ԱՊՏՈՒՐՐԱՀՄԱՆ ԿԷՕՔ*
Գիտեմ որ տասնեակներով լրագրողներ ձերբակալուած են։ Վճռակամ եմ։ Պիտի երթամ։ Գիտեմ որ երբ այս որոշումս յայտարարեմ շատեր պիտի փորձեն զիս այս որոշումէս հրաժարեցնելու։ Կը շտապեմ եւ կը որոշեմ հաւանական վտանգները դիմագրաւելու։ Արդէն ոտքս դրած եմ Պարսկաստան։
Ժինա Ամինի 13 Սեպտեմբեր 2022-ին Թեհրանի մեթրօ կայաններէն մէկուն մազերը պատշաճ կերպով ծածկած չըլլալու մեղադրանքով բերման ենթարկուեցաւ յատուկ ոստիկանական ջոկատի մը կողմէ։ Ականատեսներու վկայութեամբ, ան երբ առարկեց ոստիկաններու անարգանքներուն, ծեծի ենթարկուեցաւ այդ նոյն ոստիկաններու կողմէ, որոնք երիտասարդ կնոջ գլուխը անխնայ կերպով զարկին ինքնաշարժին։ Ժինա Ամինի այդ հարուածով ուշակորոյս գետին ինկաւ ոստիկանները ստիպուած զինք փոխադրեցին հիւանդանոց։ Երբ 16 Սեպտեմբերին Ժինա Ամինի հիւանդանոցի մէջ կը մահանար։ Բժշկական տեղեկագրի մէջ մահուան պատճառ ըլլալով կը յայտարարուէր թէ Ժինա Ամինի մահացած է ուղեղի արիւնահոսութեան հետեւանքով։
Դէպքը արդէն լցուած բաժակին յորդելուն պատճառ դարձաւ։ Յուղարկաւորութեան կայացած Սեքըզ քաղաքէն սկսող բողոքի ցոյցերը նախ տարածուեցաւ Ռոժհիլաթի այսինքն Պարսկական Քիւրտիստանի բոլոր քաղաքներուն եւ ապա ամբողջ Պարսկաստանի տարածքին։
Ահա երկու ամիսներ անցած են այս դէպքէն ետք։ Սակայն բողոքի ցոյցերը նոյն բռնութեամբ կը շարունակուին։ Այս միջոցին սպաննուած ցուցարարներու թիւը պաշտօնական աղբիւրներով գերազանցած է 400-ի, իսկ անստոյգ տուեալներ կը խօսին աւելի քան 600 մահուան դէպքերու մասին։ Ի դէմ այս բոլորին «Ժին, Ժիան, Ազատի» այսինքն «Կին, Կեանք, Ազատութիւն» վանկարկումը կը հնչէ ամենուրէք։
Ցոյցերու մեկնարկած 17 Սեպտեմբեր թուականէն այս կոյմ Իրանի մէջ ինթերնեթի հասանելիութիւնը լրջօրէն սահմանափակուած է։ Հասարակութիւնը եղելութիւններուն կը հետեւի յատուկենտ տեղեկութիւններով։
Լրագրողները եւս ենթարկուած են ծանր ճնշումներու։ Օտարերկրեայ լրագրողներ դիւրաւ կը պիտակաւորուին լրտեսութեամբ։ Երբ լրագրողներն ալ կը խրտչին այդ վտանգէն, զարգացումներուն տեղւոյն վրայ հետեւիլը ալ աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ։ Նաեւ նշեմ թէ տուեալ պայմաններու տակ սուտ ու սխալ տեղեկութիւններն ալ համատարած են։ Այս բոլորի հետեւանքով հասարակութիւնն ալ բաւականին զգոյշ են մանաւանդ դուրսէն եկած լրագրողի մը հետ խօսելու պահուն։
Նախապէս ալ այցելած եմ Իրան եւ այդ այցելութիւններէն ծանօթացած բարեկամներ ունիմ, որոնցմէ կ՚ուզեմ լսել անցուդարձները։ Ափսոս որ ինթերնեթի սահմանափակումը կը դժուարացնէ իմ ալ հաղորդակցութեան կարողութիւնները։ Նշեմ որ ինծի ծանօթ պարսիկ լրագրողներու մէկ մասը արդէն երկրէն հեռացած են եւ անոնք ալ ինձ նման եղելութիւններուն կը հետեւին նոյն սոցցանցերու միջոցաւ։ Անոնք արդէն զգուշացուցած էին որ այս օրերուն նոյնիսկ հասարակ զբօսաշրջիկի համար խիստ վտանգաւոր է Պարսկաստան այցելել։
