ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Կատարեալ հիասթափութիւն մը եղաւ Սելիմիյէ մզկիթը ներսէն ալ տեսնելու մասին մեր երազանքը։ Մզկիթը վերանորոգման ենթարկուած էր եւ մեզի կը մնար շատ փոքր, հազիւ սենեակի մը տարողութեանմբ մէկ մասը տեսնել միայն։ Ամէն պարագայի մեծ ճարտարապետ Սինանի գլուխ գործոց համարուած այս շինութիւնը իր արտաքինով ալ բաւականին տպաւորիչ էր։ Հայ ծագումով Սինանի ինքնութեան մասին բաւականին լուրջ ուսումնասիրութիւն կատարած էր մեր ժամանակներու անուանի գրողներէն լեզուագէտ Փարս Թուղլաճը։ Անոր հրապարակումները նոյնիսկ զայրոյթ պատճառած էին կարգ մը թուրք շրջանակներու, որոնք նոյնիսկ դատարան դիմած էին իրենց թուրք համարած Սինանի պատիւը փրկելու համար։ Բայց գիտական այդ ուսումնասիրութիւնները անհերքելի եւ անուրանալի փաստերով ներկայացուած էին եւ դատավարութեան աւարտին ոչ միայն Փարս Թուղլաճը անպարտ հռչակուեց, այլ Սինանի հայ ծագումը նաեւ հաստատուած եղաւ դատական վճիռով։ Մեր ուղեցոյցը իբրեւ Սինանի երկրպագու քաջ տեղեակ էր այս բոլորին եւ կը սիրէր նիւթը արծարծել։
Պարտինք նշել որ թուրք ցեղապաշտներն ալ անոր ցեղային ծագումը ստուգելու համար շիրիմը բացած եւ փորձած էին գանկը ուսումնասիրել։ Պաշտօնապէս չէ հրապարակուած այդ ուսումնասիրութեան արդիւնքը, բայց չարամտութեամբ, թէ անճարակութեան հետեւանքով կորսուած է այդ գանկը։ Անդին մնացած է մարդկային մեծ ամօթ մը միայն։
Ատրիանապոլսոյ մէջ գնչուներու բնակչութիւնը բաւականին զգալի է եւ այդ ալ դարձած է քաղաքի զբօսաշրջական յատկանիշներէն մէկը։ Երբ ընթրիքի համար կը շրջէինք քաղաքի պատմական շուկան այնտեղ մեզ դիմաւորողը գնչուներու երաժշտութիւնն էր։ Այդ ալ ցեղային յատկութիւն մըն է եւ համարեա բոլոր գնչուները ի ծնէ կ՚ունենան երաժշտական կարողութիւն։
Քաղաքի այդ պատմական հատուածը երբեմնի հայկական թաղամասն էր նաեւ։ Թաղ մը որ զարմանալիօրէն յաջողած է պահել իր անցեալի դիմագիծը։ Այս թաղի փողոցներուն մէջ հիացմունքով կը դիտենք անցեալէն ժառանգուած երկյարկանի բնակարանները, որոնք խնամուած են եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակեն ծառայել իրենց անցեալի առաքելութեան։
Երբ ուղուած ենք դէպի վերջերս նորոգուած հրէից տաճարը տեսնելու, ուղեցոյցը ամօթխածութեամբ ցոյց կու տայ նորակառոյց շինութիւն մը, յայտնելով թէ նախապէս այդտեղ կը գտնուէր նաեւ հայոց եկեղեցին։ Ցաւալի է մեր տեսած պատկերը, քանի որ այդ եկեղեցիէն հետք մը իսկ չէ մնացած եւ անոր տեղ կառուցուած է ճարտարապետական առումով ոչ մէկ արժէք ներկայացնող հասարակ շէնք մը միայն։ Միտքով իսկ չէր անցնեղ թէ երանի տայինք այն բազմաթիւ հայ եկեղեցիներու, որոնք նոյնիսկ սրբապղծուած ըլլան գոնէ կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը երբեմն ախոռ, երբեմն աղբանոց ըլլալով։ Փորձով գիտենք թէ օր կու գայ եւ անոնք թէեւ դարձեալ իրենց նպատակէն շատ տարբեր կերպով, բայց գոնէ անարգանքէ ձերբազատուած կը շարունակեն պահել իրենց գոյութիւնը։
Քաղաքի մէջ ուշադրութեան արժանացող յատկութիւններէն մէկն ալ պուլղար զբօսաշրջիկներն են։ Անոնք սովորական զբօսաշրջութենէն աւելի առեւտուրի համար եկած են այստեղ, քանի որ թրքական լիրայի վերջերս ապրած արժեզրկութեան հետեւանքով գիները խիստ մատչելի դարձած են իրենց համար։ Նման բնոյթի իւրաքանչիւր շրջագայութիւն իր մէջ կը պարունակէ նաեւ նորանոր գիտելիքներ։ Այդպիսին եղաւ նաեւ դէպի Ատրիանապոլիս մեր ճամբորդութիւնը եւ հիմա տարուած ենք մտածելու թէ արդեօք ուղիներու ժապաւէնը յաջորդ անգամ մեզ դէպի ո՞ւր կ՚առաջնորդէ եւ ի՞նչ տպաւորութիւններ կը կիսենք ընթերցողներուն հետ։