28Նոյեմբեր երկուշաբթի օր Տիյապեքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախկին նախագահ Թահիր Էլչի մահուան Է. տարելիցի առթիւ յիշատակուեցաւ նոյն սպաննուած վայրի վրայ։ Այս առթիւ նախ հանրահաւաք մը կազմակերպուեցաւ Տիյարպեքիրի Արդարադատական շէնքի առջեւ եւ ապա երթ կազմակերպուեցաւ դէպի Չորս Ոտքով Մինարէ, որուն ներքեւ սպաննուած էր Թահիր Էլչի։ Այստեղ Էրչիի Այրին Թիւրքան Էլչի ընթերցեց ամուսնոյն ուղղեալ նամակը։
«Աշուն է կրկին, Նոյեմբեր դարձեալ։ Հարիւրաւոր ձեռքերով մեխակներ կը թողունք այս սեւ քարերուն վրայ։ Տարուէ տարի կը շատնան մեխակները։ -Զէնք, բախում, կռիւ չենք ուզեր- կանչող ձայնիդ դպչած սեւ քարերուն վրայ այս տարի ալ աւելի շատ են մեխակները։ Տիրող զուլումէն հաւքերը անգամ հեռացան այս երկնակամարէն։ Լռեցուցին -մարդկութիւն- աղաղակող մեր ճիչերը։ Քարին ինկանք, կոտորուեցաւ փողոցը, փուլ եկաւ թաղամասը։ Սպառեցան յոյսերը։ Երեխէքը խաւաքարտէ տուփերու մէջ յանձնեցին ծնողներուն։ Բայց կամքը հզօր է։ -Զէնք, կռիւ, բախում չենք ուզեր- ըսող ձայնդ դեռ կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ …»։
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնն ալ Թահիր Էլչիի սպաննութեան առթիւ յատուկ յայտարարութիւն մը ըրաւ։ «Թահիր Էլչիի սպանութիւնը մեկնակէտը եղաւ նաեւ խաւար ու քաոսային շրջանի մը։ Էլչին սպաննողները եւ այդ ոճրագործներուն թեւ-թիկունք կանգնող քաղաքական կամքը եւ դատական համակարգը այսօր ալ իբրեւ չարիքի համագործակցութիւն կը շարունակէ իր գոյութիւնը։ Յարգանքով կը յիշենք Թահիր Էլչին։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պայքարին։ Մենք այդ պայքարը նոյն հաւատարմութեամբ շարունակելու ուխտած ենք»։