23Նոյեմբերի առաւօտուայ կանուխ ժամերուն Տիւզճէի մէջ տեղի ունեցած 6 սաստկութեամբ երկրաշարժը վախ ու սարսափ պատճառեց։ Եփիկեդրոնը Տիւզճէ քաղաքի 10 Քմ խորութեամբ արձանագրուած երկրաշարժը զգալի եղաւ նաեւ Անգարա, Իսթանպուլ եւ տակաւին բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։
Օրուայ ընթացքին Առողջապահութեան Նախարարը հաղորդեց թէ բացի սրտի տագնապի հետեւանքով մահացող քաղաքացիէ մը, մահուան դէպքեր չեն արձանագրուած։ Հիւանդանոցներ դիմած աւելի քան 68 քաղաքացիներէն միայն մէկուն կեանքին վտանգ կը սպառնայ։ 33 վիրաւորեալներ արդէն նախնական բուժում ստանալով դուրս եկած են հիւանդանոցներէն։
Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան յայտարարութեան համաձայն 04.08-էն ետք մինչեւ առաւօտուայ ժամերուն արձանագրուած են 106 ցնցումներ, որոնց փոքրագոյնը 0,9 եւ ուժեղագոյնը 4,3 սաստկութեամբ ցնցումներ էին։
Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ թէ աղէտի գօտի ուղղարկուած են 400 վրաններ եւ անմիջական միջոցներ։
Առաւօտուայ ժամերուն Տիւզճէ քաղաքի կուսակալութիւնն ալ յայտարարած է թէ քաղաքի ու գաւառներու բոլոր դպրոցները մէկ օրուայ ժամկէտով փակուած են։
Երկրաշարժի մեծագոյն վնասը կայացաւ Արդարադատութեան շէնքի վրայ։