Վաւերագրական ֆիլմերու արտադրիչ եւ պրպտող Քազըմ Կիւնտողանի գրիչէն լոյս տեսաւ խիստ շահեկան նոր հատոր մը։
Քազըմ Կիւնտողան անցեալին հրատարակած էր «Տէրսիմի կորսուած աղջիկները», «Քահանայի թոռները» անուն գիրքերը, ուր կը պատմուէր Տէրսիմի շրջանի 1938-ի ցեղասպանութեան ընթացին որբացած եւ թուրք ընտանիքներու յանձնուած երախաներու տարիներ ետք իրար հանդիպելու ոդիսականը։ Իսկ «Քահանայի թոռները» (Քեշիշին թորունլարը) ընտանիքի մը ցեղասպանութենէ ետք ցիրուցան եղած բեկորներու աքսորավայրէն վերադառնալով իրենց հայ ինքնութիւնը վերագտնելու պատմութիւնն էր։
«Ալեւիաց(ու)ած հայեր» գիրքի համար Քազըմ Կիւնտողան տեսակցած է աւելի քան 90 անձերու հետ, որոնցմէ 84-ի պատումները տեղ գտած են այս ուշագրաւ գրքին մէջ։ Անոնցմէ 72-ը ալեւիացուած հայեր են, իսկ 12-ը ուղղակի ալեւիներ, որոնք կը պատմեն իրենց ականատես եղած կօրնափոխութեան երեւոյթները։ Անցեալին Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի երբեմնի նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու եւ Արամ արք. Աթէշեան իրենց ելոյթներով նշած էին թէ Տէրսիմի ալեւիները հայկական ծագում ունին, որոնք աւելի ուշ իւրացուցած են ալեւի կրօնքը։ Այս ելոյթները այդ ժամանակ որոշ հակազդեցութեան ալ տեղի տուած էին։
Կասկած չկայ որ Քազըմ Կիւնտողանի «Այրընթը» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած այս վերջին գիրքն ալ թերուդէմ նոր կարծիքներու յայտնութեան թատերաբեմը պիտի դառնայ։