20Նոյեմբերին կայացաւ 10 թաղերու եկեղեցիներու եւ վարժարաններու վարչութիւնները ճշդող ընտրութիւնը։
10 հաստատութիւններէն միայն Պաքըրգիւղ, Եշիլգիւղ, Ենիգիւղ եւ Պէշիքթաշի մէջ մրցակցութեան գետին մը գոյացած էր։ Այդ մրցակցութենէն յաղթանակով դուրս եկան արդէն իսկ պաշտօնի վրայ գտնուող կազմերու նոր անուններով ամրացած ցանկերը։ Մնացեալ վեց հաստատութիւններու մէջ, քանի որ գոյութիւն չունէր մրցակից երկրորդ ցանկեր, այստեղ կատարուածը ընտրութենէ աւելի առաջադրուած ցանկի վաւերացումը եղաւ։
«Ակօս»ի թղթակիցներ Իշխան Էրտինչ եւ Միհրան Մանուկեան զրուցեցին ընտրուած ցանկերէն անուններով։
Այսպէս Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի վարչութենէն Մարի Եանճը յայտնեց թէ գոհունակութիւն կ՚ապրին աւելի քան ամիս մը տեւած աշխատանքի արդիւնքով։ «Մեր ուշադրութեան կիզակէտին պիտի ըլլայ Տատեան վարժարանի ուսման մակարդակի բարձրացումը։ Այդ աշխատանքին մէջ ուրախ պիտի ըլլանք մեր մրցակից խումբի անդամներուն հետ գործակցելէ» ըսաւ Մարի Եանճը։
Եշիւլգիւղի բազմամեայ ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու ալ յայտնեց թէ յետ այսու եռապատիկ թափով պիտի աշխատին իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնը արդարացնելու համար։
Պէշիքթաշի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութենէն Կարապետ Վարժապետօղլու յայտնեց թէ հիմա խոստումները իրականացնելու պահը սկսած է։
Նոյն բնոյթով արտայայտուեցաւ նաեւ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութենէն Կարպիս Գալայճեան։ Ան ալ յայտնեց թէ պիտի աշխատին նախընտրական շրջանի խոստումները իրականացնելու եւ յաջորդ ընտրութիւններուն ճակատաբաց կերպով պաշտօնը փոխանցելու համար։