Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ Ընտրութեան յանձնախումբը 2 Նոյեմբեր թուականին «Սարըյէր» անուն թերթին տուած յայտարարութիւնով մը 17 Դեկտեմբեր 2022 թուականը ճշդեց, որպէս ընտրութեան թուական։
Վերջերս յաճախ ականատես կ՚ըլլանք 18 Յունիսին հրատարակուած համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ նոր կանոնագիրը շրջանցելու զանազան փորձերու։
Սուրբ Հռիփսիմեանցի Ընտրութեան յանձնախումբի փոխանակ համայնքային մամուլի, այս թաղական բնոյթով թերթին մէջ ծանուցում հրապարակելը իմաստալից երեւոյթ մըն է։ Ընտրութեան յանձնախումբը կը նշէ որ ընտրութեան սնտուկն ալ պիտի տեղադրուի միայն ու միայն Պիւյիւքտերէի եկեղեցին։
Այսպէսով կը յուսադրուի ընտրութիւնը անցկացնել բաւական նեղ շրջանակի մը մէջ, այժմու թաղականութեան հսկողութեան տակ։
Մօտ անցեալին նոյն բանը ընել փորձած էր Օրթագիւղի եկեղեցւոյ նախկին վարչութիւնը, որ ապա ժողովուրդի բողոքով ստիպուեցաւ ետ քայլ ընելու։ Այժմ նման ջանքեր կը գործադրուին նաեւ Պիւյիւքտերէի մէջ այս թաղն ալ խափանելու համար։
Այս պահուն նաեւ ուշադրութիւնները սեւեռած են երկրորդ տարածքաշրջանի ընտրութիւնները կազմակերպող յանձնախումբին վրայ։ Այդ յանձնախումբը ի զօրու է նման զեղծարարութիւններու դէմ պատշաճը տնօրինելու։ Եւ սակայն այս թոհուբոհին մէջ առհասարակ չի լսուիր այդ յանձնախումբի դիրքորոշումը։
Միւս կողմէ Երրորդութիւն եկեղեցիի թաղականութեան համար այլընտրանքային ցանկ պատրաստելու աշխատանքները աշխուժացած են։
Հայրենակցական միութիւնները կը փորձեն միասնական ցանկ մը պատրաստել, որպէս ժողովուրդի բոլոր խաւերը ընդգրկող տարբերակ մը։ Այդ շրջանակներու համաձայն իրենք կը մերժեն նախագահող ծանօթ անունի մը հաւաքած անունները եւ կը նախընտրեն միասնական որոշումով մը ներկայանալ հանրութեան։