Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան Խորհրդարանի մէջ երբ կը քննարկուէր 2023 թուի նախագահական պիւտճէն, դիմելով նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային հարցուց թէ իրեն ուղուած սպառնալիքներու դէմ ինչո՞ւ համար պետական ոչ մէկ հաստատութիւն շարժման կ՚անցնի։ «Պետական կառոյցները միայն ձեզի՞ ուղուած սպառնալիքները կը հետապնդեն»։
Կարօ Փայլան այս նիւթի շուրջ ըսած է հետեւեալը. «Պնդումներու համաձայն բանակէ ներս յանցագործներու կազմ մը գոյացնող Լեւենթ Կէօքթաշ սպանած է Հապլեմիթօղլուն։ Թէ ինչո՞ւ իբրեւ թէ երկուքն ել Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան (MİT)ի նախագահ ըլլալ ուզած են։ Ես կը հարցնեմ ձեզ, անհատներ բանակի մէջ ինչպէ՞ս կրնան նման կազմակերպութիւններու ձեռնարկել։
Նոյն յանցագործ կազմակերպութիւնը 2016-ին ալ Խորհրդարանի մէջ ինծի դէմ մահափորձ ծրագրեր է։ Այդ ծրագիրը իրենք հրապարակեցին։ Այս մասին Խորհրդարանի նախագահին դիմեցի։ Զանազան կառոյցներուն գրաւոր դիմում կատարեցի։ Երեք ամիս անց պետութեան հաստատութիւններէն ոչ մէկը շարժման անցած է։ Երկրի մէջ միայն մէկ հայ երեսփոխակ կայ եւ անոր դէմ ալ մահափորձ կը ծրագրուի։ Ես այս պահուն պարզ ու յստակ հարցում մը կ՚ուղղեմ ձեզ։ Այս պետութեան կառոյցները միայն ձեր, միայն իշխանութեան շրջանակներու անվտանգութեան պարագայի՞ն շարժման կ՚անցնին։ Եթէ խնդրոյ արարկան ընդդիմադիր պատգամաւոր մըն է, քիւրտ կամ հայ գործիչ մըն է սովորաբար կոյր, խուլ եւ հա՞մր կը դառնան»։
Սոյն տարուայ Օքոստոս ամսուն Նեճիպ Հապլեմիթօղլուի սպանութեան փախուստեալ մեղադրեալ Լեւնդ Կէօքթաշի հետ առնչուած նոր պնդում մը օրակարգի եկած էր։ Յանցագործ աշխարհի կարեւոր դէմքերէն Ալահատտին Չաքըճըի նախկին փաստաբան Մեհմետ Սինան Ինճէ սոցցանցերու վրայ գրառումով մը նշած էր որ Կարօ Փայլանի դէմ մահափորձ ծրագրուած էր, բայց վերջին պահուն այդ ծրագիրէն հրաժարեցան։
Փայլան այս լսումներու վրայ դատական մարմիններուն դիմում կատարած էր։