3Դեկտեմբեր շաբաթ յետմիջօրէին Գարակէօզեան որբանոցի երդիկին տակ կատարուեցաւ այս հաստատութեան 100 ամեայ պատմութիւնը բովանդակող երկլեզու հատորներու գինեձօնը։ Միջոցառման ներկայ էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ.։
Վարժարանի ուսուցչաց կազմէն Մարի Արզուման նախ ողջունեց ներկաները եւ ապա ստանձնեց հանդիսավարի պաշտօնը ու բեմ հրաւիրեց Գարակէօզեանի տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու։
Տնօրէնուհին նախ դրուատեց այս հաստատութեան պատմական անցեալը եւ ապա բովանդակալից բացատրութիւններ տուաւ դպրւցի այժմու բազմաբնոյթ ուսման ծրագրին մասին։ Ան նշեց թէ Գարակէօզեանը հիմնադրութեան տարիներու պահանջին համապատասխան կերպով նախ ձեւաւորուած է իբրեւ որբանոց։ Տարեթիւն է 1912։ Թէ Համիտեան ջոկատներու կոտորածները, թէ Ատանայի ջարդերը հայ ժողովուրդի օրակարգին բերին որբերու շատ լուրջ խնդիր մը։ Անտէրութեան վտանգին հետ դէմ առ դէմ մնացած երախաներուն համար անհրաժեշտ էր նոր միջոներու ապահովումը, որուն համար մեծ նուիրումով աշխատանքի լծուեցաւ Գարակէօզեան ընտանիքը։ Վարժարանի այս յատկութիւնը յուշամատեանի մէջ յատուկ ընդգծուած է երկու արժէքաւոր պատմաբաններու՝ Սայիթ Չեթինօղլուի եւ Այշէ Հիւրի յօդուածներով։ Սայիթ Չեթինօղլու վիճակագրական տուեալներով ալ նկարագրած իր յօդուածին մէջ յանգամանօրէն կը վերլուծէ այս նիւթը, կատարեալ կերպով պարզելով տուեալ ժամանակի պատմաքաղաքական համայնապատկերը։ Իսկ Այշէ Հիւր յատկապէս կ՚ընդգծէ Քուլելիի զօրանոցին անցեալին իբրեւ որբանոց շահագործման երեւոյթը։
Տնօրէնուհիի ելոյթէն ետք բեմ բարձրացաւ այս հատորի խմբագրութիւնը ստանձնած պատմաբան եւ հետազօտիչ Սիրվարդ Մալհասեան։ Մալհասեան երախտիքով յիշեց այս յուշամատեանին իբրեւ հիմք ծառայող նախորդ աշխատասիրութիւններու հեղինակները՝ Թորոս Ազատեանը եւ Վարուժան Քէօսէեանը։ Ազատեան նախապէս ուսումնասիրած էր Գարակէօզեանի 1912 թուի հիմնարկութենէն մինչեւ 1939 երկարող ժամանակահատուածը։ Ապա Վարուժան Քէօսէեան այդ պատմութիւնը բերած էր մինչեւ 1980-ական թուականներ։ (Այս պահուն սրտի դառնութեամբ կը յիշենք Վարուժան Քէօսէեանի «Ակօս»ի խմբագրատուն մանաւանդ ալ իր վաղեմի բարեկամ «Ակօս»ի հիմնադիրներէն եւ հայերէն էջերու երկարամեայ աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի տուած այցելութիւնները։ Ան այդ այցելութիւններու պահուն յաճախ կը յայտնէր իր այդ ուսումնասիրութեան անտիպ մնալէն զգացած դառնութիւնը։ Այսօր թէեւ այդ աշխատութիւնը աւարտին հասած է, բայց եթէ Տիկին Մալհասեան չնշէր ընթերցողը այս հատորին մէջ պիտի չհանդիպէր ոչ Թորս Ազատեանի եւ ոչ ալ Վարուժան Քէօսէեանի անուններուն)։
Շնորհանդէսին առթիւ մեծարուեցան նաեւ 100-ամեակի կարգադիր յանձնախումբը, որուն կը նախագահէր պոլսահայ համայնքի արժանաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեան։ Խնամակալութեան ատենապետի շնորհակալական ելոյթէն ետք միջոցառումը աւարտին հասաւ Պատրիարք Սրբազանի արտասանած խորիմաց հուսկ բանքով։