Հայաստանի Անվատանգութեան Ծառայութիւններու լուսաբանութեան բաժինը վերջերս յայտարարած է Հայաստանի քաղաքացիութեան համար կատարուած վիճակագրական դիմումներու ցուցակը։
1 Յունուար 2022-էն մինչեւ 27 Հեկտեմբեր 2022 Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար կատարուած է 19,630 դիմումներ, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, այսինքն 19,000 հայեր են։ Տուեալներու ուսումնասիրութիւնը կը պարզէ թէ Ռուսիա-Ուկրաինա պատերազմի սկսելէն անմիջապէս ետք դիմումներու մէջ մեծ ոստում արձանագրուած է։
Այս տարի Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար Ռուսաստանէն 14,661, Վրաստանէն 1715, Լիբանանէն 1045, Սուրիայէն 528, Իրանէն 456, ԱՄՆ-էն 220 եւ Ուկրաինայէն 225 անձեր դիմում կատարած են։
Հետաքրքական է այս վիճակագրութեան պարզած պատկերը, անցեալին աւելի հանգիստ պայմաններու տիրանալու համար Ռուսիա կամ Ուկրաինա գաղթած հայերը այժմ անվտանգութեան հոգերով կ՚ուզեն վերատիրանալ Հայաստանի քաղաքացիին արժանացած փառքերուն։
Յիշենք որ համավարակով կանգ առած ալ ըլլայ մօտ անցալին Թուրքիոյ քաղաքացի բազմաթիւ հայեր եւս դիմած էին նոյն ճանապարհին եւ ապահոված էին Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիի իրավիճակը։