Նախորդ կիրակի երեկոյեան ժամերուն Պոլսոյ ամենաբազմամարդ փողոցներէն համարուած Իսթիքլալ Պողոտայի վրայ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որու հետեւանքով զոհուեցան 6 քաղաքացիներ։ Դէպքէն ետք կատարուած հետախուզական աշխատութիւններու շնորհիւ պարզուեցաւ արարքի հեղինակը, որ արաբ կին մըն էր։ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու իսկոյն հրապարակեց թէ արարքը կազմակերպուած էր Քոպանի քաղաքին մէջ եւ տուեալ կինը այդ նպատակով եկած էր Պոլիս։ Ներքին գործոց նախարարի այս շուտափոյթ յայտարարութիւնը ուներ բազմաթիւ կասկածելի կէտեր։ Նախ պարզուեցաւ թէ այս կինը մէկ տարիէ աւելի է որ բնակութիւն հաստատած է Պոլսոյ մէջ։ Թաղեցիներու վկայութեամբ ան ամուսնացած էր եւ կ՚աշխատէր իր բնակած թաղի մօտ քոնֆեքսիյոնի աշխատանոցի մը մէջ։ Մինչ կարգ մը հարեւաններ կը պնդէին թէ ոչ թէ ինք, այլ իր ամուսինն էր որ կ՚աշխատէր այդ աշխատանոցի մէջ։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յարձակումէն ետք յստակօրէն մեղադրեց Միացեալ Նահանգները եւ ազդարարեց ըսելով թէ Ամերիկայի Իսթանպուլի հիւպատոսը չըլլայ որ ցաւակցութիւն յայտնէ։ Ուշագրաւ է որ նոյն օր Նախագահ Էրտողան Պալիի մէջ կը հանդիպէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին եւ կ՚ընդունէր անոր ցաւակցական պատգամները։
Միւս կողմէ զանազան շրջանակներ կը յիշեցնեն 2015 թուականի 7 Յունիս եւ 1 Նոյեմբեր թուկաններու միջեւ արձանագրուած ահաբեկչական դէպքերը։ Այդ դէպքերը արդէն կը շարունակէին օրակարգ զբաղեցնել ընտրութիւններու ընդառաջ։
Յիշենք որ 2015 թուի 7 Յունիսին կայացող ընտրութիւններու հետեւանքով Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ կորսնցուցած էր ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս գալու կարողութիւնը։ Նախագահ Էրտողանի կուսակցութիւնը թէեւ դարձեալ ապահոված էր ձայներու մեծագոյն համեմատութիւնը, բայց կորսնցուցած էր առանձին կառավարութիւն կազմելու համապատասխան ուժը։ Էրտողան մերժեց նաեւ քուալիսյոն կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւնը եւ որոշեց նոյն տարուայ 1 Նոյեմբեր թուականին ընտրութիւնները կրկնել։
Ահաւասիկ այդ երկու ընտրութիւններու ընթացքին Թուրքիա առերեսուեցաւ իր պատմութեան ամենաթէժ ահաբեկչական յարձակումներուն հետ։ Անգարայի, Սուրուչի եւ Տիյարպեքիրի մէջ պայթող ռումբերը սարսափ պատճառեցին հասարակութեան մօտ եւ 1 Նոյեմբերին կրկնուած ընտրութիւններով Նախագահ Էրտողան վերատիրացաւ առանձին կառավարութիւն կազմելու առիթ ընդձեռող ձայներու։ Զանազան վերլուծաբաններ կը պնդէին թէ Էրտողան յառաջիկայ ընտրութիւններու նախօրէին կրնայ նոյն միջոցներէն յոյսեր ակնկալել։
Յայտնի է որ 13 Նոյեմբերի պայթումը տակաւին երկար արձագանգներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի մէջ։