22Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ սկսաւ ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արտակարգ նիստը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ պիտի քննարկեն կարեւոր հարցեր անդամ երկիրներու եւ, ընդհանուր առմամբ, ՀԱՊԿ-ի համար։
«Մեզ համար այս հանդիպումը կարեւոր է նաեւ, քանզի այն առաջինն է առկայ ձեւաչափով՝ այս տարուայ Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն յետոյ», ըսաւ ան։
Օրակարգին վրայ, ըստ Միրզոյեանի, կան շուրջ երկու տասնեակ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին արտաքին քաղաքականութեան համակարգման, ռազմաքաղաքական համագործակցութեան, նոր սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն Հարաւային Կովկասի մէջ։
Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 23 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարներու կոմիտէի հերթական համատեղ նիստը։
Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով աւելի կանուխ յայտնած էր, որ հանդիպման ընթացքին նախատեսուած է որդեգրել քանի մը կարեւոր քաղաքական յայտարարութիւններ, որոնց կարգին՝ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնները՝ միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկողութեան վերաբերեալ։