Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան դիմելով պահանջեց արգելք ըլլալ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ընտրութիւնները խափանելու փորձերուն։ Ինչպէս ծանօթ է Սուրբ Երրորդութեան թաղականութիւնը միջոց մը առաջ մամուլի միջոցաւ հրապարակած էր թէ ընտրութիւնները պիտի կայացնէ միայն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ եւ անհատական անուանացանկով մը։
Ան այսպէսով կը փորձէր արգելք հանդիսանալ այլընտրանքային ցանկերու յայտնութեան։ Ներկայ դրութեան մէջ ընտրողներ 8 կամ 9 տասնեակ անուններու մէջէն պիտի ճշդեն առաւելագոյնս վարչակազի անդամներու համարով անուններ եւ մնացեալը չեղեալ պիտի համարեն։ Օրուայ աւարտին ամենաշատ ձայներ ստացողներէն պիտի կազմուի նոր վարչութիւն մը։
Եթէ նկատի ունենանք միայն պատրաստ ցանկերը նախընտրելով կայացած ընտրութեան տեւողութիւնը, յստակ է թէ իւրաքանչիւր ընտրողի այդ բազմամարդ ցանկէն անուններ զտելը որքան երկար պիտի տեւէ։ Արդէն անկնկալուածն ալ այս է։ Բազմահազար մասնակիցներով ընտրութիւնը անելի մը վերածելու փորձ։
Նշենք որ միայն երկու անձերէ բաղկացող թաղականութիւնը մերժած էր մնացեալ բոլոր թաղականութիւններուն համագործակցութիւնով կազմուած Ընտրութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին մասնակցիլ։
Այդպէս ալ չէր յանձնած նաեւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղեցիներու անուանացանկը։
Պատրիարքարանը բոլոր այս թերութիւնները մատնանշելով պատկան իշխանութիւններէ պահանջած է միջամտութիւն։
Նման բնոյթի տարակարծութիւններ կը տիրեն հայ կաթողիկէ համայնքէ ներս, յատկապէս Փանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի խնամակալութեան առումով։ Այստեղ վարժարանի շրջանակները կը յայտնեն թէ դպրոցը իր վարչակազմով, ուսուցչակազմով, շրջանաւարտներով եւ յաճախող աշակերտներու ծնողներով պէտք է կատարէ դպրոցի վարչութեան ընտրութիւնը։ Այս մերձեցումին կ՚առարկեն Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի անդամները։
Այս խնդիրն ալ դրուած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան սեղանին վրայ, որմէ հասած է հետեւեալ պատասխանը. «Կամ ընտրութիւնը կը կատարէք կանոնագրի հրամայականներու համապատասխան կերպով, կամ ալ մեր կողմէ չեղարկուած ընտրութիւնը ամենաուշ մէկ ամսուայ ընթացքին կը կրկնուի դարձեալ մեր կողմէ նշանակուած Ընտրութեան կարգադիր յանձնախումբի մը ձեռամբ»։