Հրանդ Տինք Հիմնարկի, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի հետ համատեղ կազմակերպած արեւմտահայերէնի դասընթացքներուն կցուած է նաեւ նոր աշխատանոց մը։ Արեւմտահայերէնը սահուն խօսելու համար նախատեսուած աշխատանոցը շաբաթական հերթականութեամբ եւ մէկուկէս ժամի սահմանումով կը մեկնարկէ 28 Նոյեմբերին։ «Զուում»ի դրութեամբ առցանց կայանալիք աշխատանոցը կը նպատակադրէ մասնակիցներու բառամթերքը ճոխացնել, խօսելու եւ լսելու ունակութիւնը զարգացնել։
Այսպէս իւրաքանչիւր շաբաթ նախապէս ճշդուած նիւթերու շուրջ ամբողջովին հայերէնով ընթացող զրոյցներու համար մասնակիցներէն կը պահանջուի հայերէնի գոնէ հիմնական մակարդակով տիրապետել։
Աշխտանոցը պիտի գործէ երկուշաբթի օրերը 19.00-20.30 ժամերու միջեւ։