Շաբաթ առաւօտ Ռատիօ Ակօսի հաղորդումի ընթացքին լսեցինք այժմ աշխատանքէ դադրած յունաց Յոաքիմեոն աղջկանց վարժարանի մէջ բացուած ցուցահանդէսի մասին։ Ցուցահանդէսի կազմակերպիչ լրագրող Մելիքէ Չափան պատասխանելով «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի հարցումներուն, կը պատմէր ցուցահանդէսի գաղափարի ծագումը եւ պատրաստութեան փուլերը։
Ցուցահանդէսը նիւթ կ՚ունենար մինչեւ 1964 ամբողջովին յոյնաբնակ Իմրոզ կղզիի անցեալի կենցաղը։
Մելիքէ Չափան կը պատմէր թէ երբեմնի կենցաղը ցոլացնող լուսանկարները ստացած են այժմ Աթենքի մէջ գործող Իմրոզցիներու հայրեանակցական միութեան արխիւէն։
Հանրապետական Թուրքիոյ որդեգրած ազգային փոքրամասնութիւններէ ձերբազատուելու ծրագրի կարեւոր հանգրուաններէն մէկ է Իմրոզ կղզիի յունաթափ ըլլալու երեւոյթը։ Այդ տխուր տարեթիւը յատկանշական դարձաւ Թուրքիոյ յոյն համայնքին համար, երբ օրուայ կառավարութիւնը չեղեալ համարեց Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի եւ Վենիզելոսի կնքած պայմանագիրը։
Կառավարութեան այդ որոշումով յունաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող յոյներէն պահանջուեցաւ 48 ժամուայ ընթացքին երկիրը լքել։ Արտօնուած էր միայն 20 ԱՄՆ տոլարեւ 20 քկ. քաշով ճամբրուկ մը ունենալ իրենց հետ։
Այդ գործողութեան հետեւանքով աւելի քան 90 հազարի հասնող յոյն բանկչութիւնը նօսրացաւ եւ առաջին քանի մը տարուայ ընթացքին նուազեցաւ մինչեւ 30 հազարի եւ այսօր ալ հազիւ 2000 յոյներ մնացած են Պոլսոյ մէջ։
Իմրոզ կղզիի յունաթափ ըլլալուն համար գործադրուեցաւ բոլորովին տարբեր բնոյթի միջոցներ։ Կղզիի մէջ հաստատուեցաւ բաց արգելանոց մը, ուր բանտարկեալները յատուկ թելադրուած էին կղզիի բնակիչները անհանգստացնելու առումով։ Քանի մը կողոպուտի կամ բռնաբարութեան երեւոյթները բաւական եղան, որպէսզի տեղացի ժողովուրդը լքէ իր բնօրրանը եւ հեռանայ օտար ափեր։
Նշենք որ Թուրքիոյ պետութեան նոյն բնոյթի արարքներով գաւառի հայութիւնն ալ բռնած էր գաղթի ճամբան եւ տեղափոխուած դէպի Պոլիս։
Ցուցահանդէսի մէջ բացի լուսանկարներէ տեղադրուած էր նաեւ առօրեայ կեանքը ցոլացնող իրեր, որոնց մէջ յատկապէս աչքառու է, այն օրօրոցը, որուն մէջ օրօրուած էր նաեւ Յունաց տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս սրբազանը։
Լրագրող Մելիքէ Չափան զուարթ անեքթոտներ կը փոխանցէ նաեւ ցուցահանդէսի բացման օր Բարթողոմէոս սրբազանի այցելութեան դրուագներով։ Ցուցահանդէսը իրեն համար ալ աւելի նշանակութիւն ունի, քանի որ Սրբազան պատիրաքի ծննդավայրն է։
Յատկանշական է նաեւ ցուցահանդէսի վայրը։ Երբեմնի վարժարանի դասարանները պահուած են իրենց գրատախտակներով եւ նստարաններով։ Այցելուներ այդ դասարանները շրջելով կը վայելեն նաեւ Ոսկեղջիւրի գեղեցիկ տեսարանը։ Դպրոցը կը գտնուի Ֆեներ թաղի բարձունքին կարմիր աղիւսներովը ծանօթ Յունաց Տղոց Վարժարանի հարեւանութեամբ։ Ցուցահանդէսը կարելի է այցելել մինչեւ 24 Նոյեմբեր, ժամը 10.00-16.00-ի միջեւ։