Երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիա բնակող Հալիս Եըլտըրըմ ցանկութիւն ունեցաւ իր երբեմնի հայ արմատներուն վերադառնալու։ Ան քաղաքացիութեան դիմում կատարելէ ետք Գերմանիոյ իշխանութիւններուն դիմում կատարեց իր մեծ քեռիին անունը՝ Վարդանը ստանալու համար։ Հանդիպած թղթաբանութիւններէն ետք որոշեց դատ բանալ գերմանական իշխանութիւններու դէմ, առարկելով իրմէ պահանջուած 400 Եւրօ հարկին համար։ «Եթէ պահէի իմ թրքերէն անունս, կամ եթէ գերմաներէն անուն մը նախընտրէի նման պահանջ մը պիտի չունենային։ Նոյնպէս պիտի չպահանջէին իմ հայ ծագումը փաստելը։ Բարեբախտաբար այդ նիւթով օգնութեան հասաւ «Ակօս»ի մէջ իմ ստորագրութիւնով ելած «հարազատներս կը փնտռեմ» ծանուցումը։ Պատմեցի նաեւ ընտանիքիս պատմութիւնը, որ կը հասնի մինչեւ ցեղասպանութեան տարեթիւը։ Մեծ մեծ մայրս Պեսի այդ դաժան շրջանին վերապրած մը ըլլալով մնացած է իր ծննդավայրը՝ Երզնկայի Թերճան գաւառը։ Հինգ տարի անց իր աւագ եղբայրը Վարդան կորսուած քոյրը փնտռելու համար կ՚երթայ Երզնկա, ուր տակաւին Թերճան չհասած կը սպաննուի։ Ահա այդ մեծ մօրեղբօր քաջութենէ ոգեւորուելով որոշեցի իր անունով յիշուիլ։ Այդ եղելութիւնները տան մէջ միշտ քօղարկուելով խօսուեցաւ, որոնց մասին աւելի յստակ լսեցի հօրենական կողմէ մեծ մօրս բերնէն, որ արդէն հարսն էր Պեսի մեծ մօրս։ Մեծ մայրս ապրած էր, այն մտավախութեամբ թէ իր կեանքը կապուած է հայ ինքնութիւնը քօղարկելուն։
Գերմանիա հաստատուելով քաջութիւնը գտայ բուն ինքնութիւնս վերահաստատելու։ Ընտանիքի անդամներ ունիմ թէ ծննդավայրս եւ թէ Եւորպայի զանազան երկիրներու մէջ։ Կորիզային ընտանիքս կը քաջալերէ իմ այս կեցուածքը։
Պունտեստակ թէեւ պաշտօնապէս ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց նահանգային հանրապետութիւնները այնքան ալ չեն գիտակցիր Պունտեստակի որոշման էական նշանակութեան։ Այժմ իմ տարած իրաւական պայքարը այդ գիտակցութեան Պավյէրայի հանրապետութեան մէջ ալ ճանաչում գտնելուն ուղուած է»։