Գաբըքէօյ կոչուած սահմանակէտի վրայ ստուգումները աւարտելէ ետք շուրջ հինգ վայրկեան քալելով կը հասնիմ Խոյ-Ռազի սահմանադուռը։ Սահմանի վրայ շրջօրեայ առեւտուրով զբաղողներու բազմութիւն մը կը տիրէ։ Այդ բազմութեան մէջ ձեւով մը կը յաջողիմ անցաթուղթս պարսիկ զինուորի մը փոխանցելու։ Ան կը ստուգէ սահմանի հանդիպակաց կողմէն խփուած կնիքը եւ երկաթիայ ճաղերով դուռը բանալով զիս կ՚առաջնորդէ դէպի անցագրի ստուգման կէտը։ Այստեղ դուրսի խճողումը գոյութիւն չունի հետեւաբար ստուգումները աւելի դիւրաւ կ՚աւարտին ու ես շուտով կ՚անցնիմ սահմանը։
Կարգաւ կ՚այցելեմ Իրանի նախ Խոյ եւ Ուրմիա ապա Մահապատ, Բիրանշար, Պոքան, Միանտուապ, Սեքըզ քաղաքները եւ վերջապէս մայրաքաղաք Թեհրանը։ Այս քաղաքներու մէջ կը տեսակցիմ բողոքի ցոյցերուն կազմակերպիչի դիրքով ներկայացած երիտասարդներու, ոստիկաններու կրակոցով վիրաւորուածներու, անխնայ ծեծի ենթարկուածներու հետ։ Կը տեսակցիմ նաեւ այս ցոյցերու ընթացքին որդեկորոյսդ դարձած ընտանիքներու հետ։ Ուսանողներ, բանուորներ, խանութպաններ, ակադեմականներ, վերջապէս հասարակութեան բոլոր խաւերը ներկայացնող մարդիկ են իմ զրուցակիցները։ Շատ բան սորվեցայ դէպի Իրան կատարած այս այցելութեան շնորհիւ։ Նախքան այս տպաւորութիւնները փոխանցելու կ՚ուզեմ իմ խօսած մարդոց պատմածները փոխանցել ընթերցողներուս։
1979 թուականին Իրան Ռըզա Փեհլեւիի թագաւորութեան համակարգը փլելով հաստատեց Այեթուոլլահ Հոմէյնիի գլխաւորած իսլամական հանրապետութիւն։ Այդ գործընթացին մէջ ազատամիտներ, ձախակողմեաններ եւ կրօնամոլներ միասնաբար պայքարած էին։ Սակայն յեղափոխութիւնը յաջողութիւն արձանագրելէ ետք Հոմէյնի շուտով չէզոքացուց իր նախկին դաշնակիցները։ Ոմանք ձերբակալուեցան, ոմանք աքսորուեցան եւ շատեր ալ մահապատժի դատապարտուեցան եւ կախաղան հանուեցան մայրաքաղաքի հրապարակներուն վրայ։ Յաջորդող տարիներուն պետական համակարգէ ներս ալ աւելի յստակացաւ կրօնաւորներու ճնշումը, որ ուղուած էր հասարակութիւնը չէզոքացնելու։
Թէեւ անցնող այս 43 տարիներու ընթացքին այս համակարգի դէմ դժգոհութիւն յայտնող որոշ ցոյցեր տեղի ունեցան, բայց անոնք բաւական հեռու էին գործող համակարգէ ներս փոփոխութիւններ հաստատելու համար։ Սակայն Ժինա Ամինիի սպանութենէն վերջ Ռոժհիլաթեն մեկնարկող եւ ալիք առ ալիք ամբողջ Իրանին ծաւալող «Ժին, Ժիան, Ազատի» աղաղակը, թէ Իրանի մէջ եւ թէ պարսկական սփիւռքի մօտ յոյսի ալիք մը ստեղծած է։ Մեր զրուցակիցները կ՚ընդգծեն թէ Պարսկաստանի բոլոր ժողովուրդները եւ բոլոր կրօնական դաւանանքները առաջին անգամ մէկտեղուած են նոյն նպատակին շուրջ՝ որն է իսլամ պետութեան փոխարէն նոր վարչակարգ մը ստեղծել։ Երբ կը հարցնեմ թէ նման բողոքի ցոյցեր նախապէս ալ եղած էին, այս անքամ ի՞նչ է ձեզ յուսադրողը։ Զրուցակիցներս կ՚սկսին պատմել 2009 եւ 2019 թուականի բողոքի ցոյցերը։ Այդ ժամանակ ալ բողոքի ցոյցերու հիմնական պահանջը ժողովրդավարութեան հաստատումն է, բայց այդ ցոյցերը սահմանուած մնացին քաղաքներու բնակինչներով միայն։ Աւելի վերջ բանուորները աշխատավարձքներու բարձրացման, գիւղացիները նոյնպէս իրենց աշխատանքի արժանի կերպով վարձատրման պահանջներով փողոց իջած էին։
2019-ին ալ բողոքներու կիզակէտը սղաճն է։ Աղքատ դասակարգն էր ցոյցերու մասնակիցները, որոնք շատ սուղ հատուցեցին։
