Մեր պաշտօնակից, Ժամանակ օրաթեծթի բազմամեայ սիւնակագիր Սագօ Արեան Պոլսեցիներու հետ զրուցելով պատրաստած է գեղեցիկ հատոր մը՝ «33 Ձայն Իսթանպուլէն»։
Ուրախութեամբ կ՚իմանանք թէ յառաջիկայ ուրբաթ երեկոյ 25 Նոյեմբեր, ժամը 21.00-ին, Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ պիտի կայանայ յատուկ շնորհանդէս մը։
Սագօ Արեան շնորհանդէսին մասնակցելու համար արդէն ժամանած է քաղաքս։ Տրուած բացատրութեան համաձայն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ.-ի հովանաւորութեամբ կայանալիք շնորհանդէսի հաղորդավարն է վաստակաւոր ուսուցչուհի Գարոլին Մամիկոնեան։
Հատորին մէջ իրենց զեկոյցներով տեղ գտած են մեներգչուհի Սիպիլ, Ժամանակ օրաթերթի սիւնակագիր Պիանքա Սարըասլան, «Ակօս» հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին հեղինակը պիտի մակագրէ իր գիրքերը։