Բ. եւ Մեսրոպ Պատրիարքները, ինչպէս նաեւ վախճանեալ հիմնադիրներն ու անդամները։
Ս. Պատարագէ յետոյ, Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Հայր Սուրբը, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ Խաչատուրեան Դպրաց Դասու անդամներու հետ։
Հայր Սուրբը եւս սրտի խօսք մը արտասանեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր հրաւէրին համար։ Իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ, որ Խաչատուրեան Երգչախումբը թէեւ Պոլիսէ հեռու հիմնուած է, սակայն իր յաջողութիւնները ուրախութիւն պատճառած է Պոլսոյ Պատրիարքութենէ ներս։ Այս առումով յիշեցուց, որ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Խաչատուրեան Երգչախումբին կը մաղթէ ամենայն բարիք։