Իսկ 17 Սեպտեմբերին մեկնարկող եւ երկու ամիսէ ի վեր շարունակուող ցոյցերուն կը մասնակցին երկրի քիւրտ, պարսիկ, ատրպէյճանցի, պելուճի եւ արաբ ժողովուրդները։ Միջին դասակարգը, աղքատները, ուսանողները միաբերան կը հնչեցնեն «Ժին, Ժիան, Ազատի» վանկարկումը։
Ուրիշ զրուցակից մը կ՚ըսէ հետեւեալը. «Ճիշդ է որ սղաճ կայ։ Ճիշդ է որ տնտեսական ճգնաժամի մը դատապարտուած ենք։ Ճիշդ է որ ազգային դրամը լրջօրէն արժեզրկուած է։ Բայց ասոնցմէ ոչ մէկուն համար, այլ բոլորովին բռնութիւններու դէմ բողոքի համար փողոց իջած ենք։ Ժինայի սպանութիւնով ամբողջ երկրի բնակչութեան արժանապատուութիւնն է որ վիրաւորուած է։ Մարդկային հասարակութիւնը բոլորիս կը պատկանի եւ այդ է որ բոլորս փողոցն ենք»։
Ի գին մահուան, վիրաւորուելու, ձերբակալման եւ տանջանքներու ենթարկման վտանգներուն, ժողովուրդը չի հեռանար հրապարակներէն եւ կը դիմադրէ բռնագրաւուած արժանապատուութեան վերատիրանալու համար։ «Նոր կեանք մը կը պահանջենք» ըսողներու մէջ վարչութեան ճնշումներուն ուղղակիօրէն ենթակայ չմնացած պատանիներ եւ 43 տարուայ բռնատիրութեան ճնշումը մինչեւ ծուծերը զգացած մարդիկ բոլորը նոյն համոզումով կ՚ըսեն թէ «Եթէ կինը գերավարուած է կեանքը պատուազուրկ է։ Պատուաւոր կեանքը միայն կանանց ազատութիւնով կը գոյանայ»։
Քրտաբնակ քաղաքներու եւ ընդհանրապէս Պարսկաստանի տարածքին մեր նկատած պահանջը հետեւեալ կերպով կրնանք բնութագրել՝ «Հասարակական վիշտերը, հասարակական պահանջներով կը լուծուին եւ այդ պահանջը կը խորհրդանշուի «Ժին, Ժիան, Ազատի» կարգախօսով, որ հետզհետէ ստացած է համաշխարհային բնոյթ»։
Իրանի մէջ քաղաքական եւ գաղափարախօսական հետապնդումը կեանքը մղձաւանջի մը վերածած է։ Մանաւանդ կանայք այս ճնշումները շատ աւելի ծանր կը տանին։ Այս երեւոյթը նկատելի է ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքին եւ դիմադրութիւնն ալ ամենուրէք է։ Բայց այս բոլորին փոխարէն Իրան բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը պարզէ եւ այդ տարբերութիւնը ցոլացնողն ալ որդեգրուած կարգախօսն է։ Առաջին անգամ է որ այսքան յստակ կը ցոլանայ կիներու ազատութեան պահանջը։ Քաղաքներու կեդրոնական թաղամասերէ ներս մանաւանդ դպղոցներու արձակման ժամերուն միջնակարգի եւ լիսէներու աշակերտութիւնը, դպրոցական պայուսակներ ուսերնուն կը դնդացնեն հրապարակները «Ժին, Ժիան, Ազատի» եւ «Մահ բռնակալին» վանկարկումներով։ Այս ցոյցերու արգելք ըլլալու համար դպրոցներու տնօրէններուն սպառնալիքները արդիւնք մը չեն ունենար։ Բայց վերջերս ոստիկանական բռնութեան ալ աւելի սաստկանալէն ետք ծնողներ սկսած են արձակման պահուն դպրոցներու առջեւ երթալ եւ իրենց զաւակներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար կանխամիջոցներ որոնել։ Արդարեւ մեզի փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն 18 տարեկանէն աւելի դեռատի սերունդն է որ այս ցոյցերը կը կազմակերպէ։ Այս ալ իր կարգին հասկնալի երեւոյթ մըն է, քանի որ նոր սերունդը պահանջատէր է նաեւ իր ապագային համար։
* Ապտուրրահման Կէօք (Աբօ) երկու շրջան որպէս սթաժոր ուսանող, մաս կազմած է «Ակօս»ի խմբագրութեան եւ այժմ կ՚աշխատակցի «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութեան։