Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ալ ընդօրինակելով կամ խորհրդակցելով Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ, կը փորձէ կառչած մնալ այս եկեղեցւոյ վարչութեան։
17 Դեկտեմբերին կայանալիք ընտրութեան ընդառաջ Մուրատ Սիւմէյի դէմ մեղադրանքը փոխանցուեցաւ դատարան։ Մեղադրող կողմն է ընդդիմադիր ցանկի թեկնածուներէն Յակոբ Նշանեանի 83 ամեայ մայրը՝ Լուսի Նշանեան Չալեան։ Ան աղերսագրին մէջ յայտնած է թէ Սիւմէի շրջանակի անձանց կողմէ սպառնալիքի մատնուած է որդւոյն թեկնածութեան արգելք ըլլալուն պահանջով։
Մուրատ Սիւմէ մերժած է այս պնդումը։
Յակոբ Նշանեան ալ պարզած է թէ մայրը թաղի սրճարաններէն մէկուն նստած էր, երբ նոյն թաղի մարզակումբի նախագահը մօտեցած եւ իրեն թելադրած է, որ արգելք ըլլայ որդւոյն թեկնածութեան։ «Մենք քեզ կը ճանչնանք կը յարգենք, բայց գիտցիր որ եթէ այս ընթացքը շարունակուի դիմացդ զիս կը գտնես»։
Մուրատ Սիւմէ նշեց որ եթէ խնդիր մը ունի ինք անձամբ կը միջամտէ եւ ուրիշը միջնորդ չի կարգէր։