Արուեստի ու մշակոյթի նուիրուած 20 տարի

Յայտնի գոր­ծա­տէր եւ մտա­ւորա­կան, այժմ քաղ­բանտար­կեալ Օս­ման Քա­ւալա­յի կա­րեւո­րագոյն նա­խաձեռ­նութիւննե­րէն է «Անա­տոլու Քիւլթիւր» ըն­կե­րու­թիւնը։ Այս տա­րի ըն­կե­րու­թիւնը զա­նազան մի­ջոցա­ռումնե­րով կը նշէ հիմ­նադրու­թեան 20 ամեակը։

20 ամեակը վե­րաքա­ղի մը առիթ ըն­ձե­ռած է, ուր կը յի­շուին այս ըն­կե­րու­թեան ան­ցեալի մէջ կա­տարած կա­րեւոր գոր­ծե­րը։ 30 Նո­յեմ­բեր հինգշաբ­թի երե­կոյ, Տե­փոյի մէջ կա­յացած ասու­լիսն ալ այդ մի­ջոցա­ռումնե­րու շար­քէն էր։ Անա­տոլու Քիւլթիւ­րի վաս­տա­կաւոր աշ­խա­տակից­նե­րէն Թա­մար Նալ­ճըի ժո­ղովա­վարու­թեամբ կա­յացող մի­ջոցառ­ման խո­րագիրն էր «Թուրքիոյ մէջ զա­նազա­նու­թիւնը եւ Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մագոր­ծակցու­թիւն»։ Այս խո­րագ­րին ներ­քեւ երաժշտա­գէտ Պուրճու Եըլ­տըզ, ճար­տա­րապետ Իս­մա­յիլ Եաւուզ Էօզ­քա­յա, գե­ղան­կա­րիչ Գրի­գոր Սա­հակօղ­լու եւ ակա­դեմա­կան Սա­լիմ Այ­քութ Էօզ­թիւրք իրենց մաս­նակցած աշ­խա­տու­թիւննե­րէն օրի­նակ­ներ թո­ւելով անդրա­դար­ձան Հա­յաս­տա­նի գոր­ծընկեր­նե­րու հետ հա­մատեղ կա­տարո­ւած բազ­մաբնոյթ աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։

Այսպէս Պուրճու Եըլ­տըզ յի­շեց Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր եւ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի Հա­յաս­տա­նեան եր­կու հա­մերգնե­րը եւ ընդգծեց ող­բա­ցեալ Սե­պուհ Սղբա­զան Չուլճեանի իրենց հան­դէպ ցու­ցա­բերած մտեր­մութիւ­նը։ Եըլ­տըզ նաեւ ծան­րա­ցաւ 1915-ի դա­րադար­ձին կա­տարո­ւած «Ին Մե­մորեըմ» եւ Կո­միտաս վար­դա­պետի յի­շատա­կին ձօ­նուած հա­մերգնե­րը։ Ճար­տա­րապետ Իս­մա­յիլ Եաւուզ Էօզ­քա­յա խօ­սեցաւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի պահ­պանման առու­մով Անիի աւե­րակ­նե­րու մօտ կա­տարո­ւած աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։ Գե­ղան­կա­րիչ Գրի­գոր Սա­հակօղ­լու, որ ան­ցեալին զա­նազան որ­մազդներ պատ­րաստած էր «Անա­տոլու Քիւլթիւր»ի մի­ջոցա­ռումնե­րուն հա­մար, պատ­մեց իր ալ մաս­նակցած «Թե­րի» նա­խագ­ծի մա­սին։ Իսկ տոքթ. Սե­լիմ Այ­քութ Էօզ­թիւրք որ առ­ցանց կը մասնակցէր Քո­փեն­հակնէն, խօ­սեցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ երի­տասարդ ման­սա­կից­նե­րու երկխօ­սու­թեան փոր­ձե­րուն մա­